ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Լրատուամիջոցները կը խօսին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի ցաւակցութիւններուն մասին` ի պատասխան Փարիզի վերջին ոճրարարքներուն: Թուրքիոյ վարչապետը, առանց այլեւայլի, կը փութայ միանալու քաղաքակիրթ աշխարհի բոլոր պետերուն` դատապարտելով Փարիզի եղեռնագործութիւնը… Զուգադիպաբար նաեւ այսօր Թուրքիա կոչուած է ըլլալու հաւաքավայրը Քսաններու խմբակի գագաթաժողովին (կենսոլորտի պահպանութեան գծով), որուն անձամբ պիտի մասնակցի նախագահ Պարաք Օպաման` այլ պետերու կողքին:
Պէտք չէ զարմանալ, որ այս առթիւ Անթալիոյ իրենց ժողովավայրէն Փարիզի բռնարարքները դատապարտող ուժեղ բանաձեւ մը հրապարակեն` աշխարհի մեծերը ձրի բեմ հայթայթելով նաեւ Էրտողանի քարոզչական մեքենային եւ ինքնաբերաբար անպարտ արձակելով Թուրքիան աշխարհի կեանքը ալեկոծող իսլամ ծայրայեղականութեան եւ յատկապէս «Իսլամական պետութիւն» անուան տակ գործող համաշխարհային ոճրագործութեան հարցին մէջ:
Նախագահ Հոլլանտի բնորոշմամբ` այն ինչ, որ երէկ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ` «պատերազմական արա՛րք» մը Ֆրանսայի եւ առհասարակ քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ: Անառարկելի ախտաճանաչո՛ւմ մը` որ յղի է ծանրակշիռ հետեւութիւններով: Եւ անշուշտ պէտք է հարց տալ առաջին հերթին, թէ ո՞վ է իսկական հեղինակը այդ պատերազմական արարքին:
Առայժմ բոլորին աչքերը ուղղուած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Անոնք բացառաբար ուղղուած են ոճրային մեքենայի՛ն դէմ` նկատի առնելով մասնաւորապէս այս վերջինի յայտարարութիւնը ոճրային գործողութիւններուն տէր կանգնելու: Հարց պէտք է տալ սակայն, թէ ո՞վ է բուն մեքենավարը այս մեքենային: Ո՞վ է այս մեքենան յղացողը, զայն ստեղծողը, զայն կառուցողը, զայն պարէնաւորողը, զայն հովանաւորողը եւ իսկապէս զայն շարժման մէջ դնողը ու անոր ճամբայ հայթայթողը` դէպի քաղաքակրթական ոստաններ:
Պէտք չէ մոռացութեան տալ, որ Արեւմտեան Զինակցութեան կառոյցին մէջ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող ոճրային մեքենային միակ իրողական դաշնակիցը Թուրքիան է (Տաւութօղլուի շնական ցաւակցութիւններով հանդերձ): Արեւմուտքի ղեկավարութիւնը (եւ անշուշտ Ֆրանսուա Հոլլանտ) մեղաւոր է Թուրքիա-ՏԱՀԵՇ յանցագործ համագործակցութեան վրայ աչք գոցած ըլլալուն համար: Առանց այդ յենարանին` ՏԱՀԵՇ չէր կրնար կուտակել իր ներկայ ուժն ու կարողականութիւնը: Թուրքիոյ միջոցով է, որ – եւ յատկապէս Էրտողանի մարդոց շահակցութեամբ – ՏԱՀԵՇ իր յափշտակած սուրիական եւ իրաքեան քարիւղը կը վերածէ դրամի եւ զէնքի (անշուշտ մեծ տոկոս մը շնորհելով Էրտողանի հաստատութեան): ՏԱՀԵՇ նաեւ կը ծառայէ որպէս Թուրքիոյ վարձկանը տարածաշրջանին մէջ: Թուրքիոյ բնական դաշնակի՛ցը` Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի քրիստոնէական բոյները բնաջնջելու եւ քրտական ուժը լուծարելու: Եւ մենք այս երեւոյթի սկզբնակէտին վրայ կը գտնուինք տակաւին…
Ինչպէս գրած եմ ամիսներ առաջ, Հայաստան եւ սփիւռք պէտք է այս երեւոյթը մեծապէս լուրջի առնեն: Դեռ այն օրերուն, երբ կը կարծուէր, թէ ՏԱՀԵՇ ուղիղ վտանգ մը չէ Հայաստանի համար (եւ ես կը պնդէի հակառակը), ՏԱՀԵՇ-ի գործակալները կը գտնուէին Անգարա եւ Պաքու: ՏԱՀԵՇ այն դժոխային մեքենան է, որ կու գայ աւելնալու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինարաններուն. այն ահաբեկչական ուժը` որուն համար Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ցարդ պատասխանատուութեան չեն կանչուած եւ որ ինքնաբերաբար կը վտանգէ Կովկասեան Տարածաշրջանի արդէն իսկ անկայուն բեմը:
Արեւմուտք եւ Ռուսիա միասնաբա՛ր կը դիմագրաւեն այս մեծ մարտահրաւէրը եւ այս իրականութենէն չեն կրնար խուսափիլ: Միաժամանակ պէտք է յստակ ըլլայ, որ Արեւմուտք եւ Ռուսիա ի վիճակի չեն այս մեծ սպառնալիքը յաջողապէս դիմագրաւելու, եթէ վճռականօրէն հաշուի չնստին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ: Եթէ մեքենավարը չքաշեն դատի: Եւ եթէ տարածաշրջանը իսկապէս չվնասազերծեն քանդելով «մեքենան եւ մարդը» (man-machine) ընդգրկող ամբողջ համակարգը: Այս արմատական լուծման անյետաձգելի կարիքը ունին այսօր ոչ միայն գերտէրութիւնները` իրե՛նք, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները, ներառեալ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի:
Նոյեմբեր 14, 2015
Ուաշինկթըն