«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը Վատիկանի մէջ 2 հոկտեմբերին ստացաւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին յատուկ օրհնութիւնը` «Աւրորա» ֆորումին ընդառաջ:
Վատիկան այցելած «Աւրորա» ֆորումի համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէեան ու Ռուբէն Վարդանեան, ինչպէս նաեւ «Աւրորա» համաշխարհային տարեկան մարդասիրական մրցանակի երեք դափնեկիրները` Թոմ Քաթինան, Մարգարիտ Պարանքիցեն եւ Չոյ Լա Աուն խնդրեցին եւ ստացան նորին սրբութեան օրհնութիւնը:
«Մեզի համար մեծ պատիւ է ստանալ նորին սրբութեան յատուկ օրհնութիւնը: Առաջնորդուելով «Երախտագիտութիւնն` ի գործ» գաղափարը տարածելու եւ անոր ազդեցութիւնը առաւելագոյնի հասցնելու յանձնառութեամբ` կարեւոր է, որ մենք սերտ յարաբերութիւններ կառուցենք հոգեւոր, կառավարական, մասնաւոր հատուածներու եւ մշակոյթի ականաւոր դէմքերու հետ` աշխարհի տարբեր անկիւնները: Այսօր Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումը մեզի թոյլ կու տայ ընդգծել «Աւրորա» նախաձեռնութեան կարեւորագոյն գործունէութիւնն ու անհրաժեշտութիւնն աւելի մեծ աջակցութեան, քանի որ մենք կ՛ընդլայնենք մեր ջանքերը երկարաժամկէտ նպատակներով», ըսաւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան:
«Հռոմի պապ նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի եւ նորին գերազանցութիւն կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինիի հետ հանդիպումները լաւ առիթ էին` ամփոփելու եղածը եւ վերագնահատելու «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործունէութիւնն ու համաշխարհային ազդեցութիւնը: Այնուամենայնիւ, մեր գործը դեռ նոր սկսաւ: Այս ամիս Երեւանի մէջ նախատեսուող առաջին «Աւրորա» ֆորումին մենք պիտի քննարկենք համաշխարհային մարտահրաւէրները` փորձելով գտնել լուծումներ», յայտնեց նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
2017-ին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր Թոմ Քաթինան դիտել տուաւ, որ մեծապէս յուզուած է պապին հետ տեսակցութենէն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մտքի առաջնորդներուն եւ փորձագէտներու հետ համագործակցութիւնը մեծապէս կը գնահատէ` ուրախութիւն յայտնելով այս ընտանիքին մաս կազմելուն:
Նշենք, որ 14-21 հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջին «Աւրորա» ֆորումը, որ պիտի միաւորէ աշխարհի ընկերային, գիտական, արհեստագիտական, կրթական եւ մարդասիրական ոլորտներու լաւագոյն ներկայացուցիչները: Ֆորումի ընթացքին պիտի քննարկուին համաշխարհային ամէնէն հրատապ մարտահրաւէրները եւ պիտի առաջարկուին զանոնք դիմագրաւելու նոր լուծումներ եւ կարելիութիւններ: