Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
«Երեւան» Տպարանի 30-Ամեակին
Նուիրուած Հանդիսութիւն
Կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» քոլեճին, վերջերս Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ «Երեւան» տպարանի 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն:
Քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան երախտագիտական զգացումներով ողջունեց «Երեւան» հրատարակչատան հիմնադրութեան 30-ամեակը, ինչպէս նաեւ` անոր ծնունդ տուող հիմնադիր Սարգիս Թոփալեանի անգնահատելի ծառայութիւնը:
Մամուլի երկարամեայ աշխատակից Սարգիս Մաճառեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Սարգիս Թոփալեանին հետ անցնող 35 տարիներու իր ունեցած գործակցութեան, տպաւորութիւններուն եւ փորձառութիւններուն մասին:
Այնուհետեւ, շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքերով ելոյթ ունեցան գրողներ, հասարակական դէմքեր, խմբագիրներ, արուեստագէտներ, հեռուստաժամերու հաղորդավարներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, որմէ ետք Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Յակոբ Մեղապարտ»-ի անուան մետալը յանձնեց Սարգիս Թոփալեանին եւ յայտնեց, թէ Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ մայր եկեղեցւոյ կառուցուելիք դրան վրայ, որպէս բարերարներու, պիտի արձանագրուի Սարգիս եւ Լուսինէ Թոփալեան ամոլին անունը:
Դոկտ. Տէր Եղիայեան յայտարարեց, թէ այս առիթով ստացուած են բազմաթիւ շնորհաւորագիրներ, մետալներ, նամակներ` դաշնակցային, նահանգային, տեղական մարմիններէ:
Աւարտին երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալը:
Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակին
Նուիրուած Պատարագ
Փետրուար 28-ին Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` Սումկայիթի եւ Պաքուի անմեղ զոհերու յիշատակին: Արարողութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ: Օրուան պատարագիչ, տաճարի լուսարարապետ հայր Մամիկոն Քելեճեան իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ 28 տարի առաջ, 26 փետրուար 1988-ին, հայկական զանգուածային կոտորած տեղի ունեցաւ Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ, եւ հազարաւոր հայեր փախստական եղան ու ցրուեցան աշխարհի չորսդին, որոնցմէ մաս մըն ալ ապաստանեցաւ Նիւ Եորք: Ան նկատել տուաւ, թէ Սումկայիթի կոտորածներուն զոհ գացին մարդիկ, որոնց միակ մեղքը հայ ըլլալն էր: Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ «Գաւուքչեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Պրուքլինի հայկական համայնքի ղեկավար Մարիանա Պաղտասարովա, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ «Ուղիղ օգնութիւն հայ համայնքին» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ նախագահ տոքթ. Սվետլանա Ամիրխանեան, որ ըսաւ, թէ տարիներ շարունակ բարձր պահած են հայութեան պատիւը: Աշխատած են բարձր որակով: Պրուքլինի մէջ հիմնած են հայկական դպրոց, ուր աշակերտները կը սորվին կրօն, հայոց պատմութիւն, լեզու, հայկական արուեստ: Ան շեշտեց, թէ մենք մեր յաջողութիւններով պէտք է հարուածենք ազրպէյճանցիներուն, որպէսզի անոնք զգան եւ պատկերացնեն, որ ոչ մէկը կրնայ յաղթել մեզի:
Աւարտին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Սոնա Արմէնեան Լեռնագնացութեան
Մրցանիշ Հաստատած Է
Կլենտէյլի Հայ լեռնագնացներու միութիւնը մարտ 7 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ 20 փետրուարին Սոնա Արմէնեան 67 տարեկան եւ 2,5 ամսական տարիքին մրցանիշ մը հաստատած է` հանդիսանալով Մեքսիքայի բարձրագոյն` Օրիզապա լեռը մագլցած ամենատարեց կինը:
Նշենք, որ Օրիզապայի գագաթը, որ 5636 մեթր է, երրորդ ամենաբարձր գագաթն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
Սոնա Արմէնեանի այս իրագործումին ընկերացած են Հայ լեռնագնացներու միութեան եւ Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութեան 4 այլ անդամներ: Անոնցմէ միայն երեքը` Արթուր Բարսեղեան, Պապ Մասուչի եւ Սոնա Արմէնեան յաջողած են գագաթ հասնիլ:
Սոնա Արմէնեան գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ իր կեանքի ամենադժուար արշաւն էր: Ան նաեւ քաջալերական գտաւ այն իրողութիւնը, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով հայեր լեռնագնացութեամբ կը հետաքրքրուին:
