Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17226

«Արտաքինէն Աւելի` Հոգին Է Կարեւորը, Որ Յաւիտեան Կը Մնայ», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գրիգոր Ակոբեան

$
0
0
Հարցազրոյց Լիբանանահայ Արուեստագէտ
Գրիգոր Ակոբեանին Հետ

Հինգշաբթի, 9 մայիս 2019-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի աւելի քան 50 տարուան ստեղծագործական գործունէութեան արգասիքը հանդիսացող երկու ալպոմներու շնորհահանդէսը , որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ արուեստագէտի ստեղծագործական երթի բոլոր փուլերու աշխատանքներէն նմուշներ` անոր անձնական հաւաքածոյէն:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանին հետ: Հարցազրոյցը վարեց Սիլվի Աբէլեան

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք տեղի ունենալիք ցուցահանդէսին մասին: Ի՞նչ պիտի ներկայացնէք:

ԳՐԻԳՈՐ ԱԿՈԲԵԱՆ.- Նախ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ընկերոջս` Լիբանանի թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, որ հովանաւորած է ցուցահանդէսս: Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ Շահէ Խաչատուրեանին, Նշան եւ Սրբուհի Պապիկեաններուն, որոնք գիրքիս մեկենասը եղան:

Այս ցուցահանդէսս յետադարձ ակնարկ մըն է իմ ստեղծագործական բոլոր փուլերուն. իմ ստեղծագործական կեանքին մէջ ես քանի մը անգամ յետադարձ ակնարկ մը նետելով գործերուս վրայ` ցուցահանդէս կազմակեպած եմ: Յետադարձ ակնարկ երբ կ՛ըսեմ, կը հասկնամ քիչ մը հին գործեր եւ նոր գործեր, որոնք իրարու կը կապեմ: Թէեւ ցուցասրահը նեղ է գործերուս համար, բայց բոլոր ժանրերէն քանի մը նկար տեղադրած եմ: Ամէնէն հին գործս 1966 թուականի է, իսկ ամէնէն նորը` 2017-ի:

Գործերուս մեծամասնութիւնը իմ անձնական հաւաքածոյէս է, որ շատեր չեն տեսած: Գործերուս մէջ կայ կայ փրինթինկ կրաւիւր, այստեղ տպագրութիւնը նոյն բառը չէ, որովհետեւ ձեռքով տպած եմ ես: Ամէն մէկ օրինակէն ամէնէն շատ 6-7 հատ ունիմ: Իմ կրաւիւրներս թիւով 6-7 հատ են, շարք մը կայ, որմէ տասը հատ ըրած եմ: Ամէն մէկէն մէկ-երկու հատ պահած էի:

Քոլաժներս կան, իրականութեան մէջ միքս միտիա են, որովհետեւ քոլաժը 20 առ հարիւր է, մնացածը աքրիլիքով եւ թրովեըր մատիտով աշխատած եմ, ամէնը ապակիին տակն է: Ինչ որ թուղթ է, ապակիին տակ կ՛անցնի:

Իսկ նորութիւնը, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ չկայ եւ Եւրոպա ալ շատ քիչ կայ, այն է, որ ես ձեռքովս թուղթ շինած եմ: Չիները 2200 տարի առաջ թուղթի գիւտը կատարած են: Մինչեւ այսօր շատ բան չէ փոխուած: Իրենք կ՛առնէին յատուկ բոյսերը եւ կը ծեծէին, ապա հեղուկ մը կը պատրաստէին, որմէ ետք կը ճնշէին, ապա դուրսը կը դնէին, որ չորնայ եւ թուղթ մնայ: 1989-ին, երբ Մոնրէալ գացի երկու ցուցահանդէս ունէի` մէկը Մոնրէալ, միւսը` Թորոնթօ, 3 տարի հոն մնացի եւ չկրցայ վերադառնալ հոս: Ես միշտ ալ հետաքրքրուած էի, թէ ինչպէ՛ս կը շինեն թուղթը: Գացի եւ թուղթ շինելու դասընթացի մը հետեւեցայ: Ձեռքով պատրաստուած այդ թուղթին վրայ ի՛նչ գոյն ալ դնես, կը վազէ, չես կրնար կեցնել: Ես ուզեցի գոյնը կեցնել: Ձեռքով շինուած թուղթին վրայ դեռ մէկը չէ կրցած գոյնը կեցնել: Ես կեցուցի, յաջողեցայ: Քանի մը ամիս վերջ զարմացան, թէ ինչպէ՛ս կրցայ ընել այդ իրագործումը : Ինծի մրցանակ տուին Քեպեքի արուեստի կազմակերպութենէն, այս մէկը գիրքիս մէջ ալ դրած եմ: Ատոր վրայ ինծի դպրոցի մը վարի յարկը տեղ տուին, որ մէկ ամիս աշխատիմ, որովհտեեւ, երբ թուղթը հանես ջուրէն, մէկ շաբաթ պիտի նստի, որ ջուրը շոգիանայ, ու թուղթը մնայ:

