Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Սերժիկը

$
0
0

serjig_32616Մարտ 26-ի առաւօտուն Սերժիկ ընկերոջ մը հետ սուրճ խմելու կ՛երթայ ծանօթ ազգայինի մը ատաղձագործարանը: Կը տեսնէ երկար ձեւով ձեռնառումբ մը, կը հետաքրքրուի, ձեռքը կ՛առնէ, լաւ մը կը քննէ, ապա կը ժպտի: Ժպտիլը նշան էր, որ հաւնած էր ապրանքը: Գործատէրը տեսնելով Սերժիկին հետաքրքրութիւնը եւ հիացումը` կ՛առաջարկէ, որ հետը վերցնէ:

– Ա՛ռ, տա՛ր, ինձմէ նուէր թող ըլլայ քեզի:

Սերժիկ, ձեռնառումբը առած` ուրախ զուարթ ընկերոջ հետ կը վերադառնայ Աղբալեան ակումբ:

28 մարտ 1976-ին, Սերժիկ, բուն անունով` Սերժ Թովմասեան, կէսօրուան ճաշի հրաւիրուած էր աներձագին` Գաբոյին տունը: Սերժիկ նոր ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած էր, իսկ կինը` Տիգրանուհի, արդէն յղի էր եւ Սերժիկ կը սպասէր իր առջինեկին:

Ճաշի հրաւիրուած էին նաեւ Գաբոյի կնկան` Ռիթայի քոյրը` Արտեմիս եւ անոր երեք զաւակները: Սերժ ուշ հասաւ ճաշի, երբ իրեն կը սպասէին. համեստաբար ներողութիւն խնդրեց ուշացումին համար: Ներկաները գիտէին արդէն, թէ որքա՛ն զբաղած մարդ էր ան:

Ճաշի նստան եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ ճաշեցին, կատակեցին, ասկէ-անկէ խօսքեր դարձան եւ եկան բնականաբար լիբանանեան պատերազմի հարցին:

Ժամադրութիւն պատրուակելով` Սերժ ոտքի ելաւ, ներողութիւն խնդրեց եւ շտապ մեկնեցաւ

– Ակումբ պիտի երթամ, պզտիկ գործ մը ունիմ,- ըսաւ:

Մեկնեցաւ: Տակաւին տնեցիները նստած էին ու կը շաղակրատէին, կը խնդային եւ միւս կողմէ ալ Ճորճ Թիւթիւնճեանի յեղափոխական երգերու ձայներիզը կ՛ունկնդրէին:

Շատ չանցած, յանկարծ Անթիլիասի մէջ լսուեցաւ պայթում մը, շատ զարմացուց բնակչութիւնը: Պատճառ մը չկար, որ ռումբ մը իյնար շրջանին մէջ:

Քիչ յետոյ Աղբալեան ակումբէն երկու պատանիներ եկան, Գաբրիէլի դուռը զարկին եւ ըսին, որ ակումբէն զինք կ՛ուզեն: Առանց գիտնալու պատճառը` Գաբրիէլ շտապեց ակումբ երթալ` հետաքրքրութենէ մղուած իմանալու` թէ ինչո՞ւ կանչուած էր:

Երբ հասաւ ակումբ, եղբայրը` Տիգրան, հոն էր: Անմիջապէս զգաց, որ վատ բաներ պատահած էին: Ակումբը տակն ու վրայ, կիսաքանդ, տղաքը` փոշոտ վրայ-գլուխով, աննկարագրելի տեսարան: Միայն Տիգրանին երեսը նայելով` Գաբօ գուշակեց ողբերգութիւնը, բայց ուզեց աչքերովը տեսնել Սերժիկը:

– Մի՛ երթար նայելու,- ըսաւ Տիգրան, արդէն վերջացած է:

Գաբրիէլ շշմեցաւ…

– Դեռ քիչ առաջ միասին կերանք, խմեցինք, խնդացինք, այս ի՜նչ փորձանք եկաւ գլուխնիս: Հապա՞ քոյրս Տիգրանուհին, որ յղի է, ինչպէ՞ս անոր իմացնել պատահած դառնաղէտ մահը: Ան ալ քիչ առաջ ուրախ էր, ամուսնոյն կատակներուն կը խնդար: Կարելի՞ է, որ  մէկ վայրկեանէն միւսը զաւեշտը ողբերգութեան վերածուի:

Տուն հասաւ գլխիկոր. դուռը բացաւ, երեսը կախ, ի՞նչ պիտի ըսէր, ինչպէ՞ս ըսել տնեցիներուն պատահած անսպասելի ողբերգութեան մասին: Վստահաբար պիտի չհաւատային, չհաւատալնուն համար` հարցումներու տարափ մը պիտի դիմաւորէր: Ինչպէ՞ս եւ ո՞ր բառերով քրոջը պիտի գուժէր ամուսնոյն նահատակուիլը:

Երբ նստասենեակ մտաւ, դէմքին վրայ կարդացին ահռելի աղէտին ազդեցութիւնը: Պարզ հարցում մը` «ի՞նչ է», հարցուցին առաջին եւ վերջին անգամ ըլլալով:

– Սերժիկը,- ըսաւ Գաբօ ու լռեց:

Չէր կրնար աւելի խօսիլ: Իրեն նման` բոլորը լռեցին, հասկնալով սոսկալի լուրը: Իրենք ալ ահաբեկուածի նման լռեցին, բացի` Տիգգոյէն:

– Ի՞նչ կ՛ըսես, Գաբօ՛,- կրցաւ ըսել խեղճ կինը եւ ողբերգութեան ամբողջ ծանրութիւնը իջաւ վրան:

Քաջ էր ան ամուսնոյն պէս բայց լուրը շանթահարիչ էր եւ անսպասելի:

Տնեցիներու բոլորին, նոյնիսկ փոքրերուն համար անհասկնալի երեւոյթ եւ աղէտ էր: Բոլորին մտածումը այդ րոպէներուն նոյնն էր:

Ինչո՞ւ ինքը… ինչպէ՞ս… կարելի՞ բան էր… դեռ քիչ առաջ հոս էր, սեղանէն չէինք ելած, երբ գնաց…

Նման հարցումներ կը զբաղեցնէին ներկաներուն ուղեղը: Այդպիսի պարագաներուն, մարդուս խելքն ալ չի գործեր անակնկալ աղէտին ահաւորութեան առջեւ:

Յաջորդ օր, կէսօրէ ետք ժամը երկուքին, Սերժիկին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ: Աղբալեան ակումբէն ելլելով` յուղարկաւորները իջան Անթիլիասի հրապարակը: Խուռներամ բազմութիւն մը կը հետեւէր դագաղին: Լիբանանի բոլոր շրջաններէն, գրեթէ ամբողջ Անթիլիասի հայութիւնը, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտէն եւ մայրաքաղաքի շրջաններէն հայորդիներ եկած էին հրաժեշտի վերջին տուրքը տալու հայութեան պաշտպանութեան նուիրուած մարտիկին: Անթիլիասի հրապարակէն թափօրը ուղղուեցաւ կաթողիկոսարան, ուր տեղի պիտի ունենար  եկեղեցական կարգը:

Կաթողիկոսարանէն առաջ, ճամբու վրայ կը գտնուի Փաղանգաւոր կուսակցութեան Անթիլիասի բաժնին ակումբը: Երբ յուղարկաւորները հասան այդ ակումբին մօտ, Փաղանգաւոր զինեալներ դուրս ելան եւ ի յարգանս նահատակին, իրենց զէնքերով քսանմէկ գնդակ արձակեցին օդը` իրենց ցաւակցութիւնը յայտնելով դաշնակցական զինուորին:

Թաղման արարողութեան նախագահեց բարեջան առաջնորդ Արամ արք. Քէշիշեան: Անթիլիասի մայրավանքէն դագաղը դէպի Պէյրութ-Թրիփոլի մայրուղին տարին, ուրկէ ինքնաշարժներու թափօրով մարմինը փոխադրեցին Ժունիէի ազգային գերեզմանատունը:

Ժունի երբեք նման ժողովուրդ չէր տեսած, մանաւանդ` թաղման մը առթիւ: Թաղման արարողութեան կը նախագահէր Տաճատ արք. Ուրֆալեան: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին եւ Անթիլիասի Աղբալեան կոմիտէին անունով դամբանական խօսեցաւ Գէորգ Գանտահարեան, որ իր խօսքին մէջ վեր հանեց Սերժին յատկութիւններէն մին` անոր անկեղծ համեստութիւնը: Իսկ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կողմէ խօսեցաւ Հրաչ Սիմոնեան: Սգակիր ընկերներ, ըստ սովորութեան, «Վէրքերով լի ջան ֆետայի» երգելով հողին յանձնեցին անմահ Սերժիկը:

Հատուածներ «Լիբանանի «Մեր տղաքը» գիրքէն
Հաւաքեց` ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԵՆՃԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>