Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նախկին Քոնկրեսականը Ուաշինկթընի Մէջ Կը Դադրեցնէ Ազրպէյճանի Շահերու Պաշտպանութիւնը

$
0
0

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ահա նորութիւն մը, որ դժուար թէ ամէն օր տեսնէք լուրերու մէջ. նախկին քոնկրեսականը կը դադրեցնէ իր աշխատանքը օտար յաճախորդի մը հաշուոյն… մէկ տարուան վարձատրութիւն չստանալուն պատճառով:

Նման բան մը պատահած է քոնկրեսական Տեն Պըրթընի (հանրապետական, Ինտիանա նահանգ) հետ, որ անցեալ շաբաթ դադրեցուց իր աշխատանքը` իբրեւ ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքի` Միացեալ Նահանգներու մէջ ազրպէյճանական քարոզչական հզօր խումբի նախագահ` վարձատրութեան համար ամբողջ տարի մը սպասելէ ետք:

Ի՞նչ կը մտածէին անոր ազրպէյճանցի վարպետները: Ինչպէ՞ս կրնային խաբել իրենց Ուաշինկթընի գործակալներէն մէկը: Ասիկա լաւ միջոց է ձեր լոպիականը ձեզի դէմ հանելու համար…

Լոպիականները կը նպաստեն յաճախորդին շահերուն ոչ թէ անոր համար, որ կը հաւատան անոր նպատակներուն, այլ` գումար շահելու համար: Միակ պատճառը, որ քոնկրեսական Պըրթըն կը սատարէր աշխարհի ամէնէն ճնշող եւ ամէնէն փտախտաւոր կառավարութիւններէն մէկուն, իր նիւթական անձնական շահն էր: Երբ վարձատրութիւնը դադրեցաւ, ան այլեւս պատճառ չունէր աջակցելու նախագահ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգին:

Ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքը հիմնադրուած է մեծահարուստ, 34-ամեայ միլիառատէր, կնամոլ (փլէյպոյ) Անար Մամետովի կողմէ: Հետաքրքրական է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ բաւական մեծ գումարի մը դիմաց թոյլ տուած է, որ իր անունով կոչուի Մամետովի ընկերութեան կառուցած շքեղ պանդոկ մը Պաքուի մէջ:

Թղթակից Քարլ Շրեք եւ «Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը ձեռք բերած են քոնկրեսական Պըրթընի 1 մարտի 2016 թուակիր ելեկտրոնային նամակին պատճէնը, զոր ան ուղարկած է Ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքին համար լոպիական գործունէութիւն ծաւալող ուաշինկթընեան ընկերութեան ղեկավար Ճէյմս Ֆապիանիի: «Քանի որ արդէն մէկ տարի է` ո՛չ դուք, ո՛չ Անարը կապ հաստատած էք հետս, եւ ես չեմ վարձատրուած ամբողջ տարի մը, ուստի կը խնդրեմ այս ելեկտրոնային նամակը ընդունիլ իբրեւ հրաժարական` Ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքի նախագահի իմ պաշտօնէս»:

Ահա յաւելեալ մանրամասնութիւններ` «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին բացայայտած աղմկայարոյց գործէն.

«Պըրթընի հրաժարականը հետեւեցաւ Ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքի ճակատագիրին շուրջ ամիսներ տեւած շահարկումներուն, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ ազրպէյճանական լոպիական արշաւի յենասիւնն են` Արեւմուտքի համար Ազրպէյճանը իբրեւ ուժանիւթի կայուն եւ անվտանգ գործընկեր ներկայացնելու իմաստով: Լոպիինկը կ՛ընդգրկէ թէ՛ անձնական, թէ՛ պետական գումարներ»:

«Պաքուի քննադատները կը մեղադրեն նախագահ Իլհամ Ալիեւի կառավարութիւնը եւ անոր վստահուած անձերը` մարդու իրաւունքներու ամէնէն կոպիտ խախտումները «ձկնկիթի դիւանագիտութեամբ» լուծելու մէջ` օգտագործելով նուէրներ, շրջապտոյտներ եւ այլ թանկարժէք խթաններ` բարեկամներ ձեռք բերելու եւ արտասահմանեան պաշտօնեաներու բարեհաճութիւնը շահելու համար»:

«Վերջերս Ալիեւ ջնջեց Մամետովի հօր ղեկավարած երթեւեկութեան նախարարութեան լայն լիազօրութիւնները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կառավարութեան մէջ ընտանիքին ազդեցութիւնը սկսած է  թուլնալ»:

«Օգոստոս 2015-էն ի վեր ազրպէյճանական որոշ լրատուական միջոցներ յղում կատարելով անյայտ աղբիւրներու յայտնած էին, որ Մամետով կը պատրաստուի փակել ազրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքը` ուժանիւթ ներկրող ընկերութիւններու գիներու կտրուկ անկման հետեւանքով Ազրպէյճանի տնտեսական ընդհանուր ճգնաժամին մէջ ստեղծուած ֆինանսական դժուարութիւններու պատճառով»:

«Ըստ Opensecrets.org կայքին, վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքը ընդհանուր առմամբ ծախսած է 12,3 միլիոն տոլար ամերիկեան լոպիական ջանքերու վրայ` կազմակերպելով հիւրասիրութիւններ Ուաշինկթընի վերնախաւին համար եւ յառաջ մղելով Պաքուի շահերը` Քոնկրեսի բարձրաստիճան անդամներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին»:

«Կազմակերպութիւնը, որ պաշտօնապէս չի համարուիր ազրպէյճանական պետութեան առընթեր կառոյց, սակայն սերտօրէն կապուած է Ալիեւի կառավարութեան հետ, շարունակած է այս ծախսերը` ամերիկեան լոպիական ծառայութիւններու համար 2015 թուականին վճարելով 1,46 միլիոն տոլար, որուն մեծ մասը գացած է Fabiani & Co ընկերութեան` ըստ լոպիինկի հասարակական բացայայտումներու»:

«Խումբը 430 հազար տոլար ծախսած 2012-ի իր ճաշկերոյթին համար, որուն մասնակցած են Ներկայացուցիչներու տան օրուան նախագահ Ճոն Պէյնըր եւ Քոնկրեսի 15 այլ անդամներ, ներառեալ Պըրթըն` ըստ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան մասին» ամերիկեան օրէնքի (FARA) 2013 թուականի լրացման»:

«Փետրուար 2013-ին Պըրթըն նշանակուեցաւ Ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքի նախագահ` Քոնկրեսին մէջ իր 30-ամեայ գործունէութիւնը դադրեցնելէն մէկ ամիս անց: Այս շաբաթ ան «Ազատութիւն» կայանին ըսած է, որ Ֆապիանին զինք  ներկայացուցած է Մամետովին` շինարարական ընկերութիւններու, պանդոկներու եւ ապահովագրական ընկերութիւններու միաւորման «Կարանթ» հոլտինկի նախագահին:

«Նախապէս «Ազատութիւն» կայանին կատարած հետաքննութիւնները բացայայտած էին, որ Անար Մամետովի գործառոյթի շահերը կապուած են անոր հօր` Զիա Մամետովի ղեկավարած երթեւեկութեան նախարարութեան հետ»:

«Պըրթըն ըսաւ, որ Ազրպէյճանական-ամերիկեան դաշինքին մաս կազմած օրերուն ինք չէ զբաղած լոպիական աշխատանքով, սակայն երբեմն-երբեմն Քոնկրեսի անդամները  հրաւիրած է դաշինքի «հաւաքոյթներուն»: Ան նաեւ կարծիք արտայայտող յօդուածներ հրապարակած է` ի պաշտպանութիւն Ազրպէյճանի կառավարութեան»:

Անցեալ տարուան մայիսին ես հանդիպեցայ քոնկրեսական Պըրթընի` Նիւ Եորքի մէջ պանդոկի մը մուտքին եւ բողոքեցի Ազրպէյճանի օգտին իր շարունակական ջանքերուն դէմ, ինչպէս նաեւ` իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Քոնկրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու դէմ քուէարկելուն համար: Ան տուաւ իր այցեքարտը եւ խնդրեց կապ հաստատել հետը…  Ես ատիկա չըրի եւ հիմա ալ մտադրութիւն չունիմ, երբ ան այլեւս չի գործեր իբրեւ Ազրպէյճանի գործակալ:

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>