Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն` 100-ամեակ Հանրապետութեան Կերտումը Եւ Իրաւական Քարտէսները

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ     

Անկախութիւնը իրաւունք է, հայրենիքը բնօրրան է, բնակավայր է, հող է, ժառանգութիւն է, արիւն եւ քրտինք է, ժողովուրդ է, բանակ է, պատմութիւն է, արդիւնք` բազմակողմանի եւ դարաւոր յարատեւ աշխատանքի եւ պայքարի: Կ՛արժէ քարտէսներու միջոցով եւ ընդհանուր ակնարկով, իրազեկ դառնալ անկախութիւնը նախորդող հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ճգնաժամերուն եւ յաղթանակին` ահաւոր մարդկային, հողային եւ ունեցուածքներու կորուստներէն ետք: Համաշխարհային Ա. պատերազմին մասնակից եւ եղելութեան ականատես երկիրներուն` Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ ցարական, ապա Խորհրդային Ռուսիոյ եւ այլոց աչքերուն առջեւ, Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուելէ եւ բազում դաւադրութիւններէ ետք, Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան կերտումը ու զայն նախորդող զարգացումները կը ներկայացուի քարտէսներով:

1. 1918 յունիս 4-ի Պաթումի դաշնագիրով ճանչցուած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները շուրջ 12 հազար քառ. քմ` կարմիր ուրուագիծ (տպագիր` հաստ եւ սեւ) (տպագիր` հաստ եւ սեւ) եւ` այժմու սահմանները:

Համաշխարհային Ա. պատերազմը (28 յոլիս 1914-11 նոյեմբեր 1918) իր ահաւոր, կործանարար ու անմարդկային հոլովոյթով առիթ ընձեռեց պողպատեայ կամքով հայ ժողովուրդին նաեւ զէնքի՛ ուժով տիրանալու` սկիզբը փոքր տարածքով ազատ եւ անկախ պետականութեան` 543 տարիներու (1375-1918) ստրկութենէն ետք: Կայսրութիւններու պատերազմ էր: Սկսող կողմը Առանցքի ուժերն էին` Գերման եւ Աւստրօ-հունգարական կայսրութիւնները, որոնց միացան Պուլկարիան եւ Օսմանեան կայսրութիւնը, իսկ հակառակորդ գլխաւոր կողմը Դաշնակից ուժերն էին («Անթանթ»)` կայսրութեան համազօր գաղութատիրական Ֆրանսան եւ Անգլիական ու Ռուսական կայսրութիւնները, մինչեւ 1917, ապա տարբեր ժամանակներ անոնց միացան 11 երկիրներ, որոնց մէջ Ամերիկան` 6 ապրիլ 1917-ին:

Թիւ 1 քարտէսը կը ներկայացնէ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի նաեւ Պաքուի եւ Ղարաբաղի թրքական յարձակումներուն դէմ ինքնապաշտպանական հերոսամարտերուն արդիւնքը` 1918 մայիս 28-ի Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ 12 հազար քառ. քմ պաշտպանուած տարածքը, կորիզը, հիմնաքարը` միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստանին, որուն սահմանները միջազգայնօրէն ամրագրուած էին, նախ Պերլինի վեհաժողովով եւ ապա` Սեւրի դաշնագիրով:

2. Հայկական 6 վիլայեթները 1878-ի Պերլինի վեհաժողովի բարեփոխումներէն ետք

Թիւ 2 քարտէսը իրականութեան մէջ հայկական պահանջատիրութեան արդիւնքն է: 1878-ի Պերլինի խորհրդաժողովին, միջազգային ընտանիքին եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ընդունուած եւ ճանչցուