Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 15815

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Արշակ Ջամալեան

Արշակ Ջամալեան (Իսահակեան). հասարակական, քաղաքական, պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 22 սեպտեմբեր 1882-ին, Գանձակ: Հայրը` Ջամալ Իսահակեան, որուն անունով Արշակ ընտրած է իր Ջամալեան մականունը:

Արշակ Իսահակեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Գանձակի հայոց ծխական դպրոցին մէջ, ապա` Գանձակի ռուսական ուսումնարանը: 1897-ին ան ընդունուած է Գէորգեան ճեմարան, որ աւարտած է 1902-ին:

1905-ին, հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ մասնակցած է հայատեաց ցարական ոստիկանապետի ահաբեկման, որուն պատճառով 7 ամիս բանտարկուած է: 1906-ին Գերմանիոյ մէջ զբաղած է հասարակական գիտութիւններու ուսումնասիրութեամբ, հիմնադրած է ՀՅԴ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը, հրատարակած է «Ուսանող» պարբերականը եւ հայ ազատագրական պայքարը լուսաբանող գրքոյկներ (հայերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն):

1907-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին` իբրեւ Եւրոպայի ՀՅԴ ուսանողական միութեան պատգամաւոր:

1909-ին վերադարձած է Կովկաս, դասաւանդած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, աշխատակցած է «Հորիզոն» օրաթերթին: Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն` հայ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչներէն մէկը եղած է եւ անձամբ կռուած է ուսանողական կամաւորական գունդին մէջ:

1914-ին Ջամալեան ՀՅԴ Ը. Ընդհանուր ժողովին թէեւ ներկայ չեղաւ, բայց եւ այնպէս ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

1917-ին հոկտեմբերէն` Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ: Նոյն թուականին մասնակցած է Երզնկայի մէջ հաշտութեան բանակցութիւններուն ու կնքումին: 1918-ին` Անդրկովկասի Սէյմի անդամ: 1918-ին եղած է Հայոց ազգային խորհուրդի` Պերլին մեկնած Ազգ. պատուիրակութեան կազմին մէջ: 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վրաստանի` Թիֆլիսի մէջ: Նոյն թուականին ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Երեւան տեղափոխուած է Թիֆլիսէն. եղած է զինակոչի արտակարգ կոմիսար, 1920-ին մաս կազմած է Բիւրօ կառավարութեան` իբրեւ հաղորդակցութեան ճանապարհներու նախարար:

10 օգոստոս 1920-ին Թիֆլիսի մէջ ստորագրած է զինադադարի համաձայնագիր` Խորհրդային Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Լեկրանի հետ:

1921-ին եղած է Դաշնակցութեան բանագնացը Ռիկայի մէջ` պոլշեւիկներու հետ կատարուած խորհրդակցութեանց ժամանակ: Այնուհետեւ անցած է Թիֆլիս, ապա` Կ. Պոլիս եւ վերջապէս հաստատուած է Ֆրանսա:

Ա. Ջամալեան 17 նոյեմբեր 1924 – 17 յունուար 1925 Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Ժ. Ընդհանուր ժողովին ընտրուած է Բիւրոյի անդամ ու այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 1933 փետրուար 21 մարտ: Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ ԺԲ. Ընդհանուր ժողովի որոշումով ան կոչուած է Դաշնակցութեան մնայուն քաղաքական գործիչի աշխատանքին ու պատասխանատուութեան: Ան եղած է Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը Ընկերվար միջազգայնականի մէջ:

1925-1933 տարիներուն Փարիզի մէջ հրատարակուող ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան անդամ եղած է:

Միւս կողմէ, պէտք է ըսել, որ Ջամալեանի ներդրումը մեծ եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ օգնութեան միութեան վերաշխուժացման ու Եւրոպայի տարածքին Հայ կապոյտ խաչի հիմնադրութեան, տարածման եւ ժողովրդականացման գործին մէջ:

1934-ին կազմակերպած է «Հայ-վրացական միութիւնը»: Գրած է «Դաշնակցութեան տեսութիւնը» գիտական աշխատութիւնը (1908), թատրերգութիւններ` «Տարերքի ընդվզումը», «Գծից դուրս», «Նահապետ Նահապետեան» եւ այլն:

Արշակ Ջամալեան կը մահանայ 27 դեկտեմբեր 1940-ին, Փարիզ:

Գրիգոր Ջաղեթեան

Գրիգոր Ջաղեթեան. հայ տնտեսագէտ, հասարակական, պետական, քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1885-ին, Իջեւան: Աւարտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, իսկ 1909-ին` Լայփցիկի համալսարանը: Անդրկովկասի Սէյմին մէջ պաշտօնավարած է իբրեւ տնտեսագէտ:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան ժամանակաշրջանին Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան մէջ եղած է տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար (1919 մայիս), ապա` նախարար. նախարարի պաշտօնը վարած է 24 մայիս 1919-էն մինչեւ 5 օգոստոս 1919, որմէ ետք եղած է պետական վերահսկիչ` պաշտօնավարելով դեկտեմբեր 1919-էն մինչեւ 1920 սեպտեմբեր:

Հայաստանի պոլշեւիկեան ռազմակալումէն ետք հեռացած է Պարսկաստան:

Հայրենիք վերադարձած է 1922-ին, եղած է պետական դրամատան կառավարիչ:

1938 հոկտեմբեր ամսուն Եռեակի յատուկ խորհրդակցութեան կողմէ դատապարտուած է գնդակահարութեան` մեղադրուելով գերմանական հետախուզութեան եւ Գերմանիոյ օգտին լրտեսական աշխատանք տանելուն համար: Մեղադրանքի համար հիմք հանդիսացած է այն, որ Ջաղեթեանը եղած է Անդրկովկասի մէջ գերմանացի հրամանատարին հետ բանակցութիւններու նախաձեռնողը` նպատակ հետապնդելով Հայաստանը յանձնել Գերմանիոյ հովանաւորութեան:

Արդարացուած է 1958-ին` ՀՍՍՀ Գերագոյն դատարանի քրէական գործերու դատական խորհուրդի որոշումով:

Աւետիք Սահակեան

Աւետիք Սահակեան (Հայր Աբրահամ). հասարակական, քաղաքական գործիչ, 1918-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի նախագահ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1865-ին, Լոռիի Ջալալօղլի (ներկայիս` Ստեփանաւան) քաղաքը: 1893-ին աւարտած է Պետրովեան ակադեմիան:

Հետագային փոխադրուած է Թիֆլիս, ուր հիմնած է հայ գիւղատնտեսական ընկերութիւնը, միաժամանակ խմբագրած է «Գիւղատնտես» պարբերաթերթը:

Մասնակցած է ՀՅԴ Բ. Ընդհանուր ժողովին եւ ընտրուած` Բիւրոյի անդամ:

Եղած է անդրկովկասեան Սէյմի անդամ, անդրկովկասեան կառավարութեան մէջ` մթերքի նախարար:

1914-ին ընտրուած է Ազգային խորհուրդի անդամ:

1 օգոստոս 1918-ին եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ, 1919-ին` խորհրդարանի փոխնախագահ, 1919 օգոստոս-հոկտեմբեր ամիսներուն` հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարար, այնուհետեւ` ժողովրդական տնտեսութեան նախարար:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 դեկտեմբերին ձերբակալուեցաւ պոլշեւիկներուն կողմէ: Կ՛ազատի` շնորհիւ 1921 Փետրուարեան ապստամբութեան: Այնուհետեւ անցած է Պարսկաստան եւ ապա` Լիբանան:

Աւետիք Սահակեան կը մահանայ 1933-ին, Պէյրութ:

Վարվառա (Վարեա) Սահակեան

Վարվառա Սահակեան (երբեմն` Վարվառէ Սահակեան). հայ քաղաքական, պետական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր: Հայ քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աբրահամի) կինը: ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Վարվառա Սահակեանը կանուխ տարիքէն մուտք գործած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը:

1919 յունիսին կատարուած Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններու 2-րդ գումարման արդիւնքով ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր: Ընդգրկուած էր կրթական ծրագիրներու բնագաւառին մէջ: Այդ ժամանակաշրջանին Վարվառա Սահակեանը մեծ կորուստ կ՛ունենայ` անհրաժեշտ դեղորայքի պակասէն կը մահանայ իր զաւակը: Անոր կը յաջորդէ Հայաստանի խորհրդայնացումը, ամուսինի` Աւետիք Սահակեանի բանտարկութիւնը:

1921 Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ Վարվառա Սահակեանը, ամուսինը եւ երկու զաւակները հետիոտն կը փախչին Թաւրիզ, ուր վեց տարի ապրելէ ետք կը փոխադրուին Հարաւային Իրան, ապա` Իրաք, հետագային ալ` Լիբանան:

Պէյրութի մէջ Վարվառա Սահակեանը կրկին կը ներգրաւուի հասարակական գործունէութեան մէջ` մասնակցելով Օգնութեան խաչ կազմակերպութեան աշխատանքներուն: 1932-ին Վարվառա Սահակեանը կը կորսնցնէ միւս զաւակը, մէկ տարի անց` ամուսինը: Այս հարուածները վերջնականապէս կը քայքայեն Վարվառա Սահակեանին առողջութիւնը, եւ շատ չանցած` ան կը մահանայ:

Լոլա Սասունի

Լոլա Սասունի, բուն անունով` Հռիփսիմէ Մեծատուրեան. հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, բարեսիրական գործունէութեան նուիրեալ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1893-ին, պատմական Հայաստանի Ակն` Բինկեանի շրջանը: 1908-ին ընտանեօք  հաստատուած են Պոլիս: Հռիփսիմէ երիտասարդ տարիքէն մխրճուած է ազգային-հասարակական գործունէութեան մէջ: Մաս կազմած է Մեծ եղեռնի օրհասական պայմաններու հարկադրած ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերուն` բարձր պահելով հայու, յատկապէս հայուհիի արժանապատուութիւնը:

Հռիփսիմէ Մեծատուրեանը 1917-ին կ՛ամուսնանայ իր գաղափարակից ընկերոջ` Կարօ Սասունիի հետ եւ կ՛ընտրէ Լոլա անունը: Այնուհետեւ անոնք կ՛անցնին Թիֆլիս: Ան մշտական ներկայութիւն եղած է յետեղեռնեան հայութեան կազմակերպական աշխատանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Եղած է Մուշ, Վան, Խնուս եւ այլ շրջաններ` կազմակերպելով ու խնամելով Եղեռնէն ճողոպրած որբերն ու հիւանդները:

1918 մայիսեան անկախութեան նախօրեակին կը միանայ Համազասպի խումբին եւ կը մասնակցի Սարդարապատի ճակատամարտին:

Առաջին զաւակը կը ծնի Երեւանի մէջ: Խանձարուրի մէջ փաթթուած երեխան միշտ զինուորի մը վիզէն կախուած էր, իսկ Լոլա կիներու խումբի մը հետ վիրաւորներ ու հիւանդներ կը խնամէր եւ տարագիր ընտանիքներուն կարիքները կը հոգար: Դժբախտաբար փոքրիկը մալարիայէ բռնուած` կը մահանայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Լոլա կը նուիրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կարմիր խաչի կազմակերպումին, եւ երբ 1920-ին ամուսինը Շիրակի նահանգապետ կը նշանակուի, ան հայկական որբանոցներու ընդհանուր վարիչին հետ կը գործակցի:

1920-ին կը բանտարկուի, բախտով կ՛ազատի եւ մօտ տաս հազար գործիչներու հետ կ՛անցնի Զանգեզուր, անկէ ալ` Պարսկաստան: Ապա պարբերաբար կը մնայ` Պոլիս, Սոֆիա, Վիեննա, Ժընեւ ու Փարիզ:

Փարիզ կեցութեան վեց տարիներուն ընթացքին բեղուն գործունէութիւն կ՛ունենայ ՀՅԴ-ի հովանաւորութիւնը վայելող Կապոյտ խաչին մէջ: Ինչպէս հայրենիքի, նոյնպէս ալ սփիւռքի մէջ Լոլա Սասունի կը շարունակէ քալել հանրային ծառայութեան ճամբով, անսահման նուիրումով կը սատարէ տարասփիւռ հայութեան վերականգնումին: Փարիզէն ետք Գահիրէի, յետոյ Հալէպի եւ վերջապէս Պէյրութի մէջ միշտ Հայ օգնութեան միութեան աշխատանքները կազմակերպող գործիչը կ՛ըլլայ:

Պէյրութի մէջ ան կը գործակցի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հիմնադիրներէն Ջաւօ Շանթին հետ, որուն հետ կը շարունակէ կազմակերպչական աշխատանքները Լիբանանի մէջ: Լոլա Սասունի, ամբողջ երեք տասնամեակ ԼՕԽ-ի անդամներու գործակցութեամբ, դարմանատուներու ցանց մը կը ստեղծէ, չքաւորներուն ու որբերուն սնունդին եւ առողջութեան կը հսկէ, անոնց կրթական կարիքները կը հոգայ, հայ կնոջ մտաւոր ու ընկերային մակարդակի բարձրացման կը նպաստէ, ազգային հաստատութիւններուն կ՛օժանդակէ: Ան իր գործակիցներուն հետ կը  նախաձեռնէ «Պնակ մը կերակուր»-ի երախտաշատ գործին:

Լիբանանի պետութիւնը բարձրօրէն գնահատելով ԼՕԽ-ի դերը եւ Լոլա Սասունիի անձնուէր ծառայութիւնը` 1966-ին «Մայրիներու ազգային կարգ»-ի շքանշանով կը պատուէ վաստակաշատ խաչուհին:

Տարիներու ընթացքին անոր առողջութիւնը կը քայքայուի: Կեանքի վերջին տարիներուն իր միակ երազը կ՛ըլլայ հայրենիք այցելելը: Հակառակ իր ամուսնոյն կամքին` կ՛երթայ եւ կը տեսնէ Սարդարապատի յաղթանակի կոթողը եւ վերադարձէն տասը օրեր ետք Լոլա Սասունի իր աչքերը կը փակէ 2 հոկտեմբեր 1969-ին:

(Շար. 17)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 15815

Latest Images

Trending Articles