ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Սեպտեմբեր 29-ին որոշեցինք ընտանիքով մէկ օրուան համար Թիֆլիս երթալ` պտոյտի:
Նախքան ճամբայ ելլելը` խորհրդակցեցանք, թէ ո՛ւր պիտի հանգրուանինք: Ես անմիջապէս առաջարկեցի Հաւլաբարը` հին հայկական թաղամասը, հիմնաւորելով, որ լաւ դիրք ունի, շատ տեսարժան վայրեր կան շուրջը եւ վերջ ի վերջոյ հայահոծ վայր մըն է օտար հողի վրայ: Ծնողքս առարկութիւն չըրին, անոնք ալ ուզեցին վրացահայութեան սիրտը տեսնել, մանաւանդ որ հայրս կ’ըսէր, թէ խորհրդային տարիներուն Հաւլաբարի հայութիւնը հարիւր յիսուն հազարէ աւելի կը հաշուէր: Լա՛ւ, գացինք:
Վլատիկաւկազ քաղաքէն ճամբայ ելանք եւ երեք ժամէն հասանք Թիֆլիս: Հոս հարկ է նշել, որ քաղաքը մտնելով` բաւական ատեն մոլորածներուն պէս փողոցները կտրեցինք-անցանք, քանի որ քաղաքը չգիտնալով` ստիպուած եղանք ուղղութիւնը հարցնել: Սակայն ամէն մարդ տարբեր ձեւով բացատրեց Հաւլաբարի ուղղութիւնը, եւ եթէ մէկը այդ պահուն մեզ դիտէր, անպայման պիտի ծիծաղէր` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս երկու անգամ մեր «նպատակ»-ին քովէն անցանք, չանդրադառնալով, որ հասած ենք:
Ճամբաները լայն են, երթեւեկութիւնը` շատ աշխուժ, բոլորը արագ կը քշեն, աջէն ձախէն կը խոյանան, եւ պէտք է խոստովանիմ, որ, գաւառացի ըլլալով` սկիզբը քիչ մը շուարեցայ եւ որոշ չափով ալ ջղայնացայ այս իրարանցումէն, սակայն կրցայ ինքնաշարժը վարել, թէեւ` լարուած վիճակի մէջ:
Վերջապէս հասանք: Հաւլաբարի մէկ փողոցէն մտանք ու իտալական դեսպանատունէն քանի մը տասնեակ քայլ անդին կանգնեցուցինք մեր ինքնաշարժը եւ որոշեցինք նախ եւ առաջ վարձու բնակարան մը գտնել` մեր գիշերելու վայրը ապահովելու համար: Հազիւ մեր փնտռտուքը սկսած` տունէ մը ծեր հայ կին մը դուրս եկաւ եւ մեզի նայելով` հարցուց.
– Վարձու բնակարա՞ն կը փնտռէք:
– Այ՛ո,- ըսինք:
– Հա՞յ էք,- հարցուց կինը:
– Այո՛, հայ ենք,- ըսինք:
– Հոս եկէք, բնակարանս նայեցէք, ձեզի կու տամ:
Մտանք, երկու սենեակնոց տուն էր մեր տեսածը, հայրս ճամբորդութենէն յոգնած ըլլալով եւ չուզելով ժամանակը կորսնցնել` ըսաւ.
– Ա՛լ չերթանք ուրիշ տեղ մը նայելու, հոս լաւ է, պիտի մնանք:
Այդպէս ալ եղաւ, հօրս կամքին համաձայն, տեղաւորուեցանք եւ մեր բոլոր գոյքերը դասաւորելէ ետք տունէն ելանք եւ գացինք Հաւլաբարին եւ Թիֆլիսին ծանօթանալու:
Հոս սկսաւ յուսախաբութիւնս: Ակնկալուած Հաւլաբարը չտեսայ, հայ գիրքերուն մէջ իմ կարդացած Թիֆլիսս չկայ այլեւս: Ո՞ւր է հայութիւնը: Ո՞ւր են հայ դպրոցները, ո՞ւր են հայ եկեղեցիները, միութիւնները կամ ակումբները: Կարելի է ըսել, որ արեւելահայութեան երբեմնի կեդրոնը, քարուքանդ վիճակի մէջ է այսօր` կազմակերպական (մշակութային, կրթական, հոգեւոր, կուսակցական) առումով: Տանտիրուհի մամիկին հարցուցի.
– Մայրի՛կ հայկական եկեղեցի կ՛ուզենք երթալ, հեռո՞ւ է:
– Ո՛չ, տղա՛ս,- ըսաւ,- Նոր Էջմիածին եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները մօտ են, քալելով կը հասնիք:
– Քանի՞ եկեղեցի կայ Թիֆլիսի մէջ,- հարցուցի միամտաբար:
– Ասոնցմէ զատ` ուրիշներ չկան, երկու հատ մնացած են միայն:
Շշմեցայ: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ երկու տասնեակէ աւելի եկեղեցիներէն երկու հատ մնացած են այսօր:
– Ի՞նչ եղան, ինչո՞ւ չկան,- հարցուցի:
– Կա՛մ քանդուեցան, կա՛մ ալ վրացիներուն յանձնուեցան եւ վրացական եկեղեցիներու վերածուեցան,- պատասխանեց կինը:
Ի՜նչ ոճիր: Հին սերունդները արիւն քրտինք մտած, մեծ զոհողութիւններով կառուցեցին եւ շէնցուցին այս եկեղեցիները, իսկ այսօր անոնք կա՛մ աւերակ դարձան, կա՛մ ալ կանգուն մնալով` ուրիշին տրուեցան, ուր Մաշտոցի գրաբարը խորանէն դէպի երկինք չի բարձրանար այլեւս, այլ մեր ականջներուն խորթ եւ անհասկնալի լեզու մը կը հնչէ հոն:
Կիրակի էր: Երկու եկեղեցիներն ալ գացինք: Սակայն նորէն զարմացայ ս. պատարագի ատեն հաւատացեալներու շատ փոքր թիւին ի տես: Տուն վերադառնալուս պէս մամիկը հարցուց.
– Եկեղեցի գացի՞ք:
– Այո՛, գացինք, սակայն ժողովուրդը քիչ էր:
– Տղա՛ս, այս է մեր այսօրուան իրականութիւնը: «Շատ ցաւալի է», մտածեցի ես:
– Իսկ հայկական դպրոցներ կա՞ն,- հարցուցի` այս անգամ կասկած ունենալով դրական պատասխան ստանալու:
– Մէկ դպրոց մնացած է միայն, անոր ապագան ալ յստակ չէ:
Ո՜վ հայ մարդ, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ անցեալին մեծ թիւով գրողներ, բանաստեղծներ, վիպագիրներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, մէկ խօսքով` մտաւորականներ ազգին տուած Թիֆլիսը այսօր մէկ հատիկ հայկական վարժարան ունի: Թիֆլիսի անցեալը գիտցող հայը դիւրութեամբ կրնա՞յ հաւատալ նման իրականութեան կամ ալ հանգիստ սրտով կրնա՞յ ընկալել այսօրուան դառն վիճակը: Կուսակցական կամ միութենական ակումբներուն մասին հարց տալու համարձակութիւն չունեցայ այլեւս: Աւելորդ չէր վերապահութիւնս, եթէ եկեղեցիները կը քանդուին կամ կը յանձնուին, դպրոցները կը գոցուին, գաղափարական եւ մշակութային դաստիարակութիւն ջամբող ամրոցները` ակումբները կրնա՞ն կեանք ունենալ: Այս ընդհանուր նահանջին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ հայ մականուններուն սիրայօժար փոփոխութիւնը: Հաւլաբարի մէջ հայերէն գրութիւն մը չտեսայ, ամէնէն պարզ խանութէն սկսեալ մինչեւ դրամատունը` ամէն ինչ վրացերէնով գրուած է:
Վրդոված սրտով հարց կու տամ. Ինչո՞ւ ՀՅԴ-ի ծննդավայրի մէջ արիւնոտ դրօշը չտեսայ, ինչո՞ւ Թումանեանի եւ Րաֆֆիի բնակավայրին մէջ հայ մշակոյթի կարճ շունչ մը իսկ չզգացի, ո՞ւր է հայոց Թիֆլիսը: Արդեօք Վրաստանի իշխանութեանց այլասերիչ քաղաքականութիւնը աւելի խի՞ստ է, քան` սուլթանականը կամ ցարականը, որուն միջոցով կ՛ուզեն արգելք ըլլալ հայ գաղութի միաւորման եւ ծաղկումին, թէ՞ մեր ազգային ջիղը կտրուեցաւ: Դեռ որքա՞ն պիտի ծուլանանք եւ թերանանք մեր գոյութենական պայքարին մէջ: Դեռ որքա՞ն թուրքին անսահման հրճուանք պիտի պարգեւենք` մեր գոյատեւման կռուանները կորսնցնելով: Չըլլա՞յ` յանձնուեցանք: Վա՜յ մեզի, եթէ որոշեցինք նստիլ, ձեռքերը ծալել եւ հանգիստ դիտել, թէ ինչպէ՛ս մեր հին սերունդներուն արեամբ եւ քրտինքով վաստկած-կերտուածը կը քանդուի եւ հովին կը տրուի: Չեմ կրնար գործնական լուծում մը առաջարկել, քանի որ աւելի աննպաստ եւ խղճալի միջավայրէ կու գամ, ուր հայութիւնը թիւ է միայն: Սիրտս կ՛այրի իրավիճակը դէպի լաւը շրջելու անզօրութենէն եւ բողոքս շարունակելը աւելորդ կը համարեմ: Գոնէ ազգային արժանապատուութիւնը փրկելու նախանձախնդրութիւնը եւ գաղութը կերտած երախտաւորներուն հանդէպ յարգանքը ստիպեն թիֆլիսահայութեան, որ անդրադառնայ իր խեղճ կացութեան եւ կասեցնէ գահավէժ ընթացքը, եթէ ուշ չէ անշուշտ:
Կը նայիմ Թիֆլիսին եւ դարձեալ երանի կու տամ հին ժամանակներուն, երբ ջարդերուն, սովի եւ թշուառութեան տարիներուն կը բանէր հայութեան ստեղծագործ միտքը եւ կ՛արարէր հայու բազուկը, երբ ազգի դէմ ամէն դաւադրութիւն, քաղաքականութիւն եւ «բիւրաւոր աննպաստ պայմաններ», որոնց ետին պահուըտելով` այսօր կը փորձենք խոյս տալ մեր ցուցաբերած անհոգութեան պատասխանատուութենէն, անկարող էին կասեցնելու նահատակուած եւ յարութիւն առած հայ ժողովուրդի յաւերժական երթը: