Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17220

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Յովակիմ Մելիքեան

Յովակիմ Մելիքեան. հայ քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի 2-րդ գումարման պատգամաւոր:

Ծնած է 1885-ին: Ուսումը ստացած է Ռուսիա, իբրեւ բժիշկ` վկայուած է գերմանական համալսարանէն:

1917-ին` Երեւանի Հայ զինուորական միութեան նախագահ:

Արամ Մանուկեանի մօտիկ գործակիցը, կը մասնակցի Սարդարապատի ճակատամարտին:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ետք կը նշանակուի առողջապահութեան նախարարի օգնական. կ՛ընտրուի խորհրդարանի պատգամաւոր. մաս կը կազմէ զինուորական յանձնաժողովին:

Պոլշեւիկեան իշխանութեան շրջանին կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի. կ՛ազատի շնորհիւ Փետրուարեան ապստամբութեան: Իբրեւ տարագիր` կ՛անցնի Պարսկաստան:

Յովակիմ Մելիքեանը կը մահանայ 1964-ին, Թեհրան:

Վահան Մինախորեան

Վահան Մինախորեան. քաղաքական գործիչ եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Վահան Մինախորեանը ծնած է 1884-ին, Գանձակ: Ուսումը ստացած է Մոսկուայի Առեւտրական ճեմարանին մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած է Պաքու, ուր հիմնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղտնի տպարանը եւ կազմակերպած` բանուորական գործադուլներ:

Ռոստոմի յանձնարարութեամբ մեկնած է Սամսոն, աշխատած է տեղի հայկական դպրոցին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ: Կարնոյ մէջ մասնակցած է ՀՅԴ Ը. Ընդհանուր ժողովին: Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Սամսոնի հայ բնակչութեան հետ միասին տեղահանուած է եւ աքսորուած` Օսմանեան կայսրութեան հարաւային շրջաններ, սակայն հրաշքով կարողացած է ազատիլ, որուն մասին յիշողութիւններու հիման վրայ գրած է «Արհաւիրքի օրեր» գիրքը:

1918-ին եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր:

1919-ին Երեւանի մէջ կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին:

23 նոյեմբեր 1920-ին Սիմոն Վրացեանի կառավարութեան կազմին մէջ նշանակուած է հանրային կրթութեան եւ առեւտուրի նախարար եւ պաշտօնը զբաղեցուցած է 23 նոյեմբեր 1920-էն մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920:

Մասնակցած է Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) հայ-թրքական բանակցութիւններուն, եղած է հաշտութեան պատուիրակութեան անդամ:

18 փետրուարի 1921-ին եղած է Փրկութեան կոմիտէի անդամ: 1921-ին անցած է Պարսկաստան, այնուհետեւ` Փրակա, 1934-ին` Պելկրատ (Եուկոսլաւիա):

Վահան Մինախորեանը մահացած է 1946-ին, Պելկրատ:

Մկրտիչ Մուսինեան

Հայ քաղաքական, հասարակական գործիչ, բարերար, Երեւանի նահանգապետ, Հայաստանի հողագործութեան, գինեգործութեան զարգացման նուիրեալ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Մկրտիչ Մուսինեանը ծնած է 14 յունուար 1868-ին, Երեւան, հին Երեւանի յայտնի եւ յարգուած ընտանիքներէն մէկուն մէջ: 6 տարեկան հասակին կորսնցուցած է հայրը: Գերազանց աւարտած է թեմական դպրոցը, ընդունուած է Թիֆլիսի Ներսիսեան հոգեւոր դպրոցը, որմէ ետք մեկնած է Մոսկուա` հետեւելու ֆրանսերէնի դասընթացքներու: Ապա ընդունուած է Ֆրանսայի Մոնփըլիէ քաղաքի շերամապահութեան դպրոցը:

Այնուհետեւ վերադարձած է Երեւան, ուսումնասիրած է Երեւանի գինեգործութեան հեռանկարները, կազմած է Երեւանի գինեգործութեան դպրոց ստեղծելու նախագիծ, դիմած է պետական մարմիններուն աջակցութեան համար, սակայն մերժում ստացած է:

Մուսինեանը, 1892 հոկտեմբերին աշխատանքի անցած է Երեւանի գինիի եւ քոնեակի գործարանին մէջ` իբրեւ գինեգործ եւ քոնեակի մասնագէտ, 1894-ին նշանակուած է գործարանի կառավարիչ: Գործարանը կառավարած է 21 տարի: Միաժամանակ զբաղած է ինքնակրթութեամբ, ուսումնասիրած է` ապրանքագիտութիւն, հողագործութիւն, հաշուապահութիւն, օրէնսդրութիւն, քաղաքագիտութիւն:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն քոնեակի արտադրութեան մէջ կրցած է պահպանել օգտագործուող սփիրթի պաշարները, որոնք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մեծ քանակութեամբ արտարժոյթ բերած են:

Մ. Մուսինեանը իր մասնագիտական գործունէութիւնը դրած է Հայաստանի վերելքի տրամադրութեան տակ: Այդ աշխատանքի զուգընթաց` աշխուժօրէն կը մասնակցի հին Երեւանի Քաղաքական եւ հասարակական կեանքին: Ան 15 տարի եղած է Քաղաքային խորհուրդի անդամ, Հայոց բարեգործական ընկերութեան Երեւանի մասնաճիւղի անդամ, Գաղթականական եղբայրական օգնութեան փոխնախագահ, հայկական լազարեթի նախագահ, Երեւանի թեմական դպրոցի հոգաբարձու, Երեւանի նահանգի  Պարենաւորման կոմիտէի նախագահ:

1918-ին, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը, Թիֆլիսէն կը փոխադրուի Երեւան, Մկրտիչ Մուսինեանը 9 յունուար 1919-ին կը նշանակուի Հայաստանի մայրաքաղաքին առաջին նահանգապետը եւ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է մինչեւ 27 նոյեմբեր 1920 :

Պոլշեւիկեան իշխանութեան օրով Մ. Մուսինեանը, այլ դէմքերու կողքին, ինք եւս կը բանտարկուի, ազատ կ՛արձակուի Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ:

Կը մնայ Հայաստան, չի հեռանար, ժամանակ մը թաքնուած ապրելէ ետք «լոյս աշխարհ» կու գայ, պոլշեւիկները պաշտօն կու տան իրեն «Արարատ» գինեգործարանին մէջ:

Մկրտիչ Մուսինեանը կը մահանայ 1929-ին:

Խորէն Եպս. Մուրատբէկեան

Խորէն Ա. Տփղիսեցի (աւազանի անունը` Ալեքսանդր Մուրատբէկեան), Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:

Ծնած է 8 դեկտեմբեր 1873-ին, Թիֆլիս: 1892-ին աւարտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, ապա ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ համալսարաններուն մէջ: 1897-ին Ներսիսեան դպրոցին մէջ նշանակուած է երգի ուսուցիչ: 1901-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, նոյն թուականի դեկտեմբերին` աբեղայ, եւ նշանակուած է Նոր Պայազետի (այժմ` Գաւառ) եկեղեցիներու բարեկարգիչ: 1902-ին ձեռնադրուած է վարդապետ:

1903 յունիսին, եկեղեցական կալուածներու եւ ունեցուածքի բռնագրաւման ժամանակ ցարական իշխանութիւններուն դիմադրութիւն ցոյց տալով` ձերբակալուած եւ աքսորուած է Ռուսիոյ Օրէոլ (կամ Օրել) քաղաք: 1905-ին վերադարձած է աքսորէն եւ նշանակուած` Կորի-Իմերեթի-Պաթումի եւ Արդուինի առաջնորդական փոխանորդ: 1907 յունիսին նշանակուած է Նոր Պայազետի եւ Տարաչիչակի (այժմ` Ծաղկաձոր) եկեղեցիներու բարեկարգիչ:

1909 դեկտեմբերին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս: Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Երեւանի թեմի Եղբայրական օգնութեան յանձնաժողովի նախագահն էր, կազմակերպած է վիրաւոր հայ զինուորներու եւ գաղթականներու օգնութեան գործը:

1917-ին անոր նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած է Հայոց ազգային խորհուրդը:

1918-ին հայ զօրքին հետ կը մեկնի Ալակէօզի ռազմաճակատ:

1919-ին Գէորգ Ե. Սուրէնեանցի կարգադրութեամբ եւ Հայաստանի կառավարութեան հրահանգով, իբրեւ հայրապետական պատուիրակ, մեկնած է Փարիզ` համերաշխութիւն հաստատելու Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին մասնակցող հայկական ազգային երկու պատուիրակութիւններուն միջեւ:

1920-ին Փարիզէն մեկնած է Ամերիկա` կարգաւորելու պառակտուած թեմական կեանքը: Այստեղ կազմակերպած է հանգանակութիւն` Հայաստանի պաշտպանութեան եւ վերաշինութեան համար:

11 դեկտեմբեր 1920-ին Գէորգ Ե. Սուրէնեանցի կոնդակով անոր շնորհուած է արքութեան տիտղոս եւ պատիւ: 4 մարտ 1923-ին կարգուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տեղապահ եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նախագահող: Այս պաշտօնի վրայ ան պայքար ծաւալած է «Ազատ եկեղեցական եղբայրութեան» խմբաւորման դէմ:

Գէորգ Ե. Սուրէնեանցի վախճանումէն ետք, 1930-1932 թուականներուն ղեկավարած է Հայ եկեղեցւոյ գործերը: 12 նոյեմբեր 1932-ին ընտրուած, իսկ 13-ին օծուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:

Ան պայքար ծաւալած է փակուած եկեղեցիները վերաբանալու օգտին, հանդէս եկած է եկեղեցիները քանդելու եւ ոչ իրենց նպատակին օգտագործելու, խորհրդային իշխանութիւններու` հայ հոգեւորականներուն բռնութիւններու ենթարկելու քաղաքականութեան դէմ:

Զբաղած է եկեղեցւոյ սահմանադրական, ծիսական, կազմակերպչական համակողմանի քննութեան ու բարեկարգման, մայր տաճարի վերանորոգման, Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններու ստեղծման հարցերով: Գլխաւորած է Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան 1500-ամեակին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ: Զգալի աշխատանք կատարած է սփիւռքահայութեան ազգային-հայրենասիրական ոգին պահպանելու, սփիւռքահայութիւնը Հայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու եւ հայրենիքին` Հայաստանի հետ սերտ կապ պահպանելու ուղղութեամբ:

Խորհրդային Հայաստանի չեկիստները 6 ապրիլ 1938-ին Խորէն Ա. կաթողիկոսը խեղդամահ կ՛ընեն վեհարանի իր բնակարանին մէջ, երբ ան կը մերժէ իրենց յանձնել Էջմիածնի գանձարանին բանալիները, իր վախճանումը կը յայտարարեն` որպէս «սրտի տագնապ»:

Անոր մարմինը ամփոփուած է նախ սուրբ Գայեանէ եկեղեցւոյ գաւիթը, ապա 1996 սեպտեմբերին աճիւնը տեղափոխուած է Էջմիածնի մայր տաճարի բակը:

Մօրուք Կարօ

Մօրուք Կարօ. բուն անունով` Կարապետ Աւոյեան, հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1875-ին, Սասնոյ Կելիէկիւզան գիւղը: Որդին էր իշխան Աւէի: Նախնական ուսումը ստացած է Ս. Առաքելոց վանքին մէջ, այնուհետեւ աւարտած է Մշոյ Կեդրոնական վարժարանը:

Մօրուք Կարօ հազիւ 18 տարեկան, 1893-ին լեռ բարձրացած ու միացած է ֆետայական շարժումին: Այդ թուականէն սկսեալ մասնակցած է Սասնոյ բոլոր կռիւներուն (1894, 1898, 1904 եւ 1907)` միշտ գտնուելով կռուի առաջին դիրքերուն վրայ:

1908-ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք Մօրուք Կարօ զէնքը մէկդի չէ նետած: Ան մասնակցած է Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան, ահեղ կռիւներէ դարձեալ վերապրած ու առաջնորդած է Սասնոյ հայութեան գաղթը դէպի Արեւելահայաստան:

Մօրուք Կարօ գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը եղած է «մէկ հայ` մէկ ոսկի» կարգախօսով թափ առած հայ որբերու հաւաքման սրբազան գործին:

1918-ին Կարօ, միեւնոյն մարտունակութեամբ, սասունցի իր ձիաւորներով մասնակցած է մայիսեան յաղթանակներու կերտումին, ինչպէս նաեւ` հետագայ այն բոլոր մարտերուն, որոնք այնուհետեւ մղուեցան, Կարոյի պարագային` առաւելաբար Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ, թէ՛ յանուն Արեւմտահայաստանը թրքական զօրքերէն ազատագրումին, թէ՛ յանուն Զանգեզուրի ու Ղարաբաղի պաշտպանութեան:

Մօրուք Կարօ առաջին դիրքերու վրայ կռուած է նաեւ 1920-ին աշնան բռնկած հայ-թրքական պատերազմի ընթացքին, իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք առաջնորդներէն մէկը եղած է պոլշեւիկեան խժդժութեանց դէմ 18 փետրուար 1921-ին պայթած համաժողովրդային ապստամբութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, յուլիս 1921-ին Մօրուք Կարօ կ՛անցնի Թաւրիզ, ուրկէ` Հալէպ եւ, այնուհետեւ, Յունաստան: Քանի մը տարի Յունաստան մնալէ ու գործելէ ետք, 1926-ին, երբ խորհրդահայ իշխանութիւնները ներում կը խոստանան հայրենիք վերադարձի պատրաստակամութիւն ունեցող տարագիր գործիչներուն, Մօրուք Կարօ կը վերադառնայ հայրենիք եւ բնակութիւն կը հաստատէ Թալինի շրջանը: Ան կը ստեղծէ իր նոր կեանքի պայմանները, բայց` միշտ հանդիպելով հալածանքի եւ ի վերջոյ դարձեալ կը ստիպուի հեռանալ իր հայրենիքէն:

Մօրուք Կարօ իր կեանքի վերջին տարիները կ՛ապրի Համատանի մէջ (Պարսկաստան), ուր կը շարունակէ կազմակերպական գործուն ներկայութիւն ըլլալ Դաշնակցութեան մէջ:

Մօրուք Կարօ կը մահանայ 6 դեկտեմբեր 1949-ին:

(Շար. 13)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17220

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>