Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Արշակ Փոլատեանին Շնորհուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Պետական Բարձրագոյն Աստիճանի Շքանշանը

$
0
0

Նոյեմբեր 15-ին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեանին, դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու առիթով, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան (ՍԱՀ) արտաքին գործերու նախարարութիւնը հանդիսաւոր ընդունելութիւն կազմակերպեց Դամասկոսի «Ֆոր սիզընս» պանդոկին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին` Սուրիոյ առաջին արտաքին գործոց փոխ նախարար Ֆէյսալ Միքտատը, Հալէպի Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը, Սուրիոյ մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ դիւանագետներ, Սուրիոյ  արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան աշխատակիցներ, լրագրողներ:

Ընդունելութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սուրիոյ առաջին արտաքին գործոց փոխ նախարար Ֆէյսալ Միքտատը` ընդգծելով դեսպան Արշակ Փոլատեանին անգնահատելի ներդրումը հայ եւ  սուրիացի ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ եւ հայ-սուրիական միջպետական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ: Առաջին արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ հայ դեսպանը շուրջ ութ տարուան պատերազմի ընթացքին չլքեց Սուրիան` ատով իսկ արտայայտելով իր նուիրումը սուրիացի ժողովուրդին:

Ֆէյսալ Միքտատը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի անունով դեսպան Արշակ Փոլատեանին յանձնեց Սուրիոյ բարձրագոյն աստիճանի պատուաւոր շքանշանը:

Ընդունելով բարձր պարգեւը` դեսպան Արշակ Փոլատեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ ղեկավարին` Պաշշար Ասատին` պետական բարձրագոյն շքանշանով զինք պարգեւատրելու համար: Դեսպանը նշեց, որ Սուրիայէն հեռանալով` իր հետ կը տանի ամենաջերմ յիշողութիւններ` այնտեղ անցուցած դիւանագիտական աշխատանքային տարիներու մասին: Դեսպան Փոլատեանն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սուրիոյ պետական միւս կառոյցներուն` իր պաշտօնավարման ընթացքին ցուցաբերուած աջակցութեան եւ համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար: Արշակ Փոլատեանը յաջողութիւն եւ խաղաղութիւն մաղթեց Սուրիոյ ու բարեկամ սուրիացի ժողովուրդին:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ` ի պատիւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեանի:

Տեղեկանք.

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գերագոյն աստիճանի պատուոյ շքանշանը Սուրիոյ պետական բարձրագոյն պարգեւն է, որն օտարերկրեայ դիւանագէտներուն կը շնորհուի բացառիկ դէպքերու պարագային:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>