ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Խօսքը արդար, ապագայակերտ, գեղարուեստական շունչով ու որակով լիացած յաղթանակի մը մասին է:
Յայտնապէս յաղթանակներու շքերթի մը, որուն հերոսները մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Անոնք ունին մէկ պատկանելիութիւն, ինքնութիւն եւ մտասեւեռում, անոնց շաղախը հայ թատրոնի փառքն ու պարծանքն է, դէպի գեղեցիկը ձգտելու իրաւութիւնը:
Իսկ այդ ձգտումը ի՛նչ կը պահանջէ, եթէ ոչ ջանք ու քրտինք, կամք ու ճիգերու խտացում, սէր ու նուիրում, խանդավառութիւն եւ ինքնավստահ սլացք, ջանադիր աշխատանք եւ արուեստի ծանօթացման համար պայքարելու ներուժ:
Անոնք աւագ արեգական պարմանուհիներ են, որոնք հազիւ տասնվեց գարուն բոլորած են, սակայն ըլլալով հաւատաւոր զաւակները հայ արուեստի ծաղկումին նպաստող ուսուցիչի (բեմադրիչ), հայաբոյր մթնոլորտի (Համազգային), պատուաբեր միջավայրի (թատրոն), այլապէս ալ արժանանալով գեղագիտական շունչի եւ ուժեղ գուրգուրանքի, ահաւասիկ մեզ` թատերասէրներս զարմացուցին իրենց հրաշալի կատարումով եւ բացառիկ ոգեկանութեամբ:
Անոնք մեզի թատրոն չխաղացին, հակառակ իրենց փոքր տարիքին եւ փորձառութեան, այլ հանդիսատեսին փոխանցեցին իրենց սորվածին եւ դաստիարակութեան ներքին հայեցողութիւնները, նեարդային կապն ու սէրը` հանդէպ թատրոնին, եւ բացառապէս կրցան իրենց եզակի խաղարկութեամբ այսքան խոհական եւ դժուարին թատրերգութեան մը վսեմ խորհուրդները սեփականութիւնը դարձնել բոլոր ներկաներուն:
Քանի մը խօսք ալ ընդհանրապէս թատրերգութեան մասին:
Առիթով մը, չեմ յիշեր ուր, կարդացած եմ հետեւեալ տողը, որ մօտաւորապէս կ՛ըսէ, թէ թատրոնը մեր տունն է, համայն մարդկութեան տունը: Նման մտածումի մը ազդեցութեան տակ քանի մը օր առաջ հեռացայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն, հանդիսատես ըլլալէ ետք «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատերական ներկայացումին:
Ի դէպ, ներկայացման հրաւիրուած էր հայ վարժարանի բարձր դասարաններու աշակերտութիւնը, որ, հակառակ ընդունուած «վիճակ»-ի` անհանդարտ ըլլալու եւ կամ աղմկելու, անոնք ուշի-ուշով կը հետեւէին ներկայացումին. սա արդէն իրագործում մըն էր ինքնին:
Աւելի՛ն. յատկանշականը այն էր նաեւ, որ նոյնինքն ներկայացումի ամբողջ տեւողութեան, նկատի ունենալով մատուցուած թատրերգութեան թեման, շանթեան հոգեկանութիւն մը պատեց մեզ, եւ ձեւով մը ստիպեց կրկին անձնատուր ըլլալու Լեւոն Շանթի գեղարուեստական շունչին, թատերական հայեացքներուն եւ առանձնաբար խոհափիլիսոփայական մտածումներուն:
Այս իմաստով մեծ յաջողութիւն պէտք է նկատել վաստակաւոր դերասան ու բեմադրիչ, ուսուցիչ ու մանկավարժ Ռոպերթ Առաքելեանի գնահատելի աշխատանքը, որուն շնորհիւ մենք վերապրեցանք նման պահերն ու զգացողութիւններու գրաւչութիւնը:
Պարտք կը զգանք ընդգծելու, թէ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի թատերական աշխարհահայեացքին հիմնական յատկանիշը կը կազմէ մարդկային հոգեկանութեան եւ ներաշխարհային ոլորտներու հանդէպ ցուցաբերած «յամառ» հետաքրքրութիւնը, «անուղղայ» սէրը եւ զանոնք լոյսին բերելու յարատեւ ճիգը, մղումը, եռանդն ու մտասեւեռումը:
Ըսուածին բարացուցական ապացոյցը նոյնինքն մատուցուած այս թատերական փիէսն է, որ կ՛ընդգրկէ համամարդկային արժէքներու խոր հասկացողութիւններ, մարդ արարածի բարդ ներաշխարհին մէջ առկայ հակասութիւններու շղթաները, ինչպէս նաեւ` անոնց ուղղակի եւ անմիջական ազդեցութիւնը` կեանք կոչուած իրականութեան վրայ:
Սպանացի աշխարհահռչակ գրող, թատերագիր եւ իմաստասէր Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի վերոնշեալ թատրերգութեան ընտրութիւնը առաջին հերթին յաւակնոտ մօտեցում մըն է բեմադրիչին կողմէ, ինչպէս նաեւ համարձակ քայլ մը` նման ծանրախոհ եւ հզօր ոգեկանութիւն պահանջող փիէսին «յանձնումը» պարմանուհիներու քմայքին:
Այսուհանդերձ, մատնանշելին այն է, թէ բեմադրիչը` ներշնչուած ըլլալով սպանացի իմաստասէրին համամարդկային գաղափարներէն եւ անոնց այժմէականութենէն, բայց մանաւանդ ինքնավստահութիւն տածելով իր սաներուն անհատական թէ խմբային կարողութիւններուն նկատմամբ, առանց վարանումի նետուած է նման արկածախնդրութիւն պահանջող քուրայի մը մէջ, առանձնաբար հաւատալով իր արուեստագէտի կոչումին եւ յանձնառութեան:
Ինչ կը վերաբերի 10 պարմանուհի դերասաններուն, անոնք շնորհիւ իրենց տաղանդին եւ բարձրորակ արուեստի գործ մը ներկայացնելու խոր գիտակցութեան, կը խոստովանինք, որ կրցան յաղթահարել ամէնէն բարդ եւ դժուարին քննութիւնն անգամ, թատերասէրներու ներկայացնելով նման բազմախորհուրդ եւ ծանրախոհ թատրերգութիւն մը, որուն համար մեծապէս շնորհակալ է հայ արուեստասէրը:
Երբ կը հաստատենք անոնց յաղթանակը, ապա պէտք է լոյսին բերել ատոր հիմքը, որոշակի տուեալներն ու հիմնաւորումները:
Այսպէս, մանկապատանեկան թատրոնի փորձառութենէն քայլ մը անդին անցնելով, արդէն զգալի էր անոնց կազմաւորումին հարազատ ու վճիտ պատուանդանը, որուն ապաւինած անոնք ճամբայ են ելած դէպի այսպէս ըսած չափահաս թատրոնի աշխարհ:
Գնահատելի էր անոնց հաւաքական ճիգն ու պայքարի ոգին, որոնցմով զինուած էին դերասանուհիները:
Ճիգ` առաւելագոյնը մատուցելու եւ թատրերգութեան գեղեցիկ, շատ անգամ բարդ եւ հակասական գաղափարները պարզաբանելու:
Պայքարի ոգի` յանուն մարդկային ապրումներու, զգացումներու եւ մտածումներու բիւրեղացման եւ առհասարակ շեշտադրումին:
Փաստօրէն, երբ կ՛ըսենք, որ Պեռնարտա Ալպայի տունը նաեւ մեր տունն է, յայտնապէս կ՛ուզենք ընդգծել, թէ իբրեւ ընկերային համակարգ թէ միջավայր, արդեօք ազատ ու անկաշկանդ ապրելու ձգտում, սէր հայցելու եւ սիրոյ տարփանք երազելու պահանջք, տգէտ ու կարծրատիպ ծնողներու դէմ պայքարելու վճռակամութիւն, մարդկային տիպար վերաբերումներու պաշտպանութիւն, հաւաքական կեանքին մէջ առկայ յիմար եւ ապաշնորհ մտածումներն ու սայթաքումները խարազանելու նախանձախնդրութիւն, ընկերութեան մէջ արմատ նետած խաւարամիտ եւ տկլոր համոզումներու դէմ կեցուածք ճշդելու հրամայական պահանջ չե՞նք ունեցած, վստահ որ ունեցած ենք ու տակաւին կը շարունակենք կառչած մնալ մարդկային առողջ հայեցակարգերու առաւել կենսագործման եւ ամրապնդման` տիպար հասարակութեան կեանքի ու մտքի ձեւաւորման ի խնդիր:
Արդարեւ, երբ թատերական ներկայացում մը կ՛արծարծէ նման թեմաներ, ապա ատիկա կ՛ենթադրէ լուրջ եւ պատասխանատու պատրաստուածութիւն:
Այս առումով մեր պարմանուհի դերասաններուն դիմագիծին վրայ կ՛եռեւեփէին պոռթկումի եւ ցասումի արտայայտութիւնները, ձայնային ելեւէջներու գրեթէ ճշգրիտ արտաբերումով, բեմական առոգանութեան եւ շարժուձեւերու իրաւութեամբ, շատ անգամ յուզախառն, ժուժկալ եւ խոր ապրումներու փոխանցումով, զգայարանքային յատկութիւններու ներդաշնակ մատուցմամբ, եւ մասամբ նորին:
Հարկ է ընդգծել նաեւ, որ նման գնահատելի խաղարկութեան մը նպաստեցին բազմաթիւ գործօններ:
Առաջին հերթին բեմի յարդարումը ունէր գրաւիչ տեսք մը, անիկա իր ստեղծագործական պարզութեամբ կ՛արտացոլացնէր փիէսին մթնոլորտն ու միջավայրը: Տարազները պճնազարդ չէին եւ կը համընկնէին սպանական աւանդական սովորութիւններու: Երաժշտական կտորը հոգեգրաւ էր, լուսաւորումի միջամտութիւնները` տեղին, պարերու ընդգրկումը` հարազատ:
Անկեղծ ըսած, եթէ երբեք զանց առնենք այս առիթով ստեղծուած կազմակերպչական թէ այլ դժուարութիւններ, խոչընդոտներ թէ թեքնիք իմաստի ոչ հեզասահ գործընթացներ, առանց վարանելու պէտք է լոյսին բերել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, թէ շնորհիւ հմուտ բեմադրիչի կամքին ու տեսլականին, երեւակայութեան եւ գեղարուեստական շունչին, հովանաւոր միութեան եւ բարեկամներու օժանդակութեան դժուար թէ նման թատերական գործ յանձնուէր թատերասէրներու «կրկէս»-ին:
Երախտիքի եւ շնորհակալ զգացումներու փոխանցման առընթեր, փափաքելի եւ մաղթելի է, որ այս փիէսը շարունակէ իր «պտոյտ»-ը` ընդգրկելով լիբանանեան տարածքի այլ հայահոծ շրջաններ, նոյնիսկ` երկիրներ, որովհետեւ արժանի զաւակն է հայ թատրոնին:
Բարի երթ: