Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Կոմիտասեան Երգերը` Համասեանական Մեկնաբանութեամբ…Ի Խնդիր Գիւմրիի Անօթեւաններուն

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«Էրւում եմ, էրւում, Կարմիր քարը տաշած ա»
ԿՈՄԻՏԱՍ

 

Երկրաշարժէն վերապրած Գիւմրիի մէջ, երկրաշարժէն 28 տարի ետք տակաւին երկրաշարժին հետեւանքներուն ահաւորութիւնը յիշեցնող թիթեղեայ խրճիթի մը կողքին պարզ, անպաճոյճ բեմին վրայ  հայ երաժիշտ, Մոնքի անուան աշխարհահռչակ միջազգային ճազ մրցումին յաղթանակ ապահոված Տիգրան Համասեանն էր, որ կու գար միանալու մարդասիրական-բարեսիրական իւրայատուկ նախաձեռնութեան մը` Գիւմրիի մէջ տուն կոչուելու անարժան երդիքներու տակ իրենց գոյութիւնը գարշ տուող անօթեւան 13 ընտանիքներու բնակարան տրամադրելու նպատակով ձեռնարկուած:

dikran-1_022816

Յուզիչ է պատկերը, հայրենի վեհ լեռները տիրապետող ներկայութիւն են, Համասեանն ու անոր իսկապէս մարդկային քայլը, բարձրացուցած երաժշտութիւնը, ուր տիրական են կոմիտասեան երգերը, գրաւող ու սիրտ լեցնող են, իսկ բեմին ետեւի կողմը, ուր սովորաբար քուլիսային բաժինն է, կանգնած խեղճ մանուկները, գլուխը ձեռքերուն մէջ առած ու մտածկոտ նստած հայրը այս նախաձեռնութիւնը յաւելեալ խորքով եւ իմաստով կը պատեն:  Կոմիտասեան երաժշտութեան թափանցումը իւրաքանչիւր ներկայի ու ունկնդիրի սրտին խորերը կը յուշէ, որ հայութեան վերապրումին համար պայքար պէտք է, հայութեան երթի շարունակութեան համար վճռակամութեան կարիք կայ, անհրաժեշտ է միանալ` աւելի լաւ ապագայի համար:

Սկզբունքով որոշուած էր համերգը կայացնել տնակներէն մէկուն մէջ, սակայն նկատի ունենալով, որ մեծաթիւ անձեր կ՛ուզէին հետեւիլ համերգին, տնակներէն մէկուն կից` բացօթեայ տարածքին մէջ կառուցուած էր փոքրիկ բեմահարթակ, տեղադրուած էր դաշնակ: Կային հազարէ աւելի հանդիսատեսներ, ո՛չ միայն Գիւմրիէն, այլ նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն ու մայրաքաղաքէն,  բացօթեայ «համերգասրահ» հասնելու համար անոնք ստիպուած եղան անցնիլ Գիւմրիի քարուքանդ եղած փողոցներով շատ ցեխերով լեցուն բազմաթիւ փոսերով:

Իր նախաձեռնութիւնը կատարելէ եւ երաժշտութիւնը այդ տխուր տարածքին մէջ սփռելէ ետք Տիգրան Համասեան ըսաւ. «Ամօթ է, որ մինչեւ հիմա մարդիկ այս պայմաններում են ապրում»` աւելցնելով, որ մեծ յոյս ունի, որ նախաձեռնութիւնը կը յաջողի եւ կարելի կ՛ըլլայ անօթեւաններուն բնակարան տրամադրել: «Ահաւոր զգացողութիւններ էին` բացատրելու, պատմելու բան չէ, ամօթի զգացողութիւն ունեմ, որպէս հայրենակից… Մարդկանց հանդէպ ուշադրութիւն է պէտք ու պատկերացնել, որ եթէ դու նոյն վիճակում լինէիր, մէկը քեզ օգնէր կամ չօգնէր արդէն 30 տարի, ինչ կը զգայիր»,  ըսած է դաշնակահարը:

dikran-2_022816

Համերգին աւարտին Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան ոսկի մետալով պարգեւատրեց Տիգրան Համասեանը. «Հաշուի առնելով  ճազային եւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան զարգացման բնագաւառներում ունեցած զգալի ներդրումը, միջազգային հեղինակութիւնը եւ համբաւը, անսահման նուիրուածութիւնն իր ծննդավայր Գիւմրիին եւ գիւմրեցիներին, հայրենի քաղաքը միջազգային մրցոյթներում ու փառատօներում հանրահռչակման գործում ունեցած նշանակալի աւանդը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական բարեգործական աշխուժ գործունէութիւնը` որոշում եմ աշխարհահռչակ ճազ դաշնակահար Տիգրան Համասեանին պարգեւատրել Գիւմրիի քաղաքապետի ոսկէ մետալով», նշուած է քաղաքապետին ուղերձին մէջ:

Այս աննախընթաց համերգը մաս կը կազմէ քաղաքի անօթեւաններուն հարցին կարեւորութեան վրայ լուսարձակ սփռելու, ինչպէս նաեւ կացութեան անհանդուրժելի ու անընդունելի ըլլալը մարդոց ուշադրութեան յանձնելու նպատակով  լուսանկարիչ Հայկ Բարսեղեանի եւ խումբ մը երիտասարդներու նախաձեռնութեան` «Երեւանը` Գիւմրիի կողքին» խորագիրը կրող: Ասիկա դրամահաւաք է կատարուած անգլիական  http://www.crowdfunder.co.uk/day-of-shame/  կայքի միջոցով, եւ որով կը նախատեսուի 55 օրուան մէջ` մինչեւ 20 մարտ, հաւաքել 175 հազար տոլար: Դրամահաւաքին նախաձեռնողները յայտարարած են, որ եթէ այդ ժամանակամիջոցին նշուած գումարը չհաւաքուի, նուիրատուութիւն կատարած անձերուն պիտի վերադարձուին իրենց գումարները:

Նախաձեռնութիւնը բաւական մեծ տարածում գտած է համացանցին միջոցով, ունի բաւական մեծաթիւ աջակիցներ, որոնց կարգին` նշանաւոր անձնաւորութիւններ:

Նոյն օրը երեկոյեան, միեւնոյն նպատակով Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ եւս կատարուեցան տարբեր բարեսիրական նախաձեռնութիւններ, որոնց միացան մեծաթիւ հայորդիներ: Պիտի կազմակերպուի նաեւ  բարեսիրական աճուրդ, ուր վաճառքի պիտի դրուին հայ անուանի մարդոց անձնական իրերը:

Դժուար է պատկերացնել այդ բնակարաններուն մէջ պարզուած պատկերը, իւրաքանչիւր «տուն» ունի իր ողբերգական վիճակն ու պատմութիւնը, երկրաշարժին ահաւորութիւնը համտեսած գիւմրեցիներուն համար աւելի ահաւոր վիճակ է շարունակել ապրիլ անտուն, մարդկային տարրական պայմաններէն զրկուած, ուր մանուկները իրենց խաղալիքներուն կողքին քնանալու փոխարէն իրենց կողքին կը տեսնեն առնէտներ®

Թէեւ մեծ ամօթ է տիրող վիճակը, ինչպէս ըսաւ Տիգրան Համասեան, սակայն ողջունելի է նախաձեռնութիւնը` խաւարը անիծելու փոխարէն մոմ մը վառելու սկզբունքին հաւատարիմ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>