ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
![Սեւան Նշանեան](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/03/Sevan-Neshanian_31516.jpg?resize=400%2C269)
Սեւան Նշանեան
«Գիտնամ, որ երկու տարիով պիտի ազատիմ, խնդիր չէ, կ՛երթամ, կը լրացնեմ այդ պատիժը: Բայց տակաւին բազում դատեր կը շարունակուին իմ դէմ: Բանտարկութենէս ետք յանկարծ եթէ անոնք ալ պատիժով աւարտին, կրնամ կեանքիս մինչեւ վերջը բանտը մնալ»:
Այսպէս ըսած էր Սեւան Նշանեան, «Ակօս» իր վերջին այցելութեան ընթացքին: Դատախազը երկրէն դուրս ելլելու արգելք չէր դրած: Արդէն ինքն ալ քանի մը օրուան համար արտասահման գնաց ու ապա վերադարձաւ: Վերադարձաւ, որպէսզի փորձանք ըլլայ իր հակառակորդներուն գլխուն:
Որպէս երկիրը ճանչցող մտաւորական` չէր սխալած իր կանխատեսումներուն մէջ: Բանտ մտնելէն կարճ ժամանակ ետք սկսան իրերայաջորդ վճիռներ արձակուելու իրեն դէմ: Ներկայ դրութեամբ, ան արդէն դատապարտուած է աւելի քան 11 տարիներու բանտարկութեան: Եւ դատերը տակաւին կը շարունակուին…Չարագուշակ ենթադրութեամբ մը, Նշանեանի դէմ բանտարկութիւնը կրնայ հասնիլ 25 տարիի:
Պարզ ու պարկեշտ միտքով եթէ դատենք, կասկած չկայ, որ Սեւան Նշանեանի բանտարկութիւնը մե՛ծ ամօթ մըն է Թուրքիոյ հաշուոյն: Նշանեան մեծութիւն մըն է: Ստեղծագործ պայծառ միտք է Սեւան Նշանեանը: Այդ իսկ պատճառով` իր ձեռնարկած բոլոր գործերէն յաջողութեամբ դուրս եկած:
Շիրինճէ գիւղը, որ Զմիւռնիոյ մերձակայ զբօսաշրջային կարեւոր կեդրոն մը կը համարուի այսօր, ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր այն օրերուն, երբ Նշանեան առաջին անգամ այցելեց հոն: Հին յունական գիւղ մըն էր Շիրինճէ, որուն բնակիչները բնակչութեան փոխանակման ծրագիրով պարտադիր գաղթի ենթարկուած եւ ղրկուած էին Յունաստան: Նոյն պարտադիր գաղթով Յունաստանէն եկած թուրքերն ալ բնակեցուած էին Շիրինճէ: Սակայն այս վերջինները ոչ մէկ կերպով համակերպած էին այս պատմական գիւղին: Անոնք շուտով լքեցին իրենց տրամադրուած այդ գիւղը եւ բնակութիւն հաստատեցին մօտակայ Սելչուկի եւ Զմիւռնիոյ մէջ:
Սեւան Նշանեան իր կնոջ հետ միասին կիսափուլ տուն մը գնեց եւ սկսաւ այդ տունը իր բնօրինակին համապատասխան կերպով վերակառուցելու: Արդիւնքը զարմանք պատճառեց բոլորին: Ան ապա գնեց երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ տուներ, բոլորն ալ վերանորոգեց` առաջին օրինակին հետեւելով: Սկսաւ տուները հիւրանոցի նման շահագործել: Գիւղի սակաւաթիւ բնակիչները ուրախ էին այս զարգացումէն, քանի որ անտեսուած այս վայրը հիմա կ՛արժանանար այցելուներու ուշադրութեան:
Անոնցմէ ոմանք համեստ ճաշարաններ սարքեցին, ոմանք` գիւղական արտադրութիւն վաճառող փոքրիկ խանութներ, եւ այսպիսով եռուզեռ գոյացաւ այդ ամայի գիւղէն ներս:
Սեւան Նշանեանի միտքի թռիչքը անսահման է: Իր վաղեմի բարեկամին` թուաբանագէտ փրոֆ. Ալի Նեսինի հետ հիմնեց «Ուսողութեան գիւղ» մը: Գիւղը իսկոյն արձագանգ գտաւ թուաբանութեան համաշխարհային շրջանակներէն ներս: Բազմաթիւ օտար գիտնականներ կապ հաստատեցին Նշանեանի եւ Նեսինի հետ` գիւղը այցելելու եւ այնտեղ թուաբանութիւն դասաւանդելու համար:
Վրայ հասաւ ուրիշ նախաձեռնութիւն մը` «Թատրոնի լսարան»: Ան կը սիրէր իշխանութիւններուն կեղծ սրբութիւններուն հետ ծիծաղիլ: Իր անունով աշտարակ մը կառուցեց եւ` ժայռափոր գերեզման մը: «1000 տարի ետք Թուրքիոյ Հանրապետութիւն չի մնար, բայց իմ աշտարակն ու գերեզմանը կը մնան»: Լեզու երկարած էր իսլամներու մարգարէին` ըսելով, թէ` «չեմ կրնար սուրբ համարել իր առեւտրական շահերուն եւ կնամոլութեան համար Աստուծոյ անունով պատգամներ փոխանցող մէկը»:
Պետութիւնը այս ելոյթներուն համար չէր կրնար պատժել Նշանեանը, ուստի դիմեց զարտուղի միջոցներու…Մեղադրեց ապօրինի շինութեան յանցանքով: Սեւան սա պահուն թէ՛ կը բոլորէ բանտի դաժան պայմանները եւ թէ՛ զրկուած է իր գրական ու գիտական աշխատութիւններէն:
Բոլորիս կը վիճակուի իշխանութիւններուն մօտ ճնշում բանեցնել` Նշանեանի ազատութիւնը ապահովելու համար: