ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
5 մարտ 2016-ին «Ազդակ» ամբողջացնելով իր 89-ամեայ առաքելութեան ուղին, հաստատակամ քայլերով թեւակոխեց 90-ամեակը: Ինը տասնամեակ` ի սպաս հայութեան, Լիբանանին, Հայ դատին հայ գիրին, մշակոյթին ու դպրութեան:
«Ազդակ» լիբանանահայ կեանքին պատմութեան հարազատ տարեգրութիւնը եղաւ: Պէյրութի եւ շրջակայքին մէջ վրանաքաղաքներու կազմութեան, այնուհետեւ հայաբնակ թաղերու կազմաւորման, եկեղեցիներու, դպրոցներու, ակումբներու եւ բարեսիրական կեդրոններու կառուցման ամբողջական եւ վաւերական սկզբնաղբիւրի արժէք ներկայացնող պատմութիւնը արձանագրուած է «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ:
Միաժամանակ, համահայկական տեսլականով եւ համագաղութային չափանիշով, «Ազդակ» սփիւռքի եւ հայրենի հայութեան կեանքին արտացոլումը հանդիսացաւ: Հալէպի, Արաբ Բունարի, Ազէզի, Թէլ Ապիատի, Այն Արուսի եւ Գամիշլիի գաղութներու կազմաւորման եւ զարգացման ամբողջական տարեգրութիւններ արձանագրուած են «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ: Նաեւ` Եւրոպայի, Ամերիկայի, Աւստրալիոյ, Եգիպտոսի, Իրանի եւ մինչեւ հեռաւոր Չինաստանի գաղութներուն մասին վաւերական տուեալներ եւ լրատուութիւններ արձագանգ գտած են: Հայրենի կեանքին մասին վկայութիւնները անպակաս եղած են, եւ հայրենիքին արձանագրած նուաճումները կարեւորութեամբ յիշատակուած են:
Լիբանանեան հայրենիքին մէջ «Ազդակ» իր ուրոյն տեղը ունեցաւ: Լիբանանեան քաղաքական անցուդարձերուն, վերիվայրումներուն, ընկերային եւ տնտեսական բազմապիսի հարցերուն արձագանգ հանդիսացաւ: Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հայութեան որդեգրած շինիչ ուղեգիծին թարգմանը հանդիսացաւ եւ Լիբանանի միասնականութեան, երկրի հողային ամբողջականութեան, համայնքներու խաղաղ գոյակցութեան ու բանակցութեան միջոցով հարցերը լուծելու տեսակէտին իսկական բանբեր եղաւ:
Ազգային դիմագիծի եւ մայրենի լեզուի պահպանման նախանձախնդրութեամբ, «Ազդակ» միշտ յառաջատար դիրքի վրայ գտնուեցաւ: Հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներու հետապնդման եւ ձեռքբերման ի խնդիր հետեւողական աշխատանք տարաւ եւ Հայ դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ յստակ տեսլական ունեցաւ: Հայապահպանումը «Ազդակ»-ի հիմնական նպատակն ու առաջադրանքը եղած է ու կը մնայ:
Հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան, հերոսական խոյանքներուն, հայրենիքի ազատութեան խորանին իրենց արիւնը նուիրաբերած անմահներուն յիշատակը միշտ վառ մնաց «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ ներշնչման աղբիւր եւ հոգեկան սնունդ հանդիսանալով հայ ընթերցողներուն:
Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ օտար պետութիւններու կողմէ հայանպաստ պաշտօնական որոշումները յատուկ կարեւորութեամբ արձանագրուած են:
Արցախեան շարժման առաջին իսկ օրէն «Ազդակ» առօրեայ հետեւողականութեամբ մանրամասն լրատուութիւն կատարեց, վեր առաւ հայ ազատամարտիկներու սխրագործութիւնները, շեշտը դրաւ արցախցիներու անընկճելի ոգիին վրայ, առօրեայ լրատուութեան կողքին` յօդուածներով ու ուսումնասիրութիւններով ծանօթացուց Արցախ աշխարհը` իր հնամենի վանքերով, սրբատեղիներով, խաչքարերով, իր աւանդական գիւղերով ու պապենական նահապետական արժէքներով, հոգեկան իւրայատուկ կապ ստեղծեց Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ եւ ոգեւորեց ու ոգեշնչեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
Հայաստանի վերանկախացումը յատուկ ոգեւորութեամբ ու ցնծութեամբ դիմաւորուեցաւ եւ պետականութեան հաստատումը. հայրենի երկրին դժուարութիւններն ու նուաճումները «Ազդակ»-ի ուշադրութեան եւ մտահոգութեան մնայուն առարկան հանդիսացան:
***
«Ազդակ»-ի յարկին տակ աշխատակցած են հայ դպրութեան երախտաւորներ, անմահանուն գրագէտներ, վաստակաշատ դաստիարակներ եւ հայ մամուլի անմնացորդ նուիրեալներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր աւանդը դրած է թերթի աստիճանական զարգացման եւ արձանագրած նուաճումներուն մէջ: Անցեալի 4 էջի փոխարէն «Ազդակ» եղաւ 8 էջ, հետագային ալ` 10 էջ:
«Ազդակ» համագաղութային եւ համահայկական չափանիշով օրաթերթ եղաւ եւ աշխատակիցներ ունեցաւ նաեւ հայրենիքէն եւ այլ գաղութներէ: Թերթին էջերը կը պարզեն իւրայատուկ դիմագիծ եւ պատկեր մը, ուր աշխարհի չորս ծագերէն հայութեան մասին վաւերական ու հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցուին: Այսպիսով, «Ազդակ» արդարօրէն եղաւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ առաջնորդող ուղեցոյց:
Առօրեայ լրատուութեան կողքին, «Ազդակ» ազգային, գրական, մշակութային եւ հայակերտման առաքելութեան լծուեցաւ եւ իր անփոխարինելի աւանդը ունեցաւ: Թերթօններով, առանձին մատենաշարներով, բացառիկներով ու յաւելուածներով արժէքաւոր հրատարակութիւններ լոյս ընծայեց:
«Ազդակ» միշտ մնաց նախանձախնդիր հայոց լեզուի մաքրութեան եւ ազգային արժէքներու ու աւանդներու անաղարտ պահպանման, բարձր պահեց բարոյական ու ընդհանրական չափանիշները եւ հաւատարիմ մնաց ազգային ու համամարդկային իր սկզբունքներուն:
Լրատուութիւնը, իրադարձութիւններու մեկնաբանութիւնը, խմբագրականներու, ակնարկներու թէ յօդուածներու միջոցով փոխանցուած միտքերը, վերլուծումները, տեսակէտները եւ համոզումները առաջնորդող ուղեցոյցի դեր կատարած են եւ ազգային ձգտումներու հարազատ ձայնի վերածուած են: Ժամանակի հոլովոյթին հետ «Ազդակ» ձեռնարկեց գրական, մանկապատանեկան եւ կնոջական էջերու պատրաստութեան:
***
«Ազդակ»-ի տարեգրութիւնը հարուստ է իրադարձութիւններով, բազում դժուարութիւններով, հերոսութեան հասնող դրուագներով, դառնութիւններով ու արկածախնդրութիւններով:
Անհատական նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով, չափազանց համեստ պայմաններով ու զրկանքներով սկիզբ առած «Ազդակ»-ի հրատարակութիւնը, առաջին օրերուն` եռօրեայ, յետոյ ամէնօրեայ, նպատակասլաց հաստատակամութեամբ, եւ ի գին մեծամեծ զոհողութիւններու, սրտակիցներու, երախտաշատ հայորդիներու անվերապահ զօրակցութեամբ ու աշխատակցութեամբ, թերթի առաքելութեան հանդէպ հաւատքով, աշխատակիցներու հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, խմբագիրներու, գրաշարներու, էջադրողներու, թղթակիցներու, երէց եւ կրտսեր գործակիցներու անսակարկ նուիրումին, զոհաբերութեան ոգիին ու նախանձախնդիր մօտեցումին, ինչպէս նաեւ արժեւորող ընթերցողներու շնորհիւ զարգացաւ եւ քայլ պահեց ժամանակի զարգացման հոլովոյթին ու նորարարութեանց հետ:
***
Պատերազմի տարիներուն Պէյրութ հակամարտող զինեալ ուժերու հակակշիռին ենթակայ շրջաններու եւ արեւելեան ու արեւմտեան գօտիներու բաժնուած էր: Այդ գօտիներուն միջեւ կային սահմանագիծեր եւ անցքեր: Այդ սահմանագիծերն ու անցքերը արձակազէններու, ռմբաձիգներու եւ անպատասխանատու տարրերու քմայքին ենթակայ էին. երբեմն օրերով փակ կը մնային, երթեւեկը չափազանց վտանգաւոր կը դառնար, իսկ առեւանգումները յաճախադէպ երեւոյթներ էին: «Ազդակ»-ի անձնակազմին եւ ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը արեւելեան շրջանի բնակիչ էր, մինչ տպարանն ու խմբագրատունը արեւմտեան շրջանին եւ Ուաթ Ուաթ թաղին մէջ կը գտնուէին:
![20160315_140257](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/03/20160315_140257.jpg?resize=640%2C431)
Ուաթ Ուաթի տպարանէն լոյս տեսած «Ազդակ»-ի վերջին թիւը
Թերթին անխափան հրատարակութիւնը ապահովելու սկզբունքով, եւ ամէնօրեայ երթեւեկի, յատկապէս` գիշերային երթեւեկի անկարելիութեան բերումով, «Ազդակ»-ի անձնակազմը, իբրեւ մէկ ընտանիք, «խոր վիրապեան» կոչումին արժանացած տպարանին եւ «Բագին»-ի նախկին խմբագրատան` բազմայարկ շէնքի մը առաջին յարկին վրայ գտնուող «զօրանոց»-ին մէջ հաւաքական կեանքի եւ մնայուն բնակութեան պայմաններ ստեղծեց:
Աշխատանքի պայմանները յարափոփոխ ու անկայուն էին եւ ելեկտրականութեան ընդհատումը, մեքենական խանգարումը, կապարները սառելու եւ կամ շարուած ու էջադրուած էջերը թափելու պարագաները արտասովոր երեւոյթներ չէին:
Ներքին թաղային կռիւները, սաստիկ ռմբակոծումները եւ հետագային ալ` հայերու իրերայաջորդ առեւանգումներն ու սպանութիւնները ստեղծած էին իրավիճակ մը, ուր «Ազդակ»-ի ընտանիքը ամբողջ օրը, գիշեր ու ցերեկ համախումբ մնալու հարկադրանքին տակ կը գտնուէր:
Կէս գիշերէն ետք եւ կամ արեւածագին մօտ, երբ օրուան աշխատանքը աւարտած կ՛ըլլար, տպարանէն, նոյն փողոցին վրայ, հանդիպակաց կողմը գտնուող «զօրանոց»-ը բարձրանալու համար Արա Երեւանեան ակումբին մէջ կայք հաստատած պահակ տղոց ներքին հեռաձայնային գիծով լուր կը տրուէր, եւ անոնց արագահարուածներու պաշտպանութեան տակ ճամբան կտրելը ապահով կը նկատուէր:
Արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններու միջեւ սահմանագիծերէն անցնիլը յաճախ հերոսութեան համազօր էր եւ մնայուն վտանգը միշտ առկայ էր: Երթեւեկը հաւաքաբար կը կատարուէր աշխատակիցներու երկու ինքնաշարժներով: Հետագային, մայրաքաղաքի երկու գօտիներուն միջեւ միակ բաց անցքէն ինքնաշարժով երթեւեկը, ահաւոր խճողումի պայմաններուն տակ, տաժանակրութեան վերածուեցաւ եւ հետիոտն երթեւեկի դրութիւնը նպատակայարմար նկատուեցաւ: Արկածախնդրութիւնները անպակաս էին եւ անձնակազմի անդամներ քանիցս մազապուրծ ազատեցան եւ առեւանգուելու վտանգին դէմ յանդիման գտնուեցան, բայց նախախնամութիւնը պահեց եւ պատահականութիւնը փրկեց «Ազդակ»-ի ընտանիքը:
Միւս կողմէ, թերթը ամէն առտու տպարանէն արեւելեան շրջան փոխադրելու համար հայ անձնազոհ տղաք մեծագոյն արկածախնդրութիւններու դիմեցին եւ թերթը ընթերցողին հասցուցին:
Արեւմտեան Պէյրութի 1987 փետրուարի կռիւներուն «Ազդակ»-ի անձնակազմը ոդիսական մը ապրեցաւ եւ ամբողջ շաբաթ մը թերթը լոյս չտեսաւ:
***
«Ազդակ» 1987 փետրուարի վերջաւորութեան Պուրճ Համուտ փոխադրուեցաւ, ուր արդէն առժամեայ գրասենեակ մը բացուած էր: Ժամանակ մը թերթը ոչ սեփական տպարանի մը մէջ հրատարակուեցաւ, մինչեւ որ 1988-ի ամրան, տակաւին վերաշինութեան ընթացքի մէջ գտնուող Շաղզոյեան կեդրոն, իր սեփական տպարանը փոխադրուեցաւ:
Տպագրական ժամանակակից արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելով, 1994-ի գարնան կապարով բանող մեքենաները համակարգիչներով փոխարինուեցան:
Համակարգչային արհեստագիտութեան շնորհիւ նոր եւ զանազան տառատեսակներ ու էջադրումի ձեւաւորումներ որդեգրուեցան:
Հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն արձագանգ հանդիսանալու, նիւթերու բազմազանութեամբ ժողովուրդի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններուն գոհացում տալու, հայ մարդուն համար դպրոց մը եղած ըլլալու իր աւանդը եւ հայ թերթին ազգային, գրական ու մշակութային առաքելութիւնը պահելու նախանձախնդրութեամբ, «Ազդակ» արագ լրատուութեամբ կ՛արձագանգէ հայկական, լիբանանեան եւ միջազգային քաղաքական գլխաւոր իրադարձութիւններուն, Լիբանանի մէջ թէ այլուր կազմակերպուող ձեռնարկներուն, հանդիսութիւններուն եւ տօնախմբութիւններուն, միաժամանակ տեղ տալով վերլուծական ու մեկնաբանական յօդուածներու, գրական, մշակութային, գիտական ու մարզական նիւթերու, պահելով նաեւ մանկապատանեկան ու կնոջական էջեր: Նիւթերու ներկայացման ձեւն ու նկարները իրենց կարգին յաւելեալ գրաւչութիւն կու տան թերթի ընդհանուր բովանդակութեան:
Միաժամանակ «Ազդակ» լոյս կ՛ընծայէ յաւելուածներ, բացառիկներ, ունի իր կայքէջերը (հայերէն եւ արաբերէն), համացանցային էջերը` Դիմատետրի եւ Թուիթըրի վրայ, կը կազմակերպէ հարցազրոյցներ, լսարաններ եւ ձեռնարկներ, մնայուն կապի մէջ է լիբանանահայ, ինչպէս նաեւ հայրենի եւ սփիւռքի մտաւորականութեան եւ քաղաքական ու մշակութային եւ կրթական գործիչներու հետ:
«Ազդակ»-ի 89 տարուան անխափան հրատարակութիւնը մրցանիշ մըն է հայ թերթի մը համար: Այս աշխարհէն մեկնած երախտաւորներուն եւ երէց աշխատակիցներուն զոհաբերութեան ոգին եւ բարոյական չափանիշները աւանդ ձգուած են նոր սերունդի աշխատակիցներուն: Հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ աւանդ ձգուած առաքելութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը միշտ եղած է ու կը մնայ նուիրական «Ազդակ»-ի յարկին տակ: