Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 15697

Լեհաստանի Մէջ Հայկական Մշակոյթի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոն Եւ Հինգ Մարդասէր Սկանտինաւուհիներու Բարեգործութիւնները

0
0

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Լեհաստանի մէջ առաջին Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 2019-ին, Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի «Collegium Maius» թանգարանի հանդիսասրահին մէջ: Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ թանգարանի տնօրէն, պատմագէտ ու լեհահայութեան մասնագէտ փրոֆ. Քշիշթոֆ Սթոփքայի եւ Լեհաստանի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահի փրոֆ. Եան Օստրովսքիի ողջոյնի խօսքերով: Բացման արարողութեան ներկայ էին Լեհաստանէն եւ զանազան երկիրներէ լեհահայ մշակոյթի` լեհ, հայ թէ օտար մասնագէտներ, լեհահայ մշակոյթով հետաքրքրուողներ, հրաւիրեալներ ինչպէս Վենետիկի Մխիթարեաններու միաբանութենէն` Վահան վրդ.  Օհանեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Պիելոռուսիայէն «Անիւ»  հետազօտութիւններու կենդրոնի տնօրէն Արմէն Խեչոյեան, եւ այլն, գիտական զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ հիւրեր:

Նորաստեղծ կեդրոնի ներկայի գործակատարն է պատմագէտ ու լեհահայութեան մասնագէտ փրոֆ. Անտժէյ Ժիենպա, որ հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի բացման մասին համընդհանուր  դասախօսութիւն մը ներկայացուց` «Լեհահայութեան մշակոյթը որպէս ուսումնասիրութիւններու բնագաւառ» խորագրով: Ապա մանրանասնօրէն անդրադարձաւ կեդրոնի նախատեսած ծրագիրներուն, որուն գլխաւոր առանցքը պիտի ըլլայ լեհահայութեան դարաւոր մշակոյթի պատմութեան  ուսումնասիրութիւնն ու արխիւային մատենագիտութիւնը: Լեհաստանի պատմական ժամանակահատուածներու ընթացքին լեհահայերու իրագործած մշակոյթը, ներառեալ` հայկական կալուածները, կառոյցները, լեհահայերու ընտանեկան  տոհմածառերը, հոգեւոր եւ եկեղեցական ժառանգը, ճարտարապետութիւնը, Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Լեհաստանի նախկին արեւելեան սահմանամերձ տարածքներու վրայ լեհահայերու ծաղկած մշակոյթը, այդ մշակոյթի նպաստն ու ծառայութիւնները Լեհաստանի պատմութեան եւ մշակոյթին մէջ: Լեհաստանի և Հայաստանի յարաբերութիւնները, Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին հայերու դէմ  իրագործուած Ցեղասպանութիւնը ու անոր առնչուած լեհական արձագանգը: Ծրագիրները կը միտին գլխաւորաբար կորուստէն փրկելու լեհահայ մշակութային ժառանգութիւնն ու արխիւային պատմական աղբիւրները եւ միեւնոյն ատեն` անոնց թուայնացումը: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ հրատարակչական աշխատանքներ, ինչպէս` «Լեհահայեր» մատենագիտական հրատարակութիւնը, որուն վեցերորդ հատորը լոյս պիտի տեսնէ մօտ օրէն, եւ` այլ հրատարակութիւններ, հայ թէ օտար ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու հետ համագործակցութիւն,  փոխյարաբերութիւններու զարգացում ու ընդլայնում :

Ժիենպա ներկայացուց նաեւ գիտաշխատողներու նախատեսուած կազմը, ապա ծանօթացուց այս կեդրոնին համար նշանակուած գիտական խորհուրդի լեհ, հայ եւ օտար տասնհինգ անդամներու անուանացանկը` Մոնիքա Ակոբսովիչ, Ճորճ Պուռնութեան, Արմէն Խէչոյեան, Արմէնուհի Տրոսդ-Աբգարեան, Արմէն Էտիկարեան, Զպիկնեւ Մանուկեւիչ, Լիտիա Մաթինեան, Էտուարտ Միեր-Ենտժէյեւիչ, Քլոտ Մութաֆեան, Եուզեֆ Նաումովիչ, Ժուտիթ Բալ, Անտժէյ Փիսովիչ, Մարտիրոս Արա Սայեղ, Էվա Շեմիենիեց-Կոուաշ, Քշիշտոֆ Սթոփքա: Վերոյիշեալ ակադեմիայի նախագահ Ե. Օստրովսքի Գիտական խորհուրդի ներկայ անդամներուն բաշխեց Գիտական խորհուրդին անդամակցութիւնը վկայող վկայագիրները: Բացման հանդիսութեան առաջին բաժինը աւարտեցաւ Երեւանի` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն` դոկտ. Յարութիւն Մարութեանի «Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ թանգարանը յետհարիւրամեակային ժամանակաշրջանում» տպաւորիչ անգլերէն դասախօսութեամբ:

Բացման հիւրասիրութեան ընդմիջումէն ետք Վենետիկի Մխիթարեաններու միաբաններէն Վահան վրդ. Օհանեան ներկայացուց բազմաբովանդակ` «Բանաստեղծ եւ պատմագէտ հայր Ղեւոնդ Ալիշան» թեմայով դասախօսութիւնը` լուսաբանելով հայր Ղ. Ալիշանի վեհաշուք գիտնականի վաստակն ու անոր  հսկայական ժառանգը, ուր Ալիշան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ոչ միայն հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն, այլ սկզբնաղբիւրը դարձաւ պատմագիտութեան, լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան,  բուսաբանութեան եւ այլ բնագաւառներուն մէջ:

Լեհաստանի մէջ հայկական մշակոյթին նուիրուած ուսումնասիրութիւններու առաջին այս կեդրոնի բացումը երկար տարիներու վրայ խտացուած ջանքերու արգասիքն է, որուն իրագործման նպաստած են հայ, լեհ թէ օտար զանազան պատմագէտներ, արուեստի ու մշակոյթի հանրածանօթ դէմքեր, ինչպէս` Ք. Մութաֆեան, ծագումով հայ երաժշտագէտ Ք. Բենտերեցքի, հայագէտ Ա. Փիսովիչ, Արմէն Արթվիխ, Ֆ. Ժէյքա, եւ այլն.: Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան Էտկար Ղազարեան կը յիշէ, որ 2014 թուականէն սկսեալ, իր զանազան հանդիպումներու ընթացքին արծարծած է նման կեդրոն մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը Լեհաստանի մէջ: Հոս պէտք է հաստատել, որ լեհահայութիւնը իր ութ երկար դարերու ներկայութեամբ ու մշակութային հարուստ պատմութեամբ, հսկայ ժառանգ մը թողած է, որ անպայմանօրէն կարիքը ունի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի մը` իրականացնելու համար գիտական ու լուրջ պրպտումներ:  Սոյն կեդրոնի հիմնադրութեան որոշումը կայացած է 10 սեպտեմբեր 2019-ին, կեդրոնը պիտի վայելէ Լեհաստանի գիտութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութիւնը: Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի այս հիմնարկը կը համարուի Լեհաստանի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող Արուեստի եւ գիտութիւններու ակադեմիայի կառուցուածքի իբրեւ մէկ ստորաբաժանումը:

Կեդրոնի բացման հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն առիթը տրուեցաւ շրջագայելու  Եակելոնեան համալսարանի թանգարանը ու համալսարանի Գիտական խորհուրդի ժողովասրահին մէջ ունկնդրելու 19-րդ դարու սկիհի մը հայկական ծածկոցի հմայիչ ասեղնագործ արուեստի մեկնաբանութիւնը, որ երկար թափառումներէ ետք ասեղնագործ ծածկոցը, անհետացումէ փրկուելով, հասած է Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի թանգարան ու դարձած է այդ թանգարանի բազմարժէք ցուցանմուշներէն մէկը:

Սոյն կեդրոնի բացումէն ետք, երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2019-ին Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Լեհաստանի Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի եւ Քրաքովի Հայ մշակութային ընկերութեան համացործակցութեամբ, Քրաքով քաղաքի մէջ, դարձեալ Լեհաստանի Արուեստի եւ գիտութիւններու  ակադեմիայի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Շուէտի Լունտ համալսարանի դասախօս դոկտ. Սվանթէ Լունտկրենի դասախօսութիւնը` «Ծիծեռնակաբերդէն դէպի Հոլիվուտ` իմ հայկական ճանապարհորդութիւնը» խորագիրով, իսկ առինքնող հայ երաժշտութիւնը հնչեց շնորհիւ Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու երաժշտական ընկերակցութեամբ: Ս. Լունտկրեն անգլերէն լեզուով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած հինգ մարդասէր սկանտինաւուհիներու պատմութիւնը, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ են, այդ մարդասէր եւ քաջ միսիոնարուհիներն են դանիացիներ` Քարէն Եփփէն եւ Մարիա Ճեքըպսընը, նորվեկիացի Պոտիլ Պիոռնը, շուէտացի Ալմա Ճոհընսընը եւ էսթոնիացի Աննա Հետուիք Պուլլը, որոնք հայ ժողովուրդի կողքին կանգնեցան անոր ամենամռայլ եւ ողբերգական ժամանակահատուածին: Այդ միսիոնարուհիներուն բարեգործութիւնները հայ կիներու եւ որբերու հանդէպ կ՛երկարին տասնամեակներու վրայ` Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ ու վերջ եւ Ցեղասպանութեան ընթացքին: Մարդասէր սկանտինաւուհիներուն առնչուած զգայացունց այս թեման թէ՛ իր նիւթով, թէ՛ իր խորքով եւ մանաւանդ կարճ շարժապատկերի մը ցուցադրութեամբ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի լեհ հասարակութեան: Նշենք, որ Ս. Լունտկրեն «Փրկութեան քարտէս» շարժապատկերին մէջ ստանձնած էր պատմողի դերը: Իսկ 2017 մարտ 5-ին Հոլիվուտի «Paramount Pictures Studios»-ի մէջ տեղի ունեցած է այդ շարժապատկերի ամենահետաքրքրական ցուցադրութիւնը` դառնալով Ս. Լունտկրենի  համար կեանքի մեծ իրադարձութիւն մը: 2008 ապրիլին Հայաստան իր առաջին այցելութենէն ետք ան չէր պատկերացներ, թէ օր մը այդ ճանապարհորդութիւնը զինք ո՛ւր պիտի առաջնորդէր, այդ ճանապարհը եղաւ դէպի Հոլիվուտ: Դասախօսութեան առիթով Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբը այս թեմային հետ կապուած լեհերէն եւ հայերէն լեզուներով յատուկ թերթիկ մը հրատարակեց, որ բաժնուեցաւ ներկաներուն:

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը 21 սեպտեմբերին` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը Լեհաստանի մէջ ընթացք առած Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը պիտի յիշատակուի` իբրեւ լեհահայ սփիւռքի արդի պատմութեան մէջ գիտական նոր հորիզոններ խոստացող նախաձեռնութիւններու օր մը. մեր սրտագին փափաքն է, որ այս եւ նման կեդրոններու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններն ալ դառնան հայ ժողովուրդի իրաւունքները վերյիշեցնող անժամանցելի գործօն կարգախօս:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 15697

Latest Images

Trending Articles