Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ակնարկ. Կառավարութեան Կազմութեան Շարժիչ Գործօններ

$
0
0

Ներլիբանանեան համեմատական լաւատեսութիւնը` կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն մասին, քաղաքական տրամաբանութեամբ կը յուշէ, որ իրադարձութիւններուն հետեւողը սկսի փնտռել շարժիչ գործօններ` արտալիբանանեան, տարածաշրջանային-միջազգային գործընթացներու մէջ:

Իտլիպի ճակատագիրի համաձայնեցուած ճշդումը, բայց մանաւանդ Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքի բացման որոշումը հանգուցալուծման միտումներու մասին կը խօսին:

Նկատենք, որ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի հարաւ-արեւմուտքին մէջ գործող զինեալ ծայրայեղականներու մէկ մասը յայտարարած էր իր համաձայնութիւնը միանալու Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ հաշտեցման հոլովոյթին: Զինեալներէն շատերը հասկցած էին, որ իրենց դաշնակիցները նկատուող թուրքերը, ամերիկացիներն ու Արաբական ծոցի երկիրները «դաւաճանած» են իրենց: Զինեալներու այդ որոշումի կայացման մէջ դեր ունէին իշխանութիւններուն հետ հաշտեցման` նախապէս արձանագրուած նախադիպային օրինակներ: Ուրեմն համաձայնեցուած գործողութիւններու, թէեւ սահմանափակ, այնուամենայնիւ զգալի շարքի մը մասին է խօսքը: Իսկ զինեալներու ակնարկած դաւաճանութիւնը փաստօրէն նշուած ուժերուն միջեւ համաձայնութեան կը վերաբերի:

Մինչ, աշխարհագրականօրէն ոչ շատ հեռու միջավայրի մէջ  Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարարը կը հաստատէր երկկողմանի որոշումը` Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքին մասին: Լրատուութիւնը կ՛ընդգծէր, որ յորդանանեան-սուրիական թեքնիք յանձնախումբը  Ժապեր սահմանային կեդրոնին մէջ իր գումարած ժողովի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած էր երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անցքը բանալու:

Պարզ է, որ նման որոշում թեքնիք միացեալ յանձնախումբի իրաւասութիւններէն վեր է, գուցէ նաեւ կ՛անդրանցնի Յորդանան-Սուրիա երկկողմանի պայմանաւորուածութեան սահմանը: Սուրիա-Յորդանան անցքը շարք մը այլ երկիրներու միջեւ առեւտրական շրջանառութեան շատ կարեւոր ուղի մըն է: Տարողութիւնը ուրեմն, տարածաշրջանային է եւ բնականաբար թեքնիք յանձնախումբի որոշումով չի սահմանափակուիր: Ժապերը փաստօրէն Սուրիան Յորդանանի ճամբով կը կապէ Սէուտական Արաբիոյ եւ ընդհանրապէս Արաբական ծոցի երկիրներուն:

Իսկ Ռիատը հիմա միջազգային ծանր թղթածրարով նոր ճնշամիջոցներու դիմակայման ճանապարհներու որոնումի մէջ է: Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան լիբանանեան խաղաթուղթը ներկայ պայմաններուն մէջ օգտագործելու  նախկին կարելիութիւններէն զուրկ է:

Տարածաշրջանային այս պայմանները` Իտլիպի ճակատագիրի ճշդում, Ժապեր անցքի բացում  եւ Ռիատի ուղղութեամբ ստեղծուած տագնապ, լիբանանեանի մէջ համակողմանիօրէն կը յուշեն, որ կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները արդիւնաւորելու ժամը հնչած է:

«Ա.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>