Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Հալէպի Մէջ` «Կամուրջներ Հաստատել»-ուն Եզրափակիչ Հանդիսութիւնը

$
0
0

ՅՈՎԻԿ ՇԷՀԻՐԵԱՆ

0000SYRIA1

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի մամուլի յանձնախումբին, շաբաթ, 27 փետրուարի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամուրջներ հաստատել» դասախօսական շարքի մասնակիցներուն հաստատագիրներու բաշխման հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին` հոգեւոր հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան, հալէպահայ միութիւններու ներայացուցիչներ եւ հրաւիրեալ հանդիսականներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ զոյգ քայլերգներով, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Բալիկ Աւագեան ըսաւ, թէ «Կամուրջներ հաստատել» դասախօսական շարքը սկսաւ նամակով մը` ուղղուած հալէպահայ միութիւններուն, ապա կարդաց նամակը, ուր նշուած էր դասախօսական շարքի հետեւեալ նպատակները` հարստացնել մասնակիցներու գիտելիքները, պատրաստել ապագայի յաջող ղեկավարներ եւ հանդիպումներու ընդմէջէն ծանօթացնել անոնց հալէպահայ միութիւններու աշխատանքին: Աւագեան նշեց, որ այս ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ ՀՄԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը, ըլլալով մարզական միութիւն, կը հաւատայ նաեւ, որ պէտք է կերտել ազգային մտածելակերպով տոգորուած եւ միասնական աշխատանքը արժեւորող հայ երիտասարդը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ դասախօսական շարքը ներկայացնող պատկերներու ցուցադրութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրին բացումը կատարեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն Դալար Պէրպէրեան, որ ջութակով ներկայացուց սքանչելի կտորներ:

Դասախօսական շարքի մասնակից Սեւան Չիրիշեան կարդաց «Կամուրջներ հաստատել» դասախօսական շարքի մասնակիցներուն ուղերձը: Ան մասնակիցներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան այս ծրագիրին համար, դիտել տալով, որ այս ծրագիրին ընդմէջէն ամուր կապեր հաստատուեցան մասնակիցներուն եւ միութիւններուն միջեւ:

Եղիա Քիլեճեան սքանչելի կատարումով երգեց «Անուշ» օփերայէն «Բարձր սարեր» երգը` արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափերուն:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցան դասախօսական շարքի մասնակիցներուն հայկական կեդրոններ այցելութեան լուսանկարները:

Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեանը` արտասանելու վարչութեան խօսքը: Քէօշկէրեան ըսաւ. «Փորձեցինք հայ երիտասարդութիւնը համախմբել` հաւատք եւ յոյս ներշնչելու գաղութէս ներս մաքառողներուն, որպէսզի սփիւռքահայութեան սիրտը հանդիսացող մայր գաղութ Հալէպի մէջ միասնաբար շարունակենք մեր գոյերթը»:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան «Կամուրջներ հաստատել» դասախօսական շարքին մասնակցող հալէպահայ զանազան միութիւններէ աւելի քան 50 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ եւ Շրջանային վարչութեան կողմէ հաստատագիրներ ստացան յիշեալ ծրագիրին իրենց մասնակցութեան համար: Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը խորհրդանշական յուշանուէրներով պարգեւատրեց դասախօսական շարքը հովանաւորող Գործադիր մարմինի անդամները:

Ապա խօսք առաւ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան, որ գնահատեց ՀՄԸՄ-ի այս յատկանշական քայլը ու ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ը յաջողեցաւ ամրապնդել միութիւններուն միջեւ կապը եւ մտերմիկ յարաբերութիւններ ստեղծել զանազան միութիւններու մէջ ծառայող երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն միջեւ»:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ քահանայ հօր «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին մասնակիցներն ու կազմակերպիչ յանձնախումբը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>