Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Մէկ Բռունցք Ենք Արցախի Կողքին

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

sarkis_40816

Ապրիլի առաջին օրերուն Արցախի դէմ ազերիական կանխամտածուած յարձակողականին միասնաբար հակազդելու հայութեան կամքը ելեկտրական հոսանքի պէս տարածուեցաւ դէպի Հայաստան եւ հայկական մօտակայ ու հեռաւոր օճախներ` բոլորս վերածելով մէկ բռունցքի, որ պատրաստ է կարելի բոլոր միջոցներով հակահարուած տալու ոճրածին նախայարձակին եւ կանգնելու Արցախի կողքին:

Բռունցքին կազմութեան հրաւէրը ծնաւ հայ զինուորին նահատակութենէն: Ոեւէ մէկէն առաջ մենք` հայերս ականատես եղանք արթուն ինքնապաշտպանութեան ու գերագոյնը զոհաբերելու մեր երիտասարդութեան նոր սխրանքներուն, որոնք նուիրագործուեցան նահատակութեամբ: Լրատու աղբիւրներ շուտով հրապարակեցին զոհուած զինուորներուն անունները: Ու մենք տեսանք, որ անոնցմէ շատեր մատղաշ երիտասարդներ են, ծնած են արցախեան շարժումի առաջին օրերուն կամ նոյնինքն պատերազմական այդ տարիներուն: Կարելի չէ արագ անցնիլ այս սրտառուչ իրողութեան վրայէն, որովհետեւ մեր աչքերով կը տեսնենք, որ ուշ 80-ականներուն եւ 90-ականներուն Արցախի ու հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակները` Պետոները, Վարդանները, Մերուժանները, Շահէնները եւ անոնց ժամանակակից հոյլը վերընձիւղուած այսօրուան բանակին մէջ: Զարմանալի չէ, որովհետեւ արցախեան պայքարի առաջին ճակատումներուն ինկած մեր նահատակները վերընձիւղումն էին Արաբոներու, Գէորգ Չաւուշներու, Նիկոլ Դումաններու, Աղբիւր Սերոբներու եւ ֆետայիներու ամբողջ փաղանգին, որուն բացած ուղին մեզ հասցուց Սարդարապատ, կտրեց տասնամեակներ ու յանգեցաւ Հայաստանի վերանկախացման ու պահանջատիրութեան երթի աշխուժացման: Եւ ինչո՞ւ զարմանալ, երբ Հայաստանէն ու սփիւռքեան օճախներէ հայ երիտասարդներ պատրաստ են Արցախ փութալու եւ կանգնելու հայրենիքի պաշտպանութեան խրամատներուն մէջ…

Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, մեր յարանուանական, քաղաքական ու լրատուական ձայները միասնութեամբ ընդառաջեցին Արցախի կողքին կանգնելու մարտահրաւէրին` հպարտութեամբ լեցնելով իւրաքանչիւր հայու սիրտն ու հոգին: Մեզ ելեկտրականացնող հոսանքը օր ըստ օրէ հզօրացող բռունցքի կը վերածէ մեզ, ու մենք, սահմանապահ զինուորին սխրանքներուն զուգահեռ, լծուած ենք քաղաքական ու տեղեկատուական լայնածիր արշաւներու` ցոյց տալու համար աշխարհին, որ Ազրպէյճան, ներշնչուելով նոյնքան ոճրածին Թուրքիոյ ընթացքէն, անգամ մը եւս խաղի ելած է քաղաքակիրթ աշխարհին հետ, կը փորձէ խաբեպատիր հնարքներով զոհը ներկայացնել իբրեւ նախայարձակ: Մեր պիրկ բռունցքը դիմակազերծ պիտի ընէ Պաքուի վարիչները` ցոյց տալով, որ ան միշտ ալ մնացած է նոյն ահաբեկիչ պետութիւնը, զօրավիգ է ու լծակից` Միջին Արեւելքը ահաբեկող ոճրագործ հորդաներուն: Եւ ինչպէս որ արցախեան պայքարի առաջին փուլը պսակեցինք յաղթանակով ու Ազրպէյճանի լուծէն Արցախի անջատումով, այս հանգրուանին եւս արդարութիւնը պիտի շահինք մեր կողքին` վստահելով մեր բռունցքին:

Միացեալ բռունցք արտայայտութիւնը սոսկ պատկերաւոր խօսք չէ. մենք յաճախ զայն կը գործածենք իբրեւ խորհրդանշական բանաձեւ. կ՛արժէ այս հանգրուանին անդրադառնալ անոր խորքին եւ յիշել, որ ձեռքի մը իւրաքանչիւր մատը առանձինն չի կրնար տալ այն ազդու հարուածը, որ կը հասցնէ բոլոր մատները իրարու միաձուլող բռունցքը: Ահա այսպիսի բռունցքի մը ձեւաւորման մասնակից ենք այսօր` Հայաստանէն մինչեւ արտերկիր, պետական, դիւանագիտական, կազմակերպչական, տեղեկատուական ու ժողովրդային բոլոր մակարդակներուն վրայ: Մեր բռունցքը ուղղուած է Ազրպէյճանի եւ անոր թուրք գործակիցին դէմ, կը խոյանայ մեր սահմանները պաշտպանող զինուորին, Արցախի կողքին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>