Ուրեմն, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին վարի բաժինը աւելի հին գործերս ներկայացուցած եմ, իսկ վերի բաժինը` նոր գործերս, որոնք բոլորը միասին կը հաշուեն 99 գործ:

Երբ գործ մը տարիներ աշխատիս ու կատարելագործութեան հասցնես, ստորագրութեան պէտք չես ունենար: Տեսնողը կը գիտնայ, որ անոնք գործերդ են: Ես անոնցմէ չեմ, որ 30-40 տարի նոյն ոճը կը գործածեմ: Ես երբեք նոյն ոճը չեմ ըրած գործերուս մէջ: Գործս շարունակականութիւն ունի: Մէկը 60-ական, 70-ական եւ վերջին գործերս երբ տեսնէ, շարունակականութիւն մը անպայման կը նշմարէ: Ես պտուղներ նկարեցի`նուռ, կիներ, հաւկիթ,  ծառ, վերջին գործերս ձիեր են: Ձիին մէջ իմ գերիրապաշտ գործերս են: Երկու-երեք օր իրարու ետեւէ յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս հայրս ինծի կարուսել կը տանէր: Այդ ձիերը առի եւ գերիրապաշտ գործերուս մէջը դրի:

Ես ճանչցուած եմ որպէս գերիրապաշտ արուեստագէտ: Նուռին հետ ձուկ, պարան, բանալի դրած եմ, նուռը փշրուած եւ օդին մէջ նեկայացուցած եմ: Ուրեմն գործերուս մէջ միշտ իրապաշտութիւն , գերիրապաշտութիւն, վերացականութիւն կայ:

Այս ցուցահանդէսը դիտողը պիտի տեսնէ արուեստին մէջ իմ ճամբորդութիւնս: Ո՞ւր պիտի հասնիմ յետոյ` մարդ չի գիտեր: Տեսէք, երբ որ թուղթերու պատրաստութեան սկսայ, Լիբանանի պատերազմի ջղայնութիւնս դեռ մէջս էր, թուղթերուս մէջ պատերազմ դրի: Թուղթին վրայ ծակի հետքեր դրի: Կը տեսնէք` իմ աշխարհս կիսուեցաւ, բաժնուեցաւ, բայց ամէն բան պիտի չնետես, պէտք է կապես ու պահես, կապը իմ պատկերներուս մէջ այն է, որ ամէն մարդ ամէն ինչին կապուած է, տոմինոյի պէս իրարու կապուած ենք. եթէ մէկը իյնայ, բոլորն ալ կ՛իյնան: Եթէ օդը ապականի, բնութիւնն ալ կ՛ազդուի, մարդն ալ, անասուններն ալ: Եթէ մեղու չկայ, կերակուր չ՛ըլլար, մենք բոլորս իրարու կապուած ենք:

«Ա.».- Խօսինք նաեւ ձեր հրատարակուած ալպոմներուն մասին:

Գ. Ա.- Գիրքս երկու հատոր է, իւրաքանչիւրը` 180 էջ: Գիրքերուն մէջ ներկայացուցած եմ թանգարաններուն մէջ տեղադրուած գործերս, յետոյ` ստացած մրցանակներս, անկէ ետք ներկայացուցած եմ հին գործերս:

Իրականութեան մէջ բոլոր գործերս չեմ կրնար գիրքին մէջ դնել: Անոնք թերեւս 10 հատոր կը կազմեն եւ աւելի:

Ասիկա առաջին գիրքս է, կրցածիս չափ իմ ճաշակիս ըրի: Զոյգ հատորներուն մէջ ներառած եմ նաեւ կրաֆիք գործերս:

«Ա.».- Արտաքին երեւոյթները որքանո՞վ կ’ազդեն արուեստագէտին վրայ:

Գ. Ա.- Անկարելի է, որ արուեստագէտ մը չազդուի արտաքին երեւոյթներէն: Փիքասոն «Լա Կուերնիքա»-ն չէր գծեր, եթէ Կուերնիքան չըլլար: Աշխատած ատենս ի՛նչ  որ կը լսեմ ու կը տեսնեմ,  կ՛ազդեն վրաս: Լիբանանի պատերազմէն շատ ազդուեցայ: Գործերուս մէջ կայ պատերազմ, բայց դիտողը չի զգար: Կիներու վերաբերող գործերս պատերազմի հետքեր են. կիները արտաքինին շատ կարեւորութիւն կու տան, բայց ներսն է կարեւորը: Պատկերներուս մէջ հաւկիթները կոտրած եմ, որովհետեւ կեղեւը չէ կարեւորը, մէջինն է կարեւորը: Ճիշդ նոյնն ալ` կինը, որուն ներքինն է կարեւորը, հոգին է կարեւորը, դուրսը կը ծերանայ, կը հինայ, կը հիւանդանայ, բայց ներսը յաւիտեանս կը մնայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17226

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>