Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մահացած Է Պատմաբան
Պետրոս Յովհաննիսեանը

12742398_1071743019554404_3144975264853799326_n

72 տարեկանին մահացած է ականաւոր պատմաբան, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ Պետրոս Յովհաննիսեանը: Ծնած է 22 յունիս 1944-ին Գիւմրի քաղաքը, միջնակարգ կրթութիւնը աւարտելէ ետք ընդունուած է ԵՊՀ պատմութեան կաճառը, զոր աւարտելէն ետք` 1970-ին ընդունուած է ասփիրանթուրա` Հայոց պատմութեան ամպիոնի գծով: 1976-ին յաջողութեամբ պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւնը` «Միջնադարեան Հայաստանի ընկերային-տնտեսական յարաբերութիւնների պատմութեան ուսումնասիրութիւնը ակադեմիկոս Յակոբ Մանանդեանի աշխատութիւններուն մէջ» նիւթով: Այնուհետեւ աշխատած է Հայոց պատմութեան ամպիոնին մէջ` որպէս գիտաշխատող, բաժինի վարիչ, աւագ դասախօս, դոցենտ, ապա` փրոֆեսէօր:

2013 թուականէն մինչեւ մահը ղեկավարած է ԵՊՀ Հայոց պատմութեան ամպիոնի աշխատանքները: 1992-1994-ին դասախօսած է Համազգայինի Պէյրութի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ, 1995-ին` Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրոցին, իսկ 1999-էն սկսեալ դասաւանդած է Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, ուր կատարած իր գիտամանկավարժական բեղուն գործունէութեան համար 2004-ին արժանացած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրագոյն պարգեւներէն մէկուն` «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանին:

Պ. Յովհաննիսեան գիտահանրամատչելի թեմաներով յաճախ յօդուածներ ստորագրած է մամուլին մէջ եւ հանդէս եկած է պատկերասփիւռէն, պարբերաբար դասախօսութիւններ տուած է տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ: Ան նաեւ տարած է գիտական աշխուժ աշխատանքի: Հայոց պատմութեան եւ աղբիւրագիտութեան զանազան հարցերու վերաբերեալ 300-է աւելի ուսումնասիրութիւններ ունի:

Հայագիտութեան մէջ կարեւոր ներդրում են յատկապէս Հայկական հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան մատենագիտութեան ու նշանաւոր հայ պատմագէտ Նիկողայոս Ադոնցի պատմագիտական ժառանգութեան նուիրուած Պ. Յովհաննիսեանի հեղինակած ու կազմած աշխատութիւնները: Անոր գործուն մասնակցութեամբ կազմուած են հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ընթերցողին ներկայացուած «Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներ» հանրագիտարանը: Իր գիտամանկավարժական անբասիր գործունէութեան համար 2009 թուականին Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով Պետրոս Յովհաննիսեանին շնորհուած է Հայաստանի վաստակաւոր մանկավարժի պատուաւոր կոչում:

Նախատեսուած Է, Որ Սեպտեմբերին
Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան Այցելէ

38492_022416

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, 16-20 փետրուարին տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով` ընդլայնուած կազմով:

Ժողովը քննած է կանոնական ու կանոնադրական¬իրաւական, ազգային ու հասարակական, թեմական ու համայնքային, եկեղեցաշինական ու կարգապահական բազմաբնոյթ հարցեր: Առաջին նիստին քննարկուած է Ազգային¬եկեղեցական ժողովի եւ Եկեղեցական¬ներկայացուցչական ժողովի գումարման հարցը:

Ժողովը լսած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու տարեկան յիշատակութեան ծիսական կանոնի խմբագրման յանձնախումբի համակարգող Բագրատ եպս. Գալստանեանի զեկոյցը` Ցեղասպանութեան նահատակներու ծիսական կանոնին եւ ապրիլ 24-ին կատարուելիք Բարեխօսական կարգին մասին: Ժողովականները տեղեկացած են, որ սեպտեմբեր 2016-ին կը նախատեսուի Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին այցելութիւնը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, եւ որ այցելութիւնը կազմակերպելու նպատակով կապ կայ Մայր Աթոռին եւ Վատիկանի միջեւ:

Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պատուիրակ Հայկազուն եպս. Նաճարեան տեղեկութիւններ փոխանցած է Ծայրագոյն Արեւելքի եկեղեցական համայնքներուն մասին: Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութիւնը խօսած է Պելճիքայի, Հոլանտայի, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ եկեղեցիներուն մասին:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին ներկայացուած են նաեւ Մայր Աթոռին մէջ տեղի ունեցող բարեկարգման եւ կառուցապատման աշխատանքները: Յատուկ անդրադարձ կատարուած է մայր տաճարի ամրակայման եւ վերանորոգութեան աշխատանքներուն ընթացքին: Նշուած է նաեւ, որ այս տարի պիտի աւարտին վեհարանի շէնքի նորոգութիւնը եւ «Էորնեկեան» դպրոցի նոր մասնաշէնքերու կառուցումը:

Ժողովին ընթացքին ներկայացուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի 2015-ի գործունէութեան տեղեկագիրը եւ ելեւմտական հաշուետու զեկոյցը: Ըստ այդմ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ Մայր Աթոռին եւ թեմերուն մէջ կազմակերպուած են 854 ոգեկոչման եւ յիշատակի արարողութիւններ, գիտաժողովներ, սեմինարներ, միջեկեղեցական արարողութիւններ, խաչքարերու օծումներ, ցուցահանդէսներ եւ բազմաբնոյթ այլ ձեռնարկներ:

Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Ականաւոր
Գիտնականներու Կիսանդրիներու Զետեղում 

0217academicians

Բազմավաստակ համալսարանականներ, ակադեմիկոսներ Արսէն Տէրտէրեանի, Հրանդ Թամրազեանի, Էդուարդ Ջրբաշեանի եւ Գուրգէն Սեւակի կիսանդրիները պիտի զարդարեն Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական կաճառի ճեմասրահը:

Ասկէ ետք այս բաժանմունքին հայ գրականութեան ամպիոնը պիտի կրէ Հրանդ Թամրազեանի անունը:

Կիսանդրիներու բացման եւ ամպիոնի անուանակոչութեան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ մտաւորականներ, դասախօսներ եւ ուսանողներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ:

«Մենք մեր անուանի դասախօսները, մեր յարգարժան փրոֆեսէօրները կը մեծարենք եւ անոնց կիսանդրիները կը կանգնեցնենք` անոնցմով նորովի իմաստաւորելով Երեւանի պետական համալսարան հասկացողութիւնը: Հրանդ Թամրազեանը իսկապէս սերունդներ դաստիարակած է իր հրաշալի դասախօսութիւններով, խորհրդային դժուարին ժամանակներու մէջ կրցած է ըսել բուն ճշմարտութիւնը մեր գրականութեան մասին, անոր իրական գեղարուեստական նուաճումներուն մասին եւ, միեւնոյն ժամանակ, թուրքերու եւ պոլշեւիկներու կողմէ տրորուած գեղեցկութիւններու մասին: Մենք  շատ բաներով անոր պարտական ենք», ըսած է հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Սամուէլ Մուրատեանը:

Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան շեշտած է, որ համալսարանական այս մեծ ուսուցիչներու, բազմավաստակ գիտնականներու մեծարումն ու անոնց յիշատակին յարգանքի, երախտագիտութեան խօսք արտասանելը պատահականութեան արդիւնք չէ. «Անոնց արժէքներուն թւումը քաղաքակրթութեան մէջ կայ նաեւ ուսուցիչ հասկացողութիւնը եւ այդ մէկը երբեք չ՛ենթարկուիր մաշուածութեան, արժեզրկման բոլոր հասարակութիւններու մէջ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ուսուցիչը կենարար աղբիւր է, որովհետեւ ուսուցիչը այն մարդն է, որ կը կերտէ մարդը, որ կը մարդացնէ մարդը, որ երիտասարդին կարելիութիւն կու տայ ազատօրէն, անկաշկանդ տնօրինելու իր բախտը, իր ապագան»:

Բանասիրական բաժանմունքի տնօրէն Արծրուն Աւագեան ըսած է. «Այդ մեծ գիտնականներու շունչը մենք ամէն օր կը զգանք: Ոչ միայն շունչը, այլեւ` անոնց խօսքը, անոնց գիտելիքը, անոնց աւանդները, անոնց յանձնարարականները: Մենք անոնց գիրքերէն կը սորվինք անընդհատ, անընդհատ, անընդհատ: Անոնք անսպառ են: Ես այն համոզումը ունիմ, որ այդ գրականագէտներուն վաստակը գեղարուեստական արժէք ունի, ոչ միայն գիտական, այլ` գեղարուեստական: Այդ գրականագէտներու տեսակ մըն էր, սերունդ մըն էր, որ կը գրէր կարդացուելու համար, որ կը գրէր կարդացուելու համար, որ կը գրէր առհասարակ այդ գիտութիւնը յառաջ տանելու համար»:

Բնակարանամուտ
Սիւնիքի Մարզին Մէջ

VivaCell_022416

Սիւնիքի մարզի Դարբաս գիւղին մէջ կէս տարի առաջ մեկնարկած շինարարական աշխատանքները աւարտած են: Կարապետեան եղբայրներուն երազը իրականացած է, ընտանիքը բնակարան ունի: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը եւ «Հայաստանի Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեան մասնակցած են տնօրհնէքի արարողութեան  ու կիսած` Կարապետեաններուն ուրախութիւնը:

Վրէժ Կարապետեանը եւ իր երկու եղբայրները կանուխ տարիքին կորսնցուցած են իրենց ծնողները: Աւելի ուշ, զրկուելով նաեւ մեծ ծնողներուն խնամքէն, եղբայրները ստիպուած եղած են ապաւինիլ միայն սեփական ուժերուն: Տարիներ շարունակ ապրած են երկու սենեակէ բաղկացած հողաշէն տան մէջ` առանց խոհանոցի եւ բաղնիքի: Բայց եւ այնպէս անոնք չեն յուսահատած, այլ շարունակած են կառուցել ծնողներէն ժառանգութիւն մնացած կիսակառոյց շինութիւնը` հաւատալով, որ օր մը պիտի կարենան տուն ունենալ:

«Այս տունը իսկական ամրոց դարձած է մեզի համար: Ամէնէն համարձակ երազներուն մէջ նոյնիսկ չէինք կրնար պատկերացնել, որ այսպիսի տուն կ՛ունենանք: Իմ ու եղբայրներուս երախտագիտութիւնը կը յայտնենք անիրական թուացող հեքիաթը շօշափելի իրականութիւն դարձնելու համար», ըսած է Վրէժ Կարապետեան:

Համագործակցող կազմակերպութիւնները բնակարանաշինութեան ծրագիրով ամբողջութեամբ աւարտին հասցուցած են կիսակառոյցի շինութիւնը եւ տունը ապահոված` ջեռուցման համակարգով: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի անձնական նախաձեռնութեան շնորհիւ Կարապետեաններուն նորակառոյց տունը ամբողջութեամբ կահաւորուած եւ համալրուած է նաեւ կենցաղային անհրաժեշտ իրերով ու սարքերով:

«Չեմ կրնար հիացումով չխօսիլ այս եղբայրներուն մասին: Բոլոր այն զրկանքները, դժուարութիւնները, որոնց մէջէն անցած են տղաները` պայքարելու վճռակամութիւն հաղորդած, կարծրացուցած եւ աւելի նպատակասլաց դարձուցած են զանոնք: Ուրախ եմ եւ հպարտ, որ մեր աջակցութեամբ լրացուցիչ վստահութիւն հաղորդեցինք անոնց», ըսած է Ռ. Եիրիկեան:

«Չեմ կրնար չարտայայտուիլ, որ հարիւրաւոր ծրագիրներուն մէջ ասիկա ինծի համար եզակի երեւոյթ հանդիսացող ծրագիր էր: Այս տան կառուցումը իւրայատուկ երջանկութիւն մըն է: Այն ջանքն ու եռանդը, լրջութիւնը, որոնցմով այս երեք եղբայրները ստանձնեցին տան շինարարութիւնը, խոստմնալից է: Դեռ ամիսներ առաջ կիսակառոյց շինութիւնը այսօր իսկական օճախ դարձած է նոր կեանքի մտնող, բայց արդէն չափազանց շատ բան տեսած տղաներուն համար», նշած է Աշոտ Եղիազարեան:

Մինչեւ օրս «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը 228,3 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է բնակարանաշինութեան ծրագիրի իրականացման համար` օգնելով բարելաւել Հայաստանի տասը մարզի 31 գիւղի 480 բնակիչի կենսական պայմանները:

19  Փետրուարը Հայաստանի Մէջ
Գիրք Նուիրելու Օր Է

MHM0102413-copy

2008-էն Գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով փետրուար 19-ին կը նշուի Գիրք նուիրելու օրը:

19 փետրուարը գիրք նուիրելու օրն է: Անիկա Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութիւնն էր, որ տարիներու ընթացքին իր տեղը գտաւ հասարակութեան սիրելի տօներու շարքին:

17 փետրուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Բուկինիստ» ընկերութեան տնօրէն, «Գիրք տարածողների ազգային ասոցիացիա»-ի նախագահ Խաչիկ Վարդանեան ըսած է, որ այս նախաձեռնութեան առաջին տարիներուն քիչ թիւով մարդիկ իրարու գիրք կը նուիրէին, սակայն վերջին տարիներուն մեծ աշխուժութիւն կը նկատուի: Մասնաւորապէս նախորդ տարի, գիրքի տօնին մենք վաճառած ենք այնքան գիրք, որքան Ամանորի նախօրէին, երբ մենք կ՛ունենանք գիրքի վաճառքի մեծագոյն քանակը: Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ գիրք նուիրելու այդ մշակոյթը արդէն իր ուրոյն տեղը ունի հասարակութեան մէջ», ըսած է Խաչիկ Վարդանեան:

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան գրական ծրագիրները համակարգող Արմէն Սարգսեան նշած է, որ նախարարութիւնը մեծ աշխատանք կը տանի, որպէսզի հանրութեան մօտ գիրքին նկատմամբ սէրն ու յարգանքը վերականգնի: «Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս բազմաթիւ ձեռնարկներ կան: Նախարարութիւնը մասնաւորապէս կը պատրաստուի այցելել գիշերօթիկ դպրոցներ, զօրամասեր: «Դարձիր գրադարանի բարեկամ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ հաւաքած ենք գիրքեր, որոնք կը պահուին Ազգային գրադարանին մէջ: Անոնք կը նուիրուին սահմանամերձ շրջաններու դպրոցներուն, զօրամասերուն», ըսած է Ա. Սարգսեան:

Գիրքի տօնին ամրապնդման մեծապէս կը նպաստեն  ո՛չ միայն քարոզչական աշխատանքներ, այլ նաեւ` հրատարակիչներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը: Այս հաստատումը կատարած է «Զանգակ» հրատարակչութեան թարգմանական ծրագիրներու համակարգող Արթուր Մեսրոպեանը: «Մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենանք գիրքի դերին ու նշանակութեան: Մեր կողմէ` բազմակողմանի մարտավարութիւն կը մշակուի: Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք գիրքի թարգմանութեան որակին: Որքան բարձրորակ գրականութիւն թարգմանենք, այնքան արձագանգը մեծ կ’ըլլայ: Անկէ բացի, տարբեր ձեռնարկներ կը ծրագրուին», դիտել տուած է Արթուր Մեսրոպեան:

Նշենք, որ օրը պատահականութեամբ չէ ընտրուած. 1869 թուականին այս օրը ծնած է Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը:

Վերջին տարիներուն մեծ տարածում կը ստանան նաեւ ելեկտրոնային գիրքերը, եւ տպագիր ու ելեկտրոնային գիրքերու միջեւ ընտրութեան առջեւ այսօր կանգնած է ամբողջ աշխարհը: Տարեկան կը վաճառուի քանի մը միլիոն պլանշեթ, որ կ՛օգտագործուի նաեւ ելեկտրոնային գիրքեր կարդալու համար եւ սա, կարելի է ըսել, տպագիր գիրքին նետուած ամէնէն լուրջ մարտահրաւէրներէն մէկն է:

Օշականի Մէջ Աւանդաբար Նշուեցաւ
Մայրենիի Օրը

Mayreni_022116

Փետրուար 21-ին Օշականի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ մայրենիի օրը, որ ամէն տարի աւանդաբար կ՛իրականացուի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ: Ձեռնարկին մասնակցած են` Հայաստանի փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանը, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեանը, Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան նախագահ Գայեանէ Սողոմոնեանը,  Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեանը, լեզուաբաններ եւ գրականագէտներ:

Ներկաները ողջունեց եւ Մայրենիի օրուան առիթով Հայաստանի նախագահի ուղերձը կարդաց Հայաստանի փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանը: Տօնին առիթով ձեռնարկին մասնակիցները շնորհաւորեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ինչպէս գիտէք, 1999 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն փետրուար 21-ը հռչակած է Մայրենիի միջազգային օր, որ 2005 թուականէն իր արժանի տեղը ունի Հայաստանի պետական տօնացոյցին մէջ: Լեզուն ազգի գոյատեւման հիմքն է: Պէտք է պահել եւ պահպանել մայրենին: Յատկապէս սփիւռքի մէջ լեզուն հայուն հայ պահելու կարեւորագոյն գործօնն է: Անիկա անփոխարինելի է ազգային միասնութիւնը պահպանելու եւ պետականութիւնը զարգացնելու գործին մէջ եւ պէտք է մնայուն հոգածութեան առարկայ ըլլայ: Անհրաժեշտ է հասարակական գիտակցութեան մէջ ամրապնդել այն միտքը, որ մեր լեզուն միայն հայերուն կը պատկանի եւ միայն մեզմէ կախեալ է անոր պահպանութիւնը, անոր մաքրութիւնը, անոր գործածութեան սահմանները:  Այդ առումով շատ կ՛արժեւորեմ երիտասարդներուն, փոքրիկներուն մասնակցութիւնը այս ձեռնարկին»:

Մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին Մեսրոպ Մաշտոցի շիրմաքարին:

Եկեղեցւոյ կից դպրատանը կայացաւ մայրենիի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ: Հայոց լեզուին նուիրուած ասմունքով եւ երգով հանդէս եկան Օշականի` Մ. Մաշտոցի անուան միջնակարգ դպրոցի աշակերտները: Ելոյթ ունեցան պարսիկ, արաբ եւ հնդիկ ուսանողները: Մայրենիին նուիրուած ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Զօրական» համոյթը:

Այնուհետեւ ձեռնարկին մասնակիցները այցելեցին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ` Մատենադարան եւ ծաղիկներ զետեղեցին Մ. Մաշտոցի արձանին մօտ:

դրուի եօթը ժապաւէն: Երեւանի մէջ ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին փետրուար 20-էն 26, «Մոսկուա» թատրոնին մէջ, իւրաքանչիւր օր երեք անգամ: Փետրուար 27-ին «Փոքր թատրոն»-ին մէջ պիտի ցուցադրուի «Մաքսին Փիքի Համլեթը» եւ «Սուրիոյ թագուհիները» ժապաւէնները: «Մաքսին Փիքի Համլեթը» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Շէյքսփիրի մահուան 400-րդ տարին նշանաւորող ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Փառատօնի մարզերուն մէջ այս տարի կ՛ընդգրկուին` Ապարան, Դիլիջան եւ Ալավերդի քաղաքները: Նշենք, որ մուտքը ազատ է բոլոր ժապաւէններուն համար:

Այս տարի փառատօնին հիւրն է Սայմոն Ուիլքինսոնը, որ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ պիտի ներկայացնէ «The Cube» ժապաւէն-ներկայացումը, որ վիրթուալ իրականութեան, թատրոնի, շարժանկարի եւ լուսանկարչութեան միաձուլումն է:

Բրիտանական ժապաւէններու 14-րդ փառատօնը կազմակերպած են Բրիտանական խորհուրդը եւ Երեւանի մէջ բրիտանական դեսպանատունը: Փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է Պիլայնը:

Բրիտանական ժապաւէններու 14-րդ փառատօնի ծրագրին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կրնաք ստանալ այցելելով` www.britishcouncil.am կայքը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>