Յայտնենք, որ Սոնա Արմէնեան Հայ լեռնագնացներու միութեան հիմնադիրներէն է եւ աւելի ուշ անդամակցած է նաեւ Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութեան: Շարք մը այլ լեռներու կողքին, ան նուաճած է նաեւ Արարատի եւ Քիլիմանճարոյի գագաթները:
Վահան Քհնյ. Կոստանեան Արժանացաւ
Աւագութեան Տիտղոսին
Կիրակի, 28 փետրուարին Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ համար յիշատակելի օր մըն էր, որովհետեւ եկեղեցւոյ բազմամեայ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեան ստացաւ աւագութեան տիտղոս: Արդարեւ, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագի ընթացքին քահանայ հօր յանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կոնդակը: Ան գնահատեց անոր հոգեւորականի անբասիր ծառայութեան կենսական դերը Ֆրեզնոյի հայութեան կեանքին մէջ վերջին շուրջ 20 տարիներուն: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ նշեց, որ Ս. պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն հայկական երկու մեծ կազմակերպութեանց` ՀՅԴ-ի եւ ՀՕՄ-ի անձնդիր ծառայողներուն յիշատակին: Այս առիթով ան վեր առաւ մեր ժողովուրդի վերջին աւելի քան մէկ դարու կեանքին մէջ անոնց ստուար ծառայութիւնները, որոնք աշխարհի տարածքին սիրով եւ նուիրումով մատուցուած են բարեսիրական, մշակութային, հայրենասիրական, կրթական եւ ժողովուրդի բարօրութեան կենսական դաշտերուն մէջ` ի խնդիր մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդման, մեր հողերու պաշտպանութեան եւ մեր ազգային ժառանգութեանց պահպանման:
Ապա Վահան Ա. քհնյ. Կոստանեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին եւ առաջնորդ սրբազանին:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութիւնը, որուն ներկայ եղաւ առաջնորդ սրբազանը: Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան: Խօսք առաւ նաեւ առաջնորդ սրբազանը: Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Վրաստան
Միխայիլ Լորիս-Մելիքովին Նուիրուած
Տեսերիզի Շնորհահանդէս
Մարտ 6-ին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս` «Միխայիլ Լորիս-Մելիքով. մեծ հայն ու անպարտելի զօրավարը» տեսերիզին եւ «Երկրի կարօտով» գիրքին:
Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան ողջունեց «Կարծիք» ստեղծագործական խումբի հերթական այցելութիւնը Թիֆլիս, հայազգի անպարտելի զօրավար Միխայիլ Լորիս-Մելիքովին նուիրուած տեսերիզով:
Սերգօ Երիցեանի գլխաւորութեամբ, Հրաչիկ Պապինեանի, Սամուէլ Գալստեանի, Կարինէ Տիտանեանի նկարահանած տեսերիզը Միխայիլ Լորիս-Մելիքովի ոչ միայն ռազմական ու պետական գործիչի, այլեւ մեծ հայու սխրագործութիւններով հարուստ կեանքի վաւերագրութիւնն է: Ան, ուր որ գտնուած է, հետաքրքրուած է իր ազգային խնդիրներով եւ ողջ կեանքի ընթացքին երազած ու պայքարած էր իր ժողովուրդի անկախութեան եւ ազատագրման համար:
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Սերգօ Երիցեան ներկայացուց «Երկրի կարօտով» ընդհանուր խորագրով գիրքը, որը Արեւմտեան Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան նկարագրութիւնն է:
Հայաստանի ոստիկանութեան ակադեմիայի պետ, զօր. Յովհաննէս Վարեան արժեւորեց հայկականութեամբ ապրող մեծ զօրավարի, հայրենասիրութեան ու յաղթանակներու ոգեկոչողի, պետական ու հասարակական գործիչի օրինակը սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ:
Հայաստանի դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Սամուէլ Ռամազեան եւ նախկին մանկավարժ Միխայիլ Թադեւոսով իրենց ելոյթին մէջ կոչ ուղղեցին սերունդներուն ըլլալ հայրենասէր, ապրիլ հայկականութեամբ, ոգեւորուիլ նախնիներու օրինակով, գործել նորին հասնելու առաքելութեամբ:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Սերգօ Երիցեանի` Թիֆլիսի մէջ հայկական հետքը վեր հանելու ազգանուէր գործունէութիւնը: Ան յորդորեց ներկաները` որդեգրել հայրենանուէր զաւակներու ճիշդ մտածելակերպը, նուիրումով ծառայել այն երկրին, ուր իրենք կը գործեն որպէս գործիչներ, բարձր պահելով իրենց ազգայինը, հայ ըլլալու հպարտութիւնը:
Աւարտին Սերգօ Երիցեան գնահատական խօսքեր ուղղեց իրեն գործակից խումբի անդամներուն:
Յայտնենք, որ ներկաները ստացան օրինակներ «Երկրի կարօտով» գիրքէն: