Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Պէտք Է Հաւատալ Անկախ Լրագրողներուն Խօսքին Եւ Ոչ Թէ Յարձակող Երկրին» Յայտնեց Ժոել Քոզէյլի

$
0
0

joelle_talish_40816

joelle1_40816Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերջին իրադարձութիւններուն մասին լրատուութիւն պատրաստելու նպատակով Ստեփանակերտ գտնուող լիբանանցի լրագրող Ժոել Քոզէյլի երէկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Արցախի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ` ընդգծելով, որ պէտք է հաւատալ Արցախի մէջ աշխատող ոչ տեղացի անկախ լրագրողներու խօսքին եւ ոչ թէ երկրի մը, որ կը փորձէ այլ երկրի մը վրայ յարձակիլ` զայն գրաւելու նպատակով:

«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Քոզէյլի, որ 6 ապրիլին ուղղուած էր սահմանամերձ Թալիշ գիւղ եւ անձամբ տեսած ազրպէյճանական վայրագութիւնները, յայտնած է. «Շատ տխուր է տեսնել քանդումը եւ ազրպէյճանցիներուն գործած բռնարարքները: Տխուր է տեսնել, որ մարդիկ ստիպուած են լքել իրենց բնակարանները, բայց միաժամանակ կը տեսնենք նաեւ, որ զինուորները իսկապէս պատրաստ են պայքարելու իրենց հողին համար եւ պաշտպանել զայն»:

Քոզէյլի նշեց, որ ինք առնչուած է նաեւ ազրպէյճանական ժխտողականութեան հետ: Նախքան սահմանամերձ Թալիշ գիւղ հասնիլը, ան կարդացած էր, որ Ազրպէյճան ժխտած է, թէ Արցախի դէմ «Սմերչ» տիպի հրթիռներ օգտագործած է, իսկ ժամեր ետք ան Թալիշի մէջ անձամբ վկայած է հակառակը, եւ այդ մասին պատրաստած է համապատասխան լրահաղորդում:

«6 ապրիլի լրահաղորդումս «Սմերչ» տիպի հրթիռներու օգտագործումին մասին էր: Մենք ե՛ւ հրթիռը տեսանք, ե՛ւ անոր պատճառած աւերը: Այդ իրականութիւնը միայն ես չեմ տեսած, այլ անոր վկայած են նաեւ ոչ տեղացի միւս լրագրողները: Բնականաբար մարդիկ պէտք է հաւատան անկախ լրագրողներու խօսքին եւ ոչ թէ երկրի մը, որ կը փորձէ այլ երկիր մը գրաւել», հաստատեց ան:

Նշենք, որ Ժոել Քոզէյլի երեքշաբթի, 5 ապրիլէն ի վեր կը գտնուի Արցախի մէջ եւ ան ամէնօրեայ դրութեամբ լրահաղորդումներ կը պատրաստէ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական նորագոյն իրադարձութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին:

Պէտք է աւելցնել, որ 2012-ին Քոզէյլի պատրաստած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մասին վաւերագրական յատուկ ժապաւէն մը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>