Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ակնարկ. Քարիւղը` Դարձեալ Քաղաքական Զէնք

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարար Խալետ պըն Ապտելազիզ Ֆալեհ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնք առերեւոյթ մտահոգութիւններ փարատելու համար են, սակայն խորքին մէջ կու գան Թուրքիոյ նախագահին կողմէ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ «ամբողջ ճշմարտութեան» բացայայտումին եւ անոր յաջորդելիք միջազգային հաւանական պատժամիջոցներուն նախօրեակին վերահաստատելու կամ վերյիշեցնելու Ռիատի կողմէ նախապէս նշուած սպառնալիքները:

Նախարարը յայտնեց, թէ որեւէ երաշխիք չկայ, թէ քարիւղին տակառին գինը պիտի չշրջանցէ 100 տոլարը: Անոր խօսքը կը վերյիշեցնէ Սէուտական իշխանութիւններուն մօտիկ եղող յօդուածագիր Թուրքի Տախիլի գրիչէն մէկ շաբաթ առաջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ նշուած այն տեղեկութիւնը, թէ սէուտական իշխանութիւններու միջանցքներուն մէջ կը խօսուի աւելի քան 30 սէուտական հակաքայլերու մասին, եւ թէ «Սէուտական հաւանական հակաքայլերէն մէկը պիտի ըլլայ 7,5 միլիոն տակառ նաւթ արտադրել, եւ եթէ (քարիւղի տակառի) 80 տոլարի գինը զայրացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, ապա ոչ ոք թող զարմանայ, եթէ ատոր գինը բարձրանայ 100, 200-ի կամ այդ թիւին կրկնապատիկին»: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին 14 հոկտեմբերին յայտարարեց, որ սէուտական տնտեսութիւնը մեծ եւ կարեւոր դեր կը կատարէ աշխարհին վրայ, եւ եթէ անիկա տուժէ, ապա ատիկա համաշխարհային ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

Սէուտցի նախարարը նաեւ նշեց. «Եթէ 2019-ին քարիւղի մատակարարումը օրական 3 միլիոն տակառով նուազի, ապա պիտի չկարենանք այդ բացը փոխհատուցել»: Ան անուղղակի կերպով կ՛ակնարկէր 4 նոյեմբերին Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու երկրորդ փուլին, որուն նպատակը իրանեան նաւթի ներածումները զերոյի հասցնելն է: Այդ նպատակի իրագործումը բնականաբար քարիւղի միջազգային շուկային մէջ պիտի ստեղծէ բաց մը, զոր պէտք է փոխհատուցել, այլապէս նաւթի գինը պիտի արձանագրէ նկատառելի աճ:

Ռիատի կողմէ այդ բացը գոցելու մերժումը պիտի ըլլայ ի նպաստ Իրանի եւ, բնականաբար, երկու կողմերուն միջեւ պիտի յառաջացնէ շահերու համընկնում մը. իրողութիւն մը, որուն տարողութիւնը չափազանցելով ակնարկած էր սէուտցի իշխանամէտ յօդուածագիրը` նշելով. «Ենթադրեալ այդ (ամերիկեան) պատժամիջոցները կրնան առաջնորդել Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ մերձեցման, ինչ որ Միջին Արեւելքի մէջ հսկայական շրջադարձ մըն է: Այդ պատժամիջոցները Ռիատը պիտի մղեն դէպի Իրան եւ Ռուսիա, ինչպէս նաեւ Համաս շարժումն ու Հըզպալլան թշնամիներէ բարեկամներու պիտի վերածեն»: Խորքին մէջ տեղի ունենալիքը շահերու համընկնում մըն է եւ ոչ թէ` մերձեցում:

Այս բոլորին լոյսին տակ, Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարարին այն յայտարարութիւնը, թէ իր երկիրը քարիւղի քաղաքականութիւնը կ՛օգտագործէ իբրեւ տնտեսական միջոց եւ ոչ թէ` քաղաքական զէնք, չի կրնար համոզիչ ըլլալ: Այո՛, թերեւս ճշմարիտ է անոր խօսքը, թէ Ռիատ չ՛ուզեր 1973-ին նման արեւմուտքցի սպառողներուն դէմ նաւթի արգելք հաստատել, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ քարիւղը դարձեալ չ՛օգտագործուիր իբրեւ քաղաքական զէնք: Արդարեւ, ուժանիւթի միջազգային շուկային մէջ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներէն գոյանալիք բացի փոխհատուցման մերժումը դժուար թէ Ուաշինկթընի կամ այլոց կողմէ ընկալուի իբրեւ բացառապէս տնտեսական քայլ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>