ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Սոյն վրդովմունքը կու գայ ողբացեալ Պօղոս Սնապեանէն եւ վերնագիրն է իր նոյնանուն վէպին, զոր ան հրատարակեց ներգաղթի առաջին օրերուն, երբ մրցանիշ կոտրող աղմկարարութիւն մը տեղի ունեցաւ եւ դատի առնուեցան Օշականի անձը, ինչպէս եւ անոր գրականութիւնը. «Ըսուեցան անմիտ բաներ: Տպուեցան չգրուելիք բաներ», այս էր մեկնակէտը գրոհին:
Սնապեանին այս վէպը կու տայ հարազատ պատկերը այդ օրերու Պէյրութի եւ Հալէպի դաժան կացութեան:
Սնապեան չէր կրնար «լուռ մնալ» այս կացութեան դիմաց: Իր սիրելի ուսուցիչին դէմ այսպիսի յարձակում մը թոյլատրելի չէր իրեն համար:
Այդ օրերուն նաեւ թերթերը կը յորդէին ատելավառ յօդուածներով: Նոյնիսկ ոճիրներ գործուեցան նոյն այս պատճառով: Մարդիկ այնքան զիրար կ՛ատէին, որ նոյնիսկ զիրար կը սպաննէին:
Սնապեան այսպէս կը բացատրէր եղելութիւնը. «Շուտով հասկցուեցաւ սակայն, թէ ի՛նչ կար այդ բոլորին տակնուվրան: Մարդիկ, աւելի ճիշդ` ընդհանրապէս կ՛ըսեն Օշականէն անտեսուած գրչակներ, մանր բանաստեղծ ու մանրամանր արձակագիրներ, առիթը յարմար նկատած էին իրենց հին հաշիւները մաքրելու եւ նոր հաշիւներով Հայաստանին կապուելու: Ժամանակը այդպէս կը պահանջէր: Պարագաները այդպէս կը պարտադրէին:
Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներուն թափօրն է: Իմ բերանս վարժ չէ սրբապղծութեան:
Սոյն կեցուածքը հայրենիք մէջ տակաւին նոյնը կը մնայ Օշականի հանդէպ: Մեզի կ՛ըսէին եւ մինչեւ հիմա կ՛ըսեն. «Ի՜նչ է, դուք Օշականէն զատ ուրիշ մարդ չունի՞ք, Օշականի մը պոչը բռներ էք ու կ՛երթաք»:
Սնապեան վէպի սկզբնաւորութեան իսկ կը պատմէ Երուսաղէմի իր փորձառութիւնը, երբ առաջին օրէն վանքին պատասխանատուները զինք կը չարչարէին, որովհետեւ ինք միակ դաշնակցականն էր նորեկներու խումբին մէջ: Կղերականներուն միակ սպառնալիքը դաշնակցական տղոց հետեւեալն էր. «Լռիր, հիմի՛ փասփորը ձեռքդ կը տամ»: Այսինքն ետ Պէյրութ կամ Հալէպ կը ղրկեմ ձեզ:
Դժուարութեամբ Երուսաղէմ հասած տղոց համար ամենամեծ պատիժը կ՛ըլլար ատիկա: Բայց վարդապետները դիւրութեամբ կը կրկնէին այդ սպառնալիքը, որ սակայն չէր բաւեր տղոց` Դաշնակցութենէն հրաժարելու համար:
Սնապեան կը շարունակէ խորհրդածել. «Դաշնակցութիւնը իր ծոցին ունեցաւ եւ ունի մեծանուն եւ խոնարհ հերոսներ, ունեցաւ եւ ունի մտաւորականներու հոյլ մը եւ բոլոր մակարդակներու վրայ գործիչներ եւ ներկայացուցչական տիպարներ, որոնցմէ մէկը, առաւելագոյնը` Մանուկեան Արամ, որ իր անձին մէջ կը մարմնաւորէ իւրաքանչիւրէն բան մը, կը խտացնէ ընտիրներու փաղանգի մը տիրական առաքինութիւնները եւ անաղօտ լոյսի մը պէս կը ճառագայթէ մեր իրականութեան վրայ»:
Օրինակի համար, տարաբախտ Օհան Կարոյի ուրուանկարին մէջ, տեղ մը, Արամի համար կ՛ըսուի. «Նա հաշմանդամ Յարոյին ասում էր` «Ա՛ռ մահիճդ ու քայլիր», եւ Յարոն քայլում էր ռազմիկի պէս…»:
«Այս խաչակրութիւնը իր ծանր անդրադարձը ըրած էր: Տխուր էր Օշական, մահու չափ»:
«1918-ին հաշմանդամ էր բովանդակ մեր երկիրը, եւ շնորհիւ Արամի կախարդական կարողութեան` ոտքի կանգնեցաւ եւ քալեց ներխուժող թշնամիին վրայ, ու յաղթեց ու հիմը դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան»:
«… Եւ գիտենք, որ հետագայ դէպքերը վարչական տարբեր դասաւորում մը պարտադրեցին մեր հայրենիքին եւ թոյլ չտուին, որ յարուցիչ ոգին գնահատուի ըստ արժանւոյն»:
Առանց մեր յեղափոխութեան` անկարելի է Արամ մը երեւակայել ու առանց Արամին` մեր յեղափոխութիւնը, որուն բերած նպաստը նուազ տեսանելի պիտի ըլլար, պիտի կշռէր նուազ, եթէ զեղչուէր անկէ Արամի տուրքը»:
28 մայիս 28, 1919: Անկախութեան առաջին տարեդարձին առթիւ հրապարակային ելոյթներ ունեցան մեր եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսները, մէկը` Երեւան, միւսը` Անթիլիաս, որոնք աղօթք կը բարձրացնէին առ Աստուած` պահել պահպանելու համար մեր շահած այդքան սուղ անկախութիւնը` շնորհիւ մեր քաջերուն: Շնորհիւ` անոնց թափած անսակարկ արեան: Եւ անոնք շահեցան մեր երկրի անկախութիւնը: «Առաջին Ողջոյնը» հատուածին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Այս թերթին եւ մամլոյ այս թեւի միւս անդամներուն էջերէն ընթերցողը արդէն ծանօթ է այն կոչին, զոր ՀՅ Դաշնակցութեան 22-րդ Ընդհանուր ժողովը ուղղած էր հայ ժողովուրդին»: Կոչը ուղղուած էր համայն հայ ժողովուրդին, բոլորին, այսինքն հայ ժողովուրդին` իր բոլոր հատուածներով: Նոյն առթիւ, երկու կաթողիկոսներն ալ չեն մոռնար յիշելու մեր ազգին նահատակութիւնը` տխրահռչակ «24 ապրիլ»-ին:
«Կ՛ուզեն, որ Դաշնակցութեան հայհոյեմ: Ինչպէ՞ս հայհոյեմ Դաշնակցութեան: Չէ՞ որ Վարուժանը այդ կուսակցութեան անդամ էր: Չէ՞ որ Սիամանթոն, Սեւակը անդամ էին: Երուխանին, Զարդարեանին, Գեղամին կուսակցութեան ինչպէ՞ս հայհոյեմ ես»:
Լուռ էինք մենք: Երկու ձեռքերը գրպաններուն մէջ մխրճած, գլուխը կախ, դարձեալ գետին կը նայէր: Քիչ մը ետք նորէն խօսեցաւ. «Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներուն թափօրն է: Իմ բերանս վարժ չէ սրբապղծութեան»:
Արամ Մանուկեան առասպելական դէմք է, Հայաստանի անկախութեան կերտիչը, ոչ միայն իր արարքներով, այլ նաեւ` իր նկարագիրով, որ զինք կը մօտեցնէ աւելի հերոսի տիպարին, քան` քաղաքական դէմքին. որ լաւագոյն խառնուրդն է իր պարագային:
Արամի կեանքին ամէնէն յատկանշական օրը նաեւ իր հանդիպումն էր հայ ազգի միւս հերոսին` Արշաւիր Շիրակեանին հետ: Նոյեմբեր 1972-ին: Օրը այլապէս ալ յիշարժան էր: Իմ սիրելի բարեկամ եւ սիրելի գրագէտ Արամ Հայկազի յոբելեանին Նիւ Եորքի մէջ, ուր Սնապեան հրաւիրուած էր իր անկեղծ խօսքը ըսելու: Մեր լիբանանահայ գրագէտը հրաւիրուած էր նստելու յոբելեար Հայկազի կողքին, իսկ հանդիսականներու առաջին կարգին «ի՛նքն է, ահաբեկիչ մեր փառքերուն առաջնակարգ դէմքերէն` Արշաւիր Շիրակեան»: Սնապեանի յատուկ սէրը հայ ահաբեկիչներուն հանդէպ, խտացած կերպով կ՛երեւի այս քանի մը տողերուն մէջ:
Ճիշդ այստեղ Սնապեան կը գրէ հետեւեալը. «Հոն եմ ու հոն չեմ կարծես: Հեղ մը Արամ Հայկազի անցած ճամբաներուն վրայ կը թափառի հոգիս, կը բարձրանայ Շապին Գարահիսարի բերդը, կը պրկուի, կ՛անցնի մեռելներուն մէջէն, կը մորմոքի, կը մտնէ անապատ, կ՛արիւնի, հրաշքին փրկած բեկորներուն հետ կը շարունակէ տառապանքը Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ, եւ հեղ մը մեծախռով Շիրակեանի հետ կրնկակոխ կը հալածէ Երկանեան Արամն ու Արամեան ազգին գողգոթան սարքած մանր ու մեծ հրէշները` շան սատակ ընելով զանոնք, պաղըշտըկելով սուլթանական մայրաքաղաքի արիւնոտ գռիհներուն մէջ, բացուելով Հռոմի բաց պողոտաներուն վրայ եւ արբենալով Պերլինի մէջ խնամքով յարդարուած որջերուն առջեւ»:
Սնապեան կ՛ըսէ Շիրակեանի մասին.
«Շիրակեանի անհանդարտութեան մէկ պահուն կռահեցի իրեն զինակից զէնքը:
– Դեռ կը կրե՞ս հետդ,- հարցուցի ժպտուն:
– Մի՛շտ,- ըսաւ, ու բաճկոնը բանալով ցոյց տուաւ ամբողջութիւնը:
Շիրակեանի ատրճանա՜կը… Չէի կարծեր, որ այսքան խանդաղատանքով պիտի արտայայտուէի ուրիշ մէկ առթիւ մահուան պատճառ դարձող այս առարկային մասին, որքան` այդ օրը: Անձամբ, ընդհանուր մթնոլորտին ալ մաս էի այդ օրը:
«… Եւ աչկունքն են արեգակունք» հատուածին մէջ, երբ ընկերոջը կը պատասխանէ բացարձակ ճշմարտութեան մասին, Սնապեան կ՛ըսէ. «Եթէ ներելի է, ես նոյնիսկ բացարձակ ճշմարտութիւն ըսուածին հասկացողութիւնը չունիմ,- եւ կը բացատրէ: – Իմ բացարձակս, իմ ճշմարտութիւնս համոզումի մը ներքին տենդի մը դիմաց հոգիի մը անշահախնդիր պոռթկումն է, բարկութիւնը կամ խնդակցութիւնը…»:
«Անանձնական անձերը» կտորին մէջ ան կը պատմէ Դաշնակցութեան նոր երդում տուած պատանիներու եւ երիտասարդներու լրիւ փոփոխութիւնը եւ անոնց մեծ տարբերութիւնը միւսներէն. ան կը ճանչնայ զանոնք` դիտելով միայն: Վէպին հեղինակը կը պատմէ հետեւեալը.
« Միայն մեր քաղաքին մէջ եւ միա՛յն այս ամառուան ընթացքին մեր երիտասարդութենէն 138 երկսեռ նորագիրներ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը անցան` ուսուցիչ, ուսանող, աշխատաւոր ու պաշտօնեայ, 239 հոգի»:
Այս առնչութեամբ, շատ են սրտաշարժ դրուագները յեղափոխական մեր պատմութեան մէջ: Յիշենք հետեւեալը. «Հայաստանի ազատագրութեան համար «մատղըւելու» անզուսպ մղումով երիտասարդ մը կը միանայ Գէորգ Չաւուշի ֆետայական խումբին: Ճակատագրական բախումներու մէջ քանի մը վստահելի քննութիւններ տալէ ետք, Գէորգ Չաւուշ կը կարգադրէ ֆետայական սպասներ տալ իրեն` հրացան, փամփշտակալ, սանձ, ասպանդակ եւ սակաւապետութեան խորհրդանիշ ուրիշ իրեր:
«Երբ արտաքնապէս փոխուեցի,- կը պատմէ ենթական,- եւ չափլին հրացանը թեւիս տակ առայ, թուաց, թէ ամբողջ աշխարհը ինձ տուեցին:
«Բայց դրանով չվերջացաւ իմ կերպարանափոխութիւնը:
Մշեցի Տիգրանը, որ քիչ առաջ տնտղել էր իմ մէջքը` իմանալու, թէ ես լաւ մատաղացու եմ թէ ոչ, յանկարծ հեռուից սուր աչքով չափեց իմ հասակը եւ ձիապան Բարսեղից երեք արշին ճերմակ կտաւ առնելով` արագ մօտեցաւ ինձ.
«Սա էլ քո պատանքն է», ասաց նա եւ բոլորի ներկայութեան կտաւը երեք տակ ծալելով` կոխեց պայուսակիս մէջ:
«Պատա՜նք: Ի՜նչ սարսափելի բառ:
«Այդ պահին բոլորը շեշտակի նայեցին ինձ` տեսնելու, թէ ի՛նչ տպաւորութիւն կը գործէ այդ երեք արշիննոց կտաւը ինձ վրայ: Ու այդպէս, ես դարձայ ֆիտայի»:
Յաջորդ հատուածին մէջ ան կ՛ըսէ. «Զոհաբերել ժամանակը` ընթացք մը աշխուժացնելու համար, տաղանդը` գեղեցկութեան մը սիրոյն, արիւնը` սրբութեան մը ի խնդիր:… Եւ կու գան քաջութեամբ, անմնացորդ սիրով, երկիւղածութեամբ, թօթափելով իրենց անձերէն անձնականը, Դաշնակցութեան օրհնութեանբ, անանձնական անձեր. բարո՛վ գան»:
«Առաջին ողջոյնը» խորագիրին տակ երեւացող հետագայ պարբերութիւնը, նաեւ ամբողջ մնացեալը` «Հայոց պատմութեան ձայնին ունկնդիր, հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը ջանայ ամրապնդել մեր ներկայի եւ վաղուան գոյութեան խարիսխները, ամբողջական հայութեան լուսապայծառ ապագայի կերտման հեռանկարով», շատ յատկանշական է:
Հեղինակը կը շարունակէ. «Հայրենական մեր կանչերուն ունկնդիր եւ անոնց հրամայականը այլոց հաղորդող տիպարի մը հայ մարդը հանդիպեցաւ նաեւ մարաջախտ Բաղրամեանի բերնին մէջ, դեռ երկու տարի առաջ, խռովիչ հայ մը` վարպետ Մարգարը, որ` «Ափսո՜ս, շուտ վախճանուեց: Սրամիտ, հմայիչ մարդ էր: Մի անգամ, յիշում եմ, մի խումբ բարձրաստիճան հիւր զինուորականներով հիւր գնացինք Մարգարին: Տեսաւ թէ չէ, գլուխը բռնեց ու մէկէն վրայ տուեց. «Աստուա՛ծ իմ, այսքան մարշալներ ու գեներալներ կան Արարատի ստորոտում եւ թուրքական սահմանը մի քանի մատնաչափ է հեռու հայոց մայրաքաղաքից: Ոմանք ի հարկէ զարմացան այս սրտաբուխ կատակից, բայց մեծամասնութիւնը այն ընդունեց ըստ արժանւոյն»:
«ԸՍՏ ԱՐԺԱՆՒՈՅՆ»: Չեմ կարծեր, որ այս վերջին նախադասութիւնը մեկնաբանութեան կը կարօտի:
Սնապեանի փոքր ծաւալով, այլ ամբողջական այս գրքոյկը որեւէ մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Ան կը ներկայանայ յորդ զգացումներով, էջերէն դուրս եկող յորդութեամբ, այնքան որ հեղինակը պէտք չունի նոյնիսկ զայն ստորագրելու: Ամբողջութեամբ ՍՆԱՊԵԱՆ է:
20 սեպտեմբեր 2018