Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17240

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Լիբանանի Անկախութեան 75-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւններ

 Միացեալ Նահանգներ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

18 նոյեմբերին, Լիբանանի անկախութ»ան 75-րդ տարեդարձին առիթով, ընդունելութիւն մը կազմակերպուեցաւ «Սիքէյտա» ճաշարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Միրնա Խաուլիի, ներկայութեամբ թեմի առաջնորդական  փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, նաեւ` Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեանի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու:

Միրնա Խաուլին իր ելոյթին մէջ  շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին ընդառաջողներուն եւ ուղղեց իր պատգամը: Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդին կողմէ գնահատագիր մը յանձնուեցաւ հիւպատոսին:

Կիպրոս

Image may be NSFW.
Clik here to view.

21 նոյեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, ընդառաջելով Կիպրոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Քլոտ Հաժալի պաշտօնական հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի անկախութեան 75-րդ տարեդարձին առիթով անոր տան մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւն-հիւրասիրութեան:

Ելոյթ ունեցան Քլոտ Հաժալ եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ` պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անկելիտիս:

Հանդիսութեան ընթացքին սրբազանը կիպրահայ գաղութին անունով շնորհաւորեց ու բարեմաղթութիւններ յայտնեց դեսպան Հաժալի: Ան պատեհութիւնը ունեցաւ նաեւ մտերմօրէն զրուցելու խորհրդարանի նախագահին, պաշտպանութեան եւ փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան նախարարներուն, կրօնապետներու,  հոգեւորականներու, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Սլովաքիոյ, Պրազիլի, Ռուսիոյ, Քաթարի, Օմանի, Եգիպտոսի դեսպաններուն, Սուրիոյ դեսպանորդին, զինուորականներու, պաշտօնական անձերու, լիբանանցի հայ եւ արաբ զանազան գործատէրերու եւ հրաւիրեալներու հետ:

Միացեալ Նահանգներ

Բակօ Սահակեանի Այցելութիւնը Արեւմտեան Թեմ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

* Թելեթոնին առիթով Լոս Անճելըս իրենց այցելութեան ծիրին մէջ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, ընկերակցութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը, այցելեցին Ազգային առաջնորդարան:

Պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Սիւլահեան» սրահին մէջ: Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, նախագահ Սահակեանի եւ ընկերակիցներուն ներկայութիւնը առաջնորդարանին մէջ` վերահաստատելով թեմին եւ ընդհանրապէս հայութեան զօրակցութիւնը` Արցախին ու անոր վերականգնումի աշխատանքներուն, որոնք հետեւողականօրէն նոր թափ կը ստանան:

Արցախի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, որ տարիներու աւանդութիւն է արդէն, հաստատելով, որ Արցախի պաշտպանութեան ու կառուցման երթը կը շարունակուի քայլ առ քայլ, դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքով: Արցախի ժողովուրդը իր կողքին կը զգայ հայութեան հաւատարմութիւնն ու օժանդակելու պատրաստակամութիւնը, իսկ անցեալ տարիներու իրագործումները հիմք կը ծառայեն յառաջիկայ երթին: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ունի նոր եւ ձեռներէց պատասխանատու մը, որուն հետ կը մշակեն նոր ծրագիրներ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թեմին` հետեւողական զօրակցութեան համար:

Իր կարգին, Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը ելոյթ ունեցաւ շնորհակալութեան խօսքով:

Ազգ. վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը խօսք առնելով` մաղթեց, որ յառաջիկային թելեթոնները ծառայեն նաեւ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն աջակցութիւն տրամադրելու, նաեւ օժանդակութեան ապահովումը շարունակուի թելեթոններու փուլէն անդին: Նախագահ Սահակեանը յայտնեց, որ Արցախի պետութեան ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին համար պաշտպանութեան դաշտը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին, բանակայինները յատուկ հոգածութեան կ՛արժանանան, աշխատանք կը տարուի, որ աջակցութեան ապահովումը շարունակուի նաեւ հանգանակային այս տարեկան նախաձեռնութենէն ետք եւս: Ան շեշտեց, որ օժանդակութիւնները միայն դրամական գումարներով չեն դատուիր, եւ այս առիթով բարձր գնահատեց բժշկական ու այլ աշխատանքային խմբակներու Արցախ այցելութիւնները, որոնք մեծապէս բարեփոխած են ժողովուրդին կեանքը: Ան յիշեցուց, որ 2013-ին կը խօսուէր Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբու ծրագիրին մասին, այսօր անիկա իրականացած է, եւ կը տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ կարեւորութիւն ունի Արցախի համար, մանաւանդ որ կը կանգնինք թշնամիի մը դէմ, որուն արագ հակահարուած տալու պատրաստ պէտք է ըլլալ:

Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցաւ կարճատեւ զրոյց` Արցախի ծրագիրներուն եւ կարիքներուն մասին:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Այնուհետեւ «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրընկալութիւն:

Առաջնորդ սրբազանը բարեմաղթութիւններ կատարեց Արցախի բարօրութեան ու առաջնորդներուն յաջողութեան ի խնդիր: Բարի մաղթանքներ արտայայտեցին նաեւ առաջնորդական փոխանորդը, Ազգ. վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ ու բարերարներ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի վարիչ-տնօրէնը եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին` ընդգծելով, որ թելեթոնը հայրենիքին նպաստելու կարեւոր միջոց մըն է:

Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս ողջունեց հայրենի հիւրերուն ներկայութիւնը եւ հաստատեց մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն զօրակցութիւնը` թելեթոնին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը իր ելոյթին մէջ կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ հարկադրաբար հայրենիքէն դուրս ապրող հայութիւնը կը զգայ հայրենիքին հետ եւ յարատեւօրէն կը զօրակցի հայրենաշինութեան: Ան շեշտեց, որ անցեալին ունեցած ենք կորուստներ, մեզմէ պարտադրաբար խլած են հողեր, սակայն վճռած ենք, որ անցեալի սխալները չկրկնուին, աւելցնելով, որ ոչ միայն պիտի պահպանենք մեր հողերը, այլ նաեւ ազատագրենք այն, ինչ որ հայկական է: Ան նշեց, որ հայրենիքի ծառայութիւնը երջանկութիւն կը պարգեւէ իւրաքանչիւր հայորդիի, որովհետեւ հայրենիք այցելողները ուղղակի հաղորդակից կ՛ըլլան անոր հողին ու բոյրին: Խօսքի աւարտին նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին,  որոնք զօրակից են հայրենանպաստ աշխատանքներուն:

* Նոյն օրը Բակօ Սահակեանը Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն-2018»-ի ընդունելութեան: Ան իր ելոյթին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի խողովակներով Արցախի մէջ իրականացած աշխատանքը որակեց հսկայածաւալ` խորին երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք հետեւողականօրէն աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Արցախին` կարեւորագոյն ռազմավարական ծրագիրներու իրականացման միջոցով: Սահակեանը յայտնեց, որ ամերիկահայութիւնը, մասնաւորապէս` Քալիֆորնիոյ հատուածը, ամենակազմակերպուած համայնքներէն մէկն է, աւելցնելով, որ ամէն անգամ երբ այցելէ Լոս Անճելըս, իւրայատուկ լիցք կը ստանայ` տեսնելով հայրենասէր, հայրենիքի հոգերով ապրող, հոգիով ու սիրտով անոր անբաժան մասը կազմող հայրենակիցներ: Ան շեշտեց, որ անոնք հայ մնալու, հայութիւնը պահպանելու այդ բարդ առաքելութիւնը պատուով կը կատարեն:

Անդրադառնալով «Թելեթոն-2018»-ի աշխատանքներուն` նախագահը նշեց, որ անոնց իրականացումը կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ Արցախի Հանրապետութեան ուժանիւթի եւ պարէնային անվտանգութեան ապահովման գործին վրայ:

Բակօ Սահակեանը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս միասնական ջանքերով կեանքի պիտի կոչուին բոլոր նախատեսուած ծրագիրները:

Ռուսիա

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ձեռամբ Օծուեցաւ Նովոսիպիրսկի Նորակառոյց Եկեղեցին

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, 17 նոյեմբերին Ռուսիոյ Նովոսիպիրսկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը:

Եկեղեցւոյ մուտքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը դիմաւորուեցաւ աղուհացով, որմէ ետք եկեղեցւոյ հովիւ Գրիգոր քհնյ. Բեկնազարեանը ներկայացուց 2008-ին հիմնադրուած տաճարի կառուցման պատմութիւնը, քարոզչական-կրթական գործունէութեան իրականացման համար ստեղծուած պայմանները:

Պատարագի ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կատարեց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը` նորակառոյց տաճարը կոչելով Ս. Աստուածածին:

