Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Ակնարկ. Հաշտեցումները` Քրիստոնէական Կղզիի Կայացման Ընդառաջ

$
0
0

Լիբանանեան քրիստոնէական քաղաքական դաշտին մէջ արձանագրուած հաշտեցման պատմական հանդիպումը կը թուի վերջ դնել ընտանեկան-քաղաքական հաշուեյարդարի պատճառով քառասնամեայ ամբողջական խզումին եւ թշնամանքին:

Համակողմանիօրէն շեշտ կար հաշտեցման գործողութեան մարդկային էութիւնը ընդգծելու` լիբանանեան հանրային կարծիքը համոզելու համար, որ քաղաքական որեւէ գործարքի արդիւնք չէ կատարուածը:

Քաղաքական ապաշխարանքի մօտեցումով դրականօրէն ցնցիչ այս եղելոյթը բնականաբար չի  կրնար ապաքաղաքական պարունակներու մէջ չդիտարկուիլ: Քրիստոնէական քաղաքական դաշտի երկու բեւեռներու մերձեցման կայացումը բնականաբար նախ եւ առաջ կը տարածուի երկու դէմքերուն գլխաւորած կազմակերպութիւններուն վրայ, անոնց ճամբով այդ կուսակցութիւններու շարքերուն, համակիրներուն եւ աստիճանաբար երկու շրջանակներուն անմիջականօրէն առնչուած հանրութեան:

Շարժառիթները ճշգրտօրէն թուարկելը անշուշտ ենթադրական վերլուծաբանութեան սահմաններէն դուրս չեն  կրնար գալ եւ չեն անցնիր առարկայական-իրողական հարթութեան սահմանը:

Այսուհանդերձ, անհրաժեշտ է արձանագրել քանի մը դիտարկում, որոնք հաշտեցման նման տարողունակութեան հետ անպայման, իբրեւ քաղաքական մտածողութեան հետ կապուած վարկածներ, շրջանառութեան մէջ կը մտնեն տեղեկատուական-վերլուծական շրջանակներու մօտ:

Հաշտեցումի գործողութիւնը վստահաբար անցած է նախապատրաստական փուլերէ եւ գլխաւոր միջնորդի ճշդած բանագնացները երկար ատեն իրականացուցած են մագոգային աշխատանք` Պքերքէի հանդիպումին յանգելու համար: Յայտնաբար Պքերքէն հետեւողական, լուսարձակներէ հեռու երկար ժամանակի վրայ աշխատանք տարած է այս արդիւնքին յանգելու համար:

Հոգեւոր կեդրոնը քառասնամեայ թշնամանք վերացնելու համար օրինաչափ հանգամանք ունի անշուշտ, քաղաքական ապաշխարանք ապահովելու մէկ կողմէ, միւս կողմէ ներում շնորհելու քայլը առնելու համոզումը կայացնելու:

Խնդիրը սակայն հոգեւոր առաքելութենէ անդին ունի համայնքային-քաղաքական նշանակութիւն եւ ենթամղումներ: Մարոնի համայնքապետութեան դերը պէտք չէ շրջանցել ներքրիստոնէական այլ նախընթաց հաշտեցումներ իրականացնելու ուղղութեամբ:

Մարոնի համայնքի յատկապէս եւ քրիստոնեայ համայնքներու ընդհանրապէս միջեւ լարուածութիւնները, խզուած իրավիճակներն ու թշնամանքները համերաշխական մթնոլորտի վերածելու հոգեւոր այս քաղաքականութիւնը անպայման նկատի ունեցած է նոյն այդ համայնքներու նօսրացման կտրուկ կշռոյթները ո՛չ միայն տարածաշրջանին մէջ ընդհանրապէս, այլ նաեւ այս երկրին մէջ յատկապէս:

Կոտորակուած իրավիճակը նօսրացումի միտումներու արագացման նպաստող երեւոյթ է, մինչ համերաշխութիւնը այս պարագային դուռ կը բանայ հեռանկարայնութեան:

Իբրեւ քրիստոնեաներ պաշտպանուելու, ինքնապաշտպանուելու եւ ատոր համար համախմբուելու քաղաքական բնազդի առարկայացման շրջանակներուն մէջ կարելի է դիտարկել խնդիրը, մանաւանդ երբ միջազգային վերլուծաբանական կանխատեսումնային հրապարակագրութիւնը կը խօսի Լիբանանի մէկ հատուածին մասին իբրեւ քրիստոնեայ կղզի ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Այս կղզիի պահպանման համար Պքերքէի առած քայլերը ունենալու են նաեւ Վատիկանի համաձայնութիւնը, եթէ ոչ պատուէրն ու թելադրանքը` Լիբանանի ներքրիստոնէական դաշտը միաւորելու:

Տարադաւան համայնքներու միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող եւ ահագնացող լարուածութիւններու, բախումներու ընդհանուր իրավիճակին դիմաց ներքրիստոնէական միաւորումը քաղաքական շարժառիթներ ունի, որոնք լիբանանեան պետական նեղ շրջանակներուն մէջ ենթադրելի գործարքներուն հետ կապ չունին: Քրիստոնէական կղզին հոգեւոր կեդրոններու առաջադրանքներէն աւելի չէ բացառուած, որ աշխարհաքաղաքական օրակարգ է: Ներքրիստոնէական հաշտեցումները այդ օրակարգին նպաստող գործօններէն կրնան նկատուիլ:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>