Ընկերային յառաջդիմութեան յանձնաժողովի (CSocD) 54-րդ նիստը տեղի ունեցաւ 3-12 փետրուար 2016-ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ: Այս նիստին առաջնահերթ նիւթն էր` «Վերանայիլ ու զօրացնել ընկերային յառաջդիմութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ», որուն միտք բանին է ստուգել տեւական յառաջդիմութեան միտող նորանոր կարելիութիւնները եւ ձեւակերպել շօշափելի, յառաջամէտ քաղաքականութեան մղող յանձնարարութիւններ:
Մանրամասնութեամբ քննուեցան տեւական յառաջդիմութեան առնչուող ընկերային, տնտեսական եւ շրջապատային ազդակներու միջեւ ընթացիկ միջյարաբերութիւնները:
Նաեւ, Հայ օգնութեան միութեան ՄԱԿ-ի եւ Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնախումբի ներկայացուցիչները 1-2 փետրուարին ներկայացան Քաղաքակիրթ հասարակութեան ատեանի «Անհաւասարութիւններ եւ 2030 օրակարգ` տեւական յառաջդիմութեան համար. վերանայիլ ու զօրացնել ընկերային յառաջդիմութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ» օրակարգի նիստերուն: Հայ օգնութեան միութեան ՄԱԿ-ի եւ Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնախումբի ներկայացուցիչները ունեցան իրենց գործնական մասնակցութիւնը եւ հիմնական առաջարկներ ներկայացուցին յանձնաժողովին: