Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին այցելութիւնը տարածաշրջան, իր երկրին եւ բնականաբար Երեւանի, Պաքուի ու Թիֆլիսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կը միտէր, եւ` այդ երկիրներուն ուղղակի կամ անուղղակի ուղերձներ փոխանցելու:
Հայկական գործընթացները արգելակած հանգոյցներու լուծման բանալին, Պոլթընը կը բնութագրէր իր հետեւեալ միտքով.
«Ամերիկեան տեսանկիւնէն, որքան աւելի ուժեղ է ժողովրդավարութիւնը, այդքան աւելի մեծ է կարելիութիւնը կապ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու եւ նոյն արժէքները կրող այլ երկիրներու հետ:
«Եթէ խնդիրը այն է, որ ընտրութիւն պէտք է կատարել ռուսական եւ ամերիկեան ռազմամթերքին միջեւ, ապա ամերիկեանը աւելի որակեալ է: Անհրաժեշտ է, որ Երեւանը դիտարկէ այդ հնարաւորութիւնը` այն առումով, որ այդ պարագային կ՛աւելնան հնարաւորութիւնները մէկ գերտէրութենէ կախեալ չըլլալու: Հակառակ աշխարհագրական դիրքին եւ պատմական իրողութիւններուն կապուած հարցերուն, ժամանակն է լաւատես ըլլալու, որ Հայաստանը կրնայ աւելի տեսանելի ըլլալ համաշխարհային ասպարէզին մէջ:
«Ներկայիս հանգամանքները կ՛ընդգծեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ փոխադարձ համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը: Համաձայնութիւն գոյանալու պարագային, կը բացուի հայ-ազրպէյճանական սահմանը: Նաեւ` Թուրքիոյ հետ սահմանը: Ինչ կը վերաբերի Վրաստանի հետ սահմանին, ապա անիկա եւս աւելի նուազ անհանգստութիւն կը պատճառէ, եթէ ռուսերը ճնշում չգործադրեն այդ ուղղութեամբ»:
Քաղաքական յատուկ ընթերցումներու կարիք չկայ ընկալելու համար ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին փոխանցած ուղերձներուն բովանդակութիւնը:
Այսպէս. ժողովրդավարացման ներկայ ընթացքը ողջունելի է Ուաշինկթընի համար. ինչ որ նաեւ պիտի նպաստէ Ուաշինկթընի եւ Ուաշինկթընի բնորոշումով ժողովրդավար երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման:
Ռուսական կախեալութիւնը հաւասարակշռելու համար Երեւանը սպառազինութեան շուկային հանդէպ անհրաժեշտ է իր հայեացքը կեդրոնացնէ ամերիկեան միջավայրին վրայ, ուրկէ աւելի որակեալ սպառազինութիւն կրնայ ստանալ, հակառակ անոր որ 907 յօդուածը կը սահմանափակէ հակամարտող կողմերուն զէնքի վաճառքի քանակը:
Սակայն, Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման հիմնական ուղին մատնացոյց կ՛ըլլայ վերջին միտքին մէջ: Ներկայի հանգամանքները կը յուշեն, որ Արցախ-Ազրպէյճան տագնապի հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը, բանալին` Երեւան-Պաքու եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացման:
Այստեղ կայ արցախեան հարցով թուրք-ազրպէյճանական նախապայմանային մօտեցումներու պատճէնահանում կամ երկու հիմնահարցերու փոխկապակցուածութեան ընդգծում: Համեմատական դրականը հաւանաբար այն է, որ Պոլթընը չի կրկներ պաշտօնաթող դեսպան Միլզին պատկերացուցած Արցախի տագնապի լուծման համար անխուսափելիութեան գործօնի տեսութիւնը:
Ծխածածկութաւոր բաժինը Պոլթընի օգտագործած «ներկայի հանգամանքներ» ըսելաձեւն է: Որովհետեւ հարցերու լուծման փոխկապակցուածութիւնը կամ Ռուսիայէն ապակախեալութեան անհրաժեշտութեան յիշեցումը նոր հանգամանքներ չեն: Նորը հաւանաբար մեր երկրի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակն է, զոր Պոլթըն կը կապէ Արցախազրապէյճանական տագնապի լուծման ենթահողին:
Իսկ այս հարցով պաշտօնական Երեւանը ո՛չ միայն վերահաստատած է նախապէս հրապարակուած դիրքորոշումները, այլ նաեւ շեշտած ո՛չ միայն պաշտօնական Ստեփանակերտի ներգրաւուածութիւնը բանակցային գործընթացին, այլ նաեւ արցախահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրաքուէով դրսեւորելի կամարտայայտութիւնը` Արցախի հարցի լուծման համաձայնելի տարբերակին:
«Ա.»