Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի «Երազ» Թատերախումբի «Կատակը Ցոյց Կու Տայ Հոգիին Յատակը» Կատակերգութիւնը

$
0
0

IMG-20160323-WA0011

«Թատրոնի Մէջ Կան Անփոխարինելի Արժէքներ,
Որոնք Կարելի Է Կիրարկել Նաեւ Կեանքի Մէջ»

«Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան

Ուրբաթ,  1 ապրիլ 2016-ին, կատակի միջազգային օրը բեմ կը բարձրանայ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի 17-ամեայ թատերախումբը` ներկայացնելով «Կատակը ցոյց կու տայ հոգիին յատակը» կատակերգութիւնը` հեղինակութեամբ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:

Անցնող տարիներուն «Երազ»-ը բազմաթիւ ներկայացումներով հանդէս եկած է Պէյրութի, Այնճարի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Հայաստանի բեմերուն վրայ` արժանանալով հանրայայտ մտաւորականներու, հոգեւոր եւ քաղաքական գործիչներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու ջերմ գնահատանքին:

«Երազ»-ի ելոյթներուն պարբերաբար արձագանգած են հայրենի, օտար եւ լիբանանահայ մամուլը, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայանները:

Թատերախումբին ներկայացումները արժանացած են գովասանագիրներու եւ մրցանակներու:

«Երազ»-ը հայապահպանման սրբազան գաղափարի կրողներէն է. թատերախումբ, որ կ՛առաջնորդուի արհեստավարժութեան ձգտման սկզբունքով:

«Երազ»-ի հիմնադիր, բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեանին հետ մեր հարցազրոյցը կը լուսաբանէ թատերախումբին եւ նոր ներկայացման աշխատանքները:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ նախապայմաններ են պէտք, որպէսզի վարժարան մը ունենայ մնայուն թատերախումբ` արձանագրելով լուրջ յաջողութիւններ:

Ռ. Ա.- Թատրոնը արուեստի բարդագոյն տեսակն է, հիմնարկ, որուն բազմաթիւ անդամները կը ձգտին նոյն նպատակի իրագործման:

Բաւական է ունենալ հմուտ, գեղագիտական եւ կազմակերպչական բարձր տուեալներով օժտուած, բծախնդիր տնօրէն, որ կը հաւատայ, թէ թատրոնը այն դպրոցն է, որուն ներգործօն ազդեցութեանը մանկավարժական ոչ մէկ եղանակ կրնայ փոխարինել, ունենալ նոյն առաքելութեան ջատագով, անձնազոհ ուսուցչակազմ, ի վերջոյ` բեմադրիչ, եւ վարժարան մը կ՛ունենայ մնայուն թատերախումբ:

«Ա.».- Իսկ դերակատարնե՞րը:

Ռ. Ա.- 17 տարիներու ընթացքին «Երազ»-ի կամարին տակէն անցած բազմաթիւ դերակատարները շարունակ փոխարինած են նորերը եւ միշտ ամէն ինչ սկսած ենք սկիզբէն:

Մեր գլխաւոր խնդիրը աշակերտին մշակութային կերտուածք հաղորդելն է, ծանօթացնելը բեմի անսահման գաղտնիքներուն, անոր միտքն ու երեւակայութիւնը զարգացնելը:

Մենք միշտ այլազան թեմաներ կ՛ընտրենք, միասնաբար կը ճշդենք թատրերգութեան տեսակը, իւրաքանչիւր կերպարի գերխնդիրը, որ կ՛անցնի միջանցիկ գործողութեան, հակամիջանցիկ գործողութեան (բախումի), ապա` լուծումի փուլերէն:

«Ա.».- Իսկ ի՞նչ փուլերով կ՛ընթանայ «Երազ»-ի բեմադրութիւնը:

Ռ. Ա.- Նիւթի ընտրութենէն ետք կ՛անցնինք դերաբաշխման աշխատանքներուն, որ զգայուն պահ մըն է թէ՛ արհեստավարժ թատրոնին մէջ, թէ՛ մեր պարագային: Յաճախ բոլորը կը կասկածին կատարուած դերաբաշխման վրայ, սակայն շուտով կը նկատեն, թէ ինչպէ՛ս աստիճանաբար կը բացայայտուին դերակատարներուն կարողութիւնները: Դերաբաշխման կը յաջորդէ աշխատանքը սեղանին շուրջ, ուր կը ճշդուին կերպարներուն փոխյարաբերութիւնները, կը յղկուին դերակատարներուն բեմական խօսքը, առոգանութիւնը, յուզական եւ տրամաբանական ելեւէջները, կատարման կշռոյթը…

Այս աշխատանքներու աւարտին կ՛անցնինք բեմ, ուր ճշդուած թատրերգութիւնը դերասանական խաղի, հնչիւնային ձեւաւորման, տարազներու, բեմայարդարման, բեմական իրերու եւ լուսաւորման հետ մէկտեղ, գրական արժէքէն կը վերածուի տեսանելի արժէքի:

Վերջին հանգրուանին մեզի կը միանայ երկար սպասուած հանդիսատեսը, որուն հետ վերջապէս կը կայանայ մեր «երկխօսութիւնը»:

«Ա.».- Ի՞նչ է «Կատակը ցոյց կու տայ հոգիին յատակը» ներկայացման դիպաշարը:

Ռ. Ա.- Առաջին տեսարանին մէջ դպրոցականներ են` իրենց տարօրինակ դասապահով: Երբ անոնք իրենց սրամիտ պատասխաններով կը գոհացնեն ուսուցչուհին, կը վաստկին բացակայ դասընկերոջ տարեդարձին երթալու թոյլտուութիւնը: Երկրորդ տեսարանը կը ներկայացնէ յոբելեարին ընտանիքը, ուր հիմնական դերակատարները ուսուցիչներ են, դարձեալ տարօրինակ կերպարներով` տիկին Փոմփոմը, պարոն Փիփեասը, իրենց զաւակը` Գոնչոն, սրի լանքացի ծառան, հիւրը` տիկին Քնարը, պարուսոյց մոսէօ Ժերարը եւ երիտասարդ զոյգը:  Այստեղ առկայ են Հայաստանէն հողաշերտ գնելու գաղափարի քարկոծումը, ցուցամոլութիւնը, հայրենիքէն ոչ պահանջկոտ հարսնցու «ներմուծելու» ծրագիրը, պարի անձնական դասեր առնելով` ազնուական երեւնալու մոլուցքը, շառլաթանութիւնն ու բամբասանքը: Երրորդ տեսարանին մէջ շփացած հարսնցուն է` իր մօր հետ: Միջավայր, ուր բոլոր կերպարները հաւաքուելով` մինչ կը բացայայտեն իրենց ծաղրանկարը, կը պարզուի, որ հայրենիքի «անարժէք» հողաշերտէն քարիւղի պաշարներ ժայթքած են… Ներկայացման աւարտին կը պարզուի, թէ այդ բոլորը կատակ էին, սակայն` «Կատակը ցոյց կու տայ հոգիին յատակը»:

«Ա.».- Ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէ փորձերուն ընթացքին, երբ ի տարբերութիւն «Երազ»-ի նախորդ ներկայացումներու, բեմին վրայ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ են:

Ռ. Ա.- Բոլորը կը ջանան առաւելագոյնս կարգապահ ըլլալ, յարգել ժամադրութիւնը, հետեւիլ բեմադրիչի ցուցմունքներուն: Փորձերու ընթացքին յաճախ յանպատրաստից իրավիճակներ կը ստեղծուին, որոնք կը հաստատուին ներկայացման մէջ:

Կը փորձենք դերասաններու երեւակայութեան հորիզոնը ընդլայնել այնքան, որ կարողանան պատկերացնել իրենց ստեղծած կերպարներու կեանքը նաեւ բեմէն դուրս: Ստեղծուած դժուարութիւնները կը փորձենք ոչ թէ շրջանցել, այլ` յաղթահարել:

Կը շեշտենք, որ կեանքը եւ բեմը, թէեւ տարբեր հարթութիւններ են, սակայն սերտօրէն փոխկապակցուած են իրարու:

Իրենց համար կը բացայայտուի, որ թատրոնի մէջ կան անփոխարինելի արժէքներ, որոնք կարելի է կիրարկել նաեւ կեանքի մէջ:

Ուսուցիչ, թէ աշակերտ, բեմին վրայ բոլորը հաւասար կարգավիճակ ունին: Ամէն մէկը կը հետեւի իր կերպարին: Ներկայացումը իր տեսակով սուր կատակերգութիւն է, ուր զարգացող իրադարձութիւնները կեանքին մէջ կատարուող երեւոյթներու զուգահեռ են, կամ արձագանգը, սակայն` ոչ պատճէնը:

«Ա.».- Այսինքն համաձայն չէ՞ք «Արուեստը կեանքի հայելին է» ասոյթին:

Ռ. Ա.- Արուեստի խնդիրը իրականութեան երեւոյթներու պատճէնահանումը չէ: Գեղարուեստական ճշմարտութիւնը կարելի չէ շփոթել կեանքի արտացոլացման տառացի ճշգրտութեան հետ: Արուեստի խնդիրն է բացայայտել ու ընդհանրացնել էականը` դիմելով պայմանական չափազանցումներու, այլաբանական, նոյնիսկ անիրական պատկերներու:

«Ա.».- Արհեստավարժ բեմադրիչին համար դժուար չէ՞ աշխատիլ աշակերտներու կամ առաջին անգամ բեմ բարձրացող դերասանի հետ:

Ռ. Ա.- Արհեստավարժ դերասանը միշտ իր նոր դերին կը մօտենայ երկիւղածութեամբ, իսկ սիրողական մակարդակի պարագային, յաճախ կ՛արձանագրուին անհաւանական նուաճումներ: Մինչդեռ, եթէ ծանօթ ըլլային թատերական արուեստի անսահման խորխորատներուն, դժուար թէ համարձակէին հոն նետուիլ: Այդ անտեղեակութիւնը յաճախ կ՛օգնէ իրենց` հասնելու յաջողութեան:

Սկսնակ դերասանը հանրութեան առջեւ բեմ հանելու հիմնական նախապատրաստութիւնը փորձերն են, կերպարի վրայ աշխատիլը, ապա զայն աւելորդ պրկումէ ազատագրելու, զգացմունքներուն տիրապետել տալու, արձանագրուած յաջողութենէն «գլխապտոյտ» չունենալու, քննադատութիւններէն չյուսահատելու յարատեւ վարժութիւններն ու խորհուրդները: Անթերի ստեղծագործութիւններ չկան, հետեւաբար միշտ կրնան ըլլալ թէ՛ անաչառ, թէ՛ նախապաշարուած կարծիքներ, թէ՛ ալ հաւկիթի մէջ մազ փնտռող մոլագարներ: Այլազան կարծիքներու խլացուցիչ աղմուկի մէջ միշտ պէտք է կարողանաս պահպանել ներքին ձայնդ:

«Ա.».- Կ՛ըսեն, թէ թատրոնը այսօր հոգեվարքի մէջ է…

Ռ. Ա.- Ոչ թէ թատրոնը, այլ ընդհանրապէս լուրջ արուեստի հանդէպ մարդկային վերաբերմունքը յայտնուած է հոգեվարքի մէջ. համաշխարհային աղէտ մը` կապուած թեքնոլոճիի եւ այլազան խնդիրներու հետ, որ ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ:

Ո՛չ հանդիսատեսը կրնայ ապրիլ առանց թատրոնի, ո՛չ ալ թատրոնը` առանց հանդիսատեսի: Թատրոնը այսօր իր բարձրակէտին վրայ է` միշտ նոր ու միշտ երիտասարդ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>