Image may be NSFW.
Clik here to view.
Շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցաւ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի անձնակազմին առաջին ընդհանուր ժողովը: Օրը սկիզբ առաւ սուրբ եւ անմահ պատարագով, զոր Սրբուհի Ռիթայի ուխտավայրին մէջ մատուցեց Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանը:
Ժողովը շարունակուեցաւ դպրոցին սրահը, ուր սկիզբը խօսք առաւ գերյարգելի Սիւլահեանը եւ խրախուսեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները` իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ անձնակազմի իւրաքանչիւր անհատի նուիրումով եւ համագործակցական աշխատանքով Մխիթարեան վարժարանը պիտի դառնայ լիբանանահայ լաւագոյն վարժարաններէն մին: Ապա խօսք առաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը եւ յոյս յայտնեց, որ անձնակազմին աշխատանքը համերաշխութեան, սիրոյ եւ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ կ’ընթանայ` բարձր տրամադրութեամբ եւ քաջալերեց զանոնք` զինուելու միշտ այդ ոգիով, հաւատալով, որ ձեռք-ձեռքի տուած` կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ լաւագոյնին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` «eSchool» ծրագիրի ներկայացուցիչին հետ, որ անձնակազմը ծանօթացուց ծրագիրը հեզասահօրէն կիրարկելու միջոցներուն: Ապա Մէյրի Կիւրիւնլեանը կատարեց «21-st century learner» թեմայով ներկայացում մը, որուն ընթացքին բացատրուեցան ուսումնական մեթոտներ եւ կրթական աշխատանքային ձեւեր: