ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Օրեր առաջ մեր տան պատշգամէն ականատես եղանք աշխատանքի մը, որ իր բնոյթով եւ թելադրականութեամբ բոլորի ուշադրութեան արժանացաւ:
Դէպի Սիսի թաղամաս տանող բանուկ խաչմերուկի մը անկիւնը գտնուող տարածքը, որ երկար ատենէ ի վեր լքեալ վիճակ կը պարզէր, եւ որ տեսակ մը աղբանոցի վերածուած էր, ահա քանի մը շաբթուան տքնաջան աշխատանքէ, հողաշերտի մաքրութենէ, պարարտացումէ եւ համապատասխան դասաւորումներէ ետք կը կանաչապատուէր զանազան տեսակի բոյսերով, ծաղկաւէտ թուփերով եւ ծառերու տունկերով:
Փաստօրէն, տուեալ հողաշերտը կը սկսէր բնութեամբ շնչել ու ոգեւորել ամէն անցորդ, որ հիացմունքով իր նայուածքը կ՛ուղղէր յուսադրիչ տեսք ստացած անկիւնին:
Յուսադրիչ, որովհետեւ բոլորին փափաքը, ակնկալութիւնն ու երազն է եղած նմանօրինակ գեղեցկութիւններու բազմապատկումն ու տարածումը` յանուն շրջանի առաւել կանաչապատման եւ բարեզարդման:
Ի դէպ, յստակացնենք, թէ ինքնագոհութեան եւ ցուցադրականութեան որոգայթէն ձերբազատ կ՛արձանագրենք մեր մտորումները, պարզապէս շեշտը դնելու նման նախանձախնդիր մօտեցումներու հրամայական պահանջին ու կարեւոր ներդրումին վրայ` մեր թաղամասերու շնչաւորման եւ բարեկարգման ի խնդիր:
Միւս կողմէ, արդար ակնկալութիւններու պարտադրանքին ընդառաջ, ի սրտէ կոչ կ՛ուղղենք պատկան մարմիններուն` յաւելեալ գուրգուրանք տածելու եւ շրջահայեցողութիւն ցուցաբերելու շրջապատի մը նկատմամբ, որ կը տառապի գերխճողուածութենէ, ազգագրական խայտաբղէտ պատկերի ճնշող իրականութենէ, որոշ պարագաներու` ապականութենէ, մաքրութեան պակասէ եւ առհասարակ հայեցի դիմագիծի տակաւ շիջումէ:
Այդուհանդերձ, հարկ է խոստովանիլ, թէ առաջին անգամ չէ, որ նման հոգեգրաւ պատկերի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք: Նմանօրինակ կանաչապատ վայրերու (թէեւ փոքր տարածութեամբ) ականատես ենք ընդհանրապէս Պուրճ Համուտի մէջ:
Տեղին է ընդգծել նաեւ, որ, Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմէն ետք, երբ քաղաքապետութիւններ վերստանձնեցին իրենց պարտաւորութիւնները եւ սկսան մասնակից դառնալ երկրին եւ տարբեր շրջաններու վերականգնումին, կառուցման եւ բարեզարդման աշխատանքներուն, արդէն ընթացք կ՛առնէին բազմակողմանի բնոյթ ունեցող աշխատանքներ ու բարեկարգումի առաջադրանքներ:
Հակառակ այն իրողութեան որ յետպատերազմեան վերականգնումի փորձերն ու աշխատանքները եղան համեստ լիբանանցիի օրապահիկի հաշուոյն, այլապէս ալ պատերազմի պատճառած ահաւոր քանդումներուն յաջորդեցին այսպէս ըսած «նոր» երկրի մը կառուցման աշխատանքները, թէկուզ դանդաղ, մասնակի, անբաւարար, առանց յստակ ու նպատակային կողմնորոշումներու, շատ անգամ անտեղի ու վնասակար, եւ մասամբ նորին:
Կրնանք հաստատել, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը կը կատարէ յուսադրող աշխատանք, բաղդատած այլ շրջաններու քաղաքապետութիւններու ընդհանուր գործունէութեան եւ բարեզարդման ծրագիրներուն, այդուհանդերձ մեզի համար յոյժ փափաքելի եւ հրամայական պահանջ կը մնայ հայապատումի աշխատանքը, որովհետեւ նման մտածողութիւն կը մնայ գերազանցապէս առաջնահերթ եւ անյետաձգելի:
Ժամանակին դէմ մեր կռիւը ա՛յս կը պահանջէ, այլապէս շատ բան պիտի կորսնցնենք հաւաքական մեր կեանքին ընդհանուր պատկերէն` քաղաքական թէ տնտեսական օրակարգով, ընկերային-ազգագրական դիմագիծով, հեռանկարային ռազմավարական աշխատանքներու ձեւաւորման իմաստով:
Արդ, հաւատացողն ենք, որ տնկուած թուփերը պիտի կանաչապատեն մեր հայեացքները եւ սատար պիտի կանգնին ապականումի նուազեցման, ատոր կողքին կ՛ուզենք հաւատալ, որ հայեցի դիմագիծի, շունչի, ոգիի ու երազի պահպանութեան համար ծրագրուած աշխատանքները անպայման ծլարձակեն եւ չմնան սոսկ կարգախօսային մտմտուքներ կամ երազահանի հանելուկներ:
Հաւաքական կեանք վարելու մեր փորձառութիւնը մեզի կ՛արտօնէ, որ ըլլանք աչալուրջ եւ նախաձեռնող, աւելի ներգործուն եւ տիրական, պաշտպանելու համար ներազգային կեանքի ամէն իրաւունք եւ արդար հատուցում:
Քաղաքապետական ինքնակառավարման մտածողութեան հիմքը ժողովուրդի թէ շրջանի բարգաւաճման սատար կանգնիլն է, օժանդակութիւն տրամադրելն ու սերունդներուն հաւատք սնուցելը: