Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17226

Մեր Պահանջատիրութիւնը Վճռական Է, Ո՛չ` Քմահաճոյքի Առարկայ…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Լիբանանահայութիւնը դարձեալ իր պահանջատիրութիւնը բարձրաձայն արտայայտեց բազմահազար գիտակից հայութեան քայլարշաւով, որ այլեւս դարձած է մեր պահանջատիրութեան անվերապահ արտայայտութեան ձեւ մը:

Սովորութիւն դարձած այս արշաւը յարգուեցաւ նոյնպէս մեր ոչ հայ հայրենակիցներուն կողմէ: Պուրճ Համուտ կատարեալ լրջութեամբ իր բոլոր վաճառատուները փակ պահեց ամբողջ օրը` առանց խտրութեան, իսկ ուրիշ շրջաններու մէջ այլ հաստատութիւններ օրուան տխրութիւնը արտայայտող ցուցանակներ ցրուեցին առ ի զօրակցութիւն մեր ազգային սուգին ու պահանջատիրութեան:

Պուրճ Համուտէն մինչեւ մայրավանք տարեկան հետիոտն այս երթը այլեւս բացատրութեան չի կարօտիր: Ան կու գայ վերահաստատելու մեր անզիջող ու վճռական արտայայտութիւնը` «Մենք կը յիշենք ու կը պահանջենք»:

Լիբանանցի մեր հայրենակիցները իրենց յարգանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին աննախընթաց կերպով: Անոնցմէ մին Դիմատետրի վրայ համադրած էր զանազան ժողովուրդներու համոզումն ու կարծիքը` թուրքին նկատմամբ. հայկական առած` «Թուրքը եթէ չգտնէ մէկը սպաննելու համար, կը սպաննէ իր հայրը», ասորական առած` «Սատանան բազմաթիւ դէմքեր ունի, անոնցմէ մէկը թուրքին դէմքն է», պուլկարական առած` «Հոն, ուր թուրքը ոտք կոխած է, հոն խոտ չի բուսնիր», սերպական առած` «Մարդիկ կը շինեն, իսկ թուրքերը կը քանդեն» եւ վերջապէս կը յիշէ Վիքթոր Հիւկոյի նշանաւոր խօսքը` «Օսմանցիները հոսկէ անցած են… ամէն կողմ աւերակ է»:

Այս բոլորին կողքին, ունեցանք խոցելի մէկ երեւոյթ… Այս պահանջատիրութեան երթին եղաւ բաց խանութ մը, որ դժբախտաբար կը պատկանի հայու, եւ որուն ցուցանակը նաեւ կը կրէ հայկական անուն… Փորձեցի ձեւով մը հասկնալ անոր արդարանալի տրամաբանութիւնը եւ, անշուշտ, բացատրութիւն չկայ: Ուզեցի զինք դասել վերը յիշուած միւս օրինակներուն կողքին ու անկարելի եղաւ:

Հոս կ՛ուզեմ բարձրաձայն յայտարարել, որ մեր պահանջատիրութիւնը սակարկութեան ենթակայ չի կրնար ըլլալ: Լիբանանահայուն երկար տարիներու այս վճռակամութիւնը` 24 ապրիլին բոլոր հայկական գործատեղիները փակ պահելու, չի տկարանար նիւթին առջեւ, այդ մէկ օրուան ակնկալուած եկամուտը որեւէ ձեւով չի կրնար աւելի արժեւորուիլ ու նախապատիւ դառնալ, քան` մեր նահատակներուն նուիրուած այդ սգատօնն ու պահանջատիրութեան վճռական արտայայտութիւնը:

Մեր պահանջատիրութիւնը չի տկարանար նիւթին դիմաց:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17226

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>