ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ուրբաթ, 19 փետրուար 2016-ին ներկայ գտնուեցայ Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի ներկայացումին` սպանացի վաղամեռիկ թատերագիր Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատերախաղին` հանրածանօթ տաղանդաւոր բեմադրիչ-արուեստագէտ Ռոպերթ Առաքելեանի ղեկավարութեամբ:
Առ այդ, բարեկամս` Ռ. Առաքելեան, ուրիշներու կարգին, զիս եւս հրաւիրած էր ներկայ գտնուելու այս թատերախաղի նախաներկայացման մէկ փորձին` կարծիք յայտնելու ու տպաւորութիւններ տալու, դերակատարներու եւ ընդհանրապէս այս գործին արժեւորումին մասին, ինչ որ, իրապէս, կարեւոր եւ օրինակելի նախաձեռնութիւն մըն էր վաստակաւոր բեմադրիչին ու վարչութեան կողմէ:
Ես պիտի չխօսիմ այս թատրերգութեան գաղափարականութեան, համամարդկայնութեան, ազատատենչութեան, քաղաքականախօսութեան կամ խորհրդապաշտութեան երեւոյթներուն, հայեացքներուն կամ ըմբռնումներուն մասին` զանոնք ձգելով ուրիշներու քննարկումին կամ վերլուծումին:
Ինծի համար ոգեւորիչ ու գօտեպնդիչ էր ականատեսը ըլլալ մատղաշ սերունդի մը ներկայացուցիչներուն (13-էն առաւելագոյն 16 տարեկան), որոնք կրցան բեմ բարձրանալ առաւելագոյն յաջողութեամբ ու դերակատարութեամբ, թատերասէր հանրութեան առջեւ նստելով ստուգատեսի մը:
Լիբանանահայ հանդիսատեսը, վերջին քանի մը տասնամեակներուն, վարժուած է, պայմաններու բերմամբ թէ այլապէս, միայն ծիծաղաշարժ, երգիծախառն կամ դիւրահաղորդ թատերախաղերու ներկայ գտնուելու (թէ` ինչո՞ւ այդպէս է, քննարկումի ուրիշ նիւթ է), բայց, պատանեկան մակարդակով, նման թատերական մատուցում մը, անվարանօրէն, ցոյց կու տայ, թէ մեր նոր սերունդը կրնայ եւ շնորհքը ունի այսպիսի ներկայացումներով հանդէս գալու, ոչ միայն ինքզինք արդարացնելու գնով, այլեւ` հաստատելու, թէ ինք ի վիճակի է… «լրջանալու» եւ «լրջացնելու»:
Ահա հո՛ս է գաղտնիքը «Արեգ»-ին եւ «Արեգ»-ականներու արձանագրած շօշափելի նուաճումին ու, լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ, իր խօսքը ըսելու եւ ձայնը լսցնելու:
Ո՛չ ոք թող ըսէ կամ համարձակի ըսել, թէ նոր սերունդին մէջ չկան արժանաւորներ, շնորհալիներ. կա՛ն եւ` ամէն մարզի ու բնագաւառի մէջ. միայն պէտք է գտնել եւ «որսալ» զանոնք, ապա քաջալերել եւ առաջ մղել, վստահիլ ու գուրգուրալ անոնց վրայ:
Իսկ այս բոլորին պատասխանատուութիւնը, անշուշտ, առաջին հերթին կ՛երթայ այն պատասխանատուներուն, որոնք կը յաւակնին հայ նոր սերունդին հայեցիութեան եւ ազգասիրութեան պաշտպան կենալ, բայց մանաւանդ` զայն կերտելու ու դաստիարակելու, այս պարագային` թատերական արուեստի գծով ընտրելու անոնցմէ որակաւորներ եւ անոնց առջեւ բանալու արուեստի աշխարհ մը:
***
Այս արագ, այլապէս անհրաժեշտ հպումներէն ետք կ՛ուզեմ իմ անձնական տպաւորութիւններս ու դատումներս ներկայացնել այն դերակատարներուն մասին, որոնք փայլեցան իրենց կատարումներով, թէկուզ հակիրճ, բայց` դիպուկ նշումներով:
ՓԱԹԻԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ, Պեռնարտայի դերով, տիրական ներկայութիւն մը, փորձառու դերակատար մը, իր զգաստ արտաքինով, սթափութեամբ, հնչեղութեամբ եւ հաղորդականութեամբ, մեծապէս տպաւորելով հանդիսատեսը:
ԼԻԼԻԹ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ, Բոնսիայի դերով, նշանակելի դերակատար մը, համակրելի ներկայութիւն մը, իր ազդու արտայայտութեամբ, դիմախաղութեամբ, տպաւորութեամբ եւ համակրելիութեամբ:
ԲԱԼԻԿ ՀԱՊՈՅԵԱՆ, Մարդիրիոյի դերով, ուշագրաւ դերակատար մը, բեմական խոստմնալիութիւն մը, իր կրքոտ արտայայտութիւնով, բարկացայտութեամբ, թափանցիկութեամբ եւ ազդեցիկութեամբ:
ՇՈՒՇԻ ԳՈՃԱՅԵԱՆ, Մարիա Խոսեֆայի դերով, բացառիկ դերակատարութիւն մը, տպաւորիչ մասնակցութիւն մը, իր կենդանի եւ իրական, խօսուն ու համոզիչ դիմախաղերով ու շարժուձեւերով:
ԷՄՄԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, Մակտալենայի դերով, համարձակ ու խոստմնալի դերակատարում, իր անկաշկանդ կատարումներով եւ առոգանութեամբ, իր ինքնավստահ եւ յուսադրող վճռակամութեամբ:
ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, Ատելայի դերով, պճըճիկ, անուշիկ սկսնակ մը, յաջողութիւն խոստացող ուժ մը, իր անմեղունակութեամբ, բարեմտութեամբ, անկեղծութեամբ եւ անմիջականութեամբ, նաեւ` նշելի խաղարկութեամբ:
ԲԱԼԻԿ ԹԷՔԵԼԵԱՆ, Ամելիայի դերով, բարեհամբոյր ներկայութիւն մը, երեւումը ու մասնակցութիւնը թատերախաղի զանազան հանգրուաններուն հետ, ներդաշնակութիւն ստեղծող օղակի մը վերածելով:
ԼԻԼԻԹ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ, Անկուստիասի դերով, տպաւորիչ խաղարկութիւն մը, խռովքային պոռթկում մը, իր զգացականութեամբ, ապրումայնութեամբ եւ խոհականութեամբ:
ՊԵԹԻ ՍՈՒԼԵԱՆ, Սպասուհիի դերով, լաւագոյն դրսեւորումներ, սպասարկումներ ու մատուցումներ` իր բեմական երեւումները ներդաշնակելով իր դերասանակիցներուն հետ համատեղելի ցուցադրութիւններով:
***
Ռոպերթ Առաքելեանը բազմակիօրէն, շնորհաւորելի է այս թատերախաղը բեմ հանելով, մասնաւորաբար` կրտսեր ու նոր սերունդի մեր արժանաւորներէն «սերուցք»-ով մը, անգամ մը եւս ապացուցելով, որ, այո՛, մեր զաւակներուն մօտ կան բեմ ելլող ու բեմը շնչաւորողներ, իսկ ատոնց լաւագոյն օրինակներէն մէկն ալ ա՛յս է: