Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թրքական Կեղծ Քարոզչութեան Քողազերծումը

$
0
0

Թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն ստայօդ քարոզչութեամբ արդարացնել իրենց ներկայ եւ պատմական քաղաքական սխալները` առանց նկատի ունենալու, որ ազգեր ու ժողովուրդներ արդարութեան հասնելու իրենց պայքարը կը շարունակեն անկոտրում թափով ու քաղաքական պատեհ առիթը օգտագործելով` կը պարզեն Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ազգային հաւաքականութիւններու, ինքնիշխան պետութիւններու իրաւունքներու ոտնահարման մէջ:

Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պենալի Եըլտըրըմը, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական խորհրդարաններու նախագահներու 3-րդ հանդիպման ընթացքին յայտարարած էր, որ Հայաստան պէտք է վերջ տայ իր «անհեթեթ պնդումներուն»` ակնարկելով Հայոց ցեղասպանութեան. այդուհանդերձ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը յստակօրէն լուսարձակի տակ առած էր Թուրիքոյ ողջ պատասխանատուութիւնը այս առումով: Սա կարեւոր հարթակ մըն էր Հայկական հարցին շուրջ միջազգային կարծիքի ճշգրիտ ձեւաւորման նպաստելու ու առնուազն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը քողազերծելու համար:

Միջազգային այլ հարթակի մը վրայ, Ժընեւի մէջ, նախորդ օրերուն կը գումարուէր Միջազգային խորհրդարաններու Միութեան 139-րդ վեհաժողովը, ուր այս անգամ սուրիական պատուիրակութիւնը,  հանդէս գալով յանդգնութեամբ, փաստացի տուեալներով կը բացայայտէր սուրիական տագնապի հրահրման, Սուրիոյ ինքնիշխանութեան անտեսման ու անոր ժողովուրդին սպանութեան ու տեղահանման պատճառ հանդիսացող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը:

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը, ապրած ըլլալով Հալէպ եւ ականատեսը եղած ըլլալով Հալէպի ու Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու մէջ թրքական բռնատիրական քաղաքականութեան, Ասիոյ շրջանի խորհրդարանական խմբակի յատուկ նիստին, լսելէ ետք նիստի ղեկավար, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պենալի Եըլտըրըմին ելոյթը, որուն ընթացքին ան իրողութիւնները ամբողջովին շրջուած կը ներկայացնէր` յայտնելով, որ Թուրքիա դրական ներդրում ունեցած է սուրիական տագնապի ողջ տեւողութեան,  երեւան կը հանէր Թուրքիոյ կործանարար դերը Սուրիոյ դէմ ծայր առած պատերազմին տարիներուն` իր մարդկային, քաղաքական եւ տնտեսական կողմերով:

Միւս կողմէ` Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Սամիր Խաթիպը կը հաստատէր, որ Սուրիա կտրականապէս կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձի թղթածրարը քաղաքականացնելու եւ Սուրիոյ պետութեան նախապայմաններ պարտադրելու Թուրքիոյ մշտական փորձերը, ինչ որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն բիրտ միջամտութիւն կը համարուի:

Միջազգային այս հարթակին վրայ եւս փաստօրէն կը քողազերծուէր Թուրքիոյ ապատեղեկատուութիւնն, ու երեւան կը հանուէր տարածաշրջանին մէջ անոր բացասական ներգործութիւնը` այս անգամ սուրիական պատուիրակութեան կողմէ:

Վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական վարկածով համբաւ վաստկելու նկրտող Թուրքիոյ ներկայ նախագահին քաղաքականութիւնը փաստօրէն չէ յաջողած քողարկել անոր ծաւալապաշտական ախորժակը:

Ողջունելի է նման հարթակներու ճշգրիտ օգտագործումը ե՛ւ սուրիացի, ե՛ւ հայաստանցի պատուիրակութիւններուն յանդուգն մօտեցումները` ի խնդիր ոչ միայն  ազգային, այլ համամարդկային իրաւունքներու ձեռք բերման համար:

«Գ.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>