Այնուհետեւ ան իր հայրական պատգամը եւ օրհնութիւնը յղեց ներկաներուն: Ան նկատել տուաւ, որ մեր ժողովուրդը հազարամեայ իր պատմութեան ընթացքին ենթարկուեցաւ զանազան փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու, վերապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն, յարատեւեց իբրեւ ստեղծագործ ժողովուրդ, որովհետեւ փարեցաւ իր եկեղեցւոյ, որ միշտ խնամեց, միաւորեց, ներշնչեց եւ առաջնորդեց հայ ազգը դէպի փրկութիւն: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յայտնեց, որ հաւատքն է մեր զօրութեան աղբիւրը, որուն միջոցով մենք միաբան ու յաղթական ենք:

Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ տարբեր ազգութիւններուն եւ կրօններուն, անոնց աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն` հաստատելով այն իրողութիւնը, որ Ռուսիոյ մէջ բնակող հայորդիները, իշխանութիւններու հոգածու ուշադրութեան շնորհիւ, նաեւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ ջերմ վերաբերմունքի պայմաններուն մէջ հնարաւորութիւնը ունին Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի խնամակալութեան ներքեւ կազմակերպելու իրենց ազգային-հոգեւոր կեանքը:

Իր խօսքի աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը բարձր գնահատեց Նովոսիպիրսկի մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններուն` հայ համայնքի նկատմամբ դրսեւորած վերաբերմունքը, նաեւ` եկեղեցւոյ ծուխը եւ թեմի առաջնորդ սրբազան հօր աշխատանքը:

Արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը նորօծ եկեղեցւոյ ընծայեց սուրբծննդեան սրբապատկեր մը, իսկ նորակառոյց եկեղեցւոյ բարերար, Նովոսիպիրսկի հայ համայնքի ղեկավար Կոլիա Կուլիջանեանին շնորհեց Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը: Հայրապետական օրհնութեան գիրեր յանձնուեցան նաեւ եկեղեցւոյ կառուցման մէջ իրենց աջակցութիւնը բերած ազգայիններուն:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Նովոսիպիրսկի եւ Պերտսկի մետրոպոլիտ Տիխոնին նուիրեց պանակէ մը, որ իր կարգին շնորհաւորանքները եւ բարեմաղթութիւնները ուղղեց ներկաներուն:

Նոյն օրը, ի պատիւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Նովոսիպիրսկի նահանգապետի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն:

Վեհափառ հայրապետի Նովոսիպիրսկ այցելութիւնը եզրափակուեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ առանձին հանդիպումով:

Գէորգ Վերմիշեան` Ռուսական «Մեկաֆոն» Ընկերութեան Գլխաւոր Տնօրէն

Image may be NSFW.
Clik here to view.
«Մեկաֆոն» ընկերութիւնը, որ մեծութեամբ երկրորդ ռուսական ընկերութիւնն է, գրպանի հեռաձայններու հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ անցնող օրերուն յատուկ ժողով մը գումարեց եւ երեք տարի ժամկէտով գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնին նշանակեց հայազգի Գէորգ Վերմիշեանը:

Հոկտեմբերի առաջին օրերուն «Մեկաֆոն»-ը յայտնած էր, որ Սերկէյ Սոլտաթենքովը, որ մօտաւորապէս 20 տարի աշխատած էր ընկերութեան մէջ, որոշած է հեռանալ պայմանագիրի ժամկէտի աւարտէն առաջ: Ան 2003-2012 վարած էր գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը, ապա հեռացած էր ընկերութենէն, բայց 2016-ին դարձեալ վերադարձած էր ընկերութիւն եւ գլխաւորած էր զայն:

Գէորգ Վերմիշեանը 2011-էն ի վեր կը վարէր գլխաւոր տնօրէնի ելեւմտական հարցերու տեղակալի պաշտօնը: Նախքան «Մեկաֆոն»-ի մէջ աշխատիլը` Վերմիշեանը 2007-2011-ին կը համակարգէր «Սիսթեմա» ելեւմտական ընկերութեան ելեւմուտքի ճիւղը: 2002-2007 ան աշխատած է «Լուքոյլ» ընկերութեան մէջ:

 Չինաստան

«Նոր Հայաստանը Եւ Անոր Տարածաշրջանային Կարեւորութիւնը» Խորագիրով Գիտաժողով

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Նախաձեռնութեամբ Միջազգային բարեկամական ընկերութիւններու չինական ընկերակցութեան Խաղաղութեան եւ զարգացման ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին, մասնակցութեամբ տասնչորս չին եւ վեց հայ գիտնականներու (Արծուի Բախչինեան, Սուրէն Պարսեան, Գոհար Իսկանտարեան, Արթուր Եղիազարեան, Արարատ Կոստանեան եւ Յովհաննէս Ալեքսանեան) 11-12 նոյեմբերին Փեքինի մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր Հայաստանը եւ անոր տարածաշրջանային կարեւորութիւնը» խորագիրով գիտաժողովը: Յայտնենք, որ սոյն գիտաժողովը առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Չինաստանի մէջ եւ արդիւնք է շուրջ տարի մը տեւած նախապատրաստական աշխատանքներու, յատկապէս` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արարատ Կոստանեանի եւ վերոյիշեալ կեդրոնի ջանքերուն:

Չինարէն եւ հայերէն կարդացուած զեկուցումները տեղւոյն վրայ կը թարգմանէր Փեքին բնակող հայուհի թարգմանիչը:

Չին գործընկերներէն շատեր յայտնեցին, որ Հայաստանի մասին բաւարար տեղեկութիւն չունին, ուստի նախապէս ներողութիւն խնդրեցին բացթողումներու կամ վրիպումներու համար:

Բոլոր զեկուցողները մասնաւորապէս շեշտեցին «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը: Աւարտին առաջարկուեցաւ նման հանդիպումներ դարձնել հերթական եւ մօտիկ ապագային այսպիսի գիտաժողով մը կազմակերպել Երեւանի մէջ:

Նշենք, որ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեանը սոյն գիտաժողովին ներկայացուց «Հայաստանի գործօնը համաշխարհային քաղաքական վերաձեւումներու ժամանակ` տարբեր դարերու մէջ: Թրքական ծաւալապաշտական գաղափարախօսութիւնները անցեալին ու ներկային: Անվտանգութեան հարցերը նոր Հայաստանի մէջ» նիւթով զեկոյցը:

 Ֆրանսա

Պատմաբան Արմէն Մութաֆեան Ներկայացուց Իր Հեղինակած «Արարատէն Կարպատներ Հայութեան Պատումը» Հատորը

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղին հրաւէրով 5 նոյեմբերին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տեմիրեան» սրահին մէջ պատմաբան Արմէն Մութաֆեանը ներկայացուց մայիս 2018-ին իր հեղինակութեամբ լոյս տեսած «Արարատէն Կարպատներ հայութեան պատումը» 445 էջ պարունակող նկարազարդ հատորը:

Բացման խօսքը արտասանեց Հերա Թոսունեանը: Ան յայտնեց, որ սոյն նիւթը ցարդ շատ քիչ պեղուած է պատմաբաններու կողմէ եւ դէպի արեւելեան Եւրոպա հայութեան տարագրութեան մասին հեղինակը ծանօթութիւններ քաղած է Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» գիրքէն, երբ 11-րդ դարու կէսերէն սկսեալ հայութիւնը Կովկասէն անցնելով` բնակութիւն հաստատած է այդ շրջանի երկիրներուն մէջ:

Պատմաբան Ա. Մութաֆեանը ներկայացումը կատարեց նկարներու միջոցով, որոնց ընդմէջէն ներկայացուց Կարպատեան Եւրոպայի հայկական սփիւռքի պատմականը, թէ ե՛րբ եւ ինչո՛ւ հայ համայնքը կայք հաստատած է այդ շրջանին մէջ, ո՞ր ճամբաներէն անցած է, ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունեցած է այլ փոքրամասնութիւններու հետ եւ ի՞նչ տուած է տեղական մշակոյթին:

Արմէն Մութաֆեանը անդրադարձաւ նաեւ Անիի մէջ հայերու ներկայութեան, Խրիմի գաղթօճախին եւ հայ մշակոյթին վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան, Ռումանիոյ գաղթօճախին, ուր հայերը կեդրոնացած են երկու գլխաւոր քաղաքներու մէջ` Սուչաւա եւ Իասի:

Նշենք, որ գիրքին առաջին հրատարակութիւնը (հազար օրինակ) արդէն սպառած ըլլալով` 20 նոյեմբերին լոյս տեսաւ երկրորդ հրատարակութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17240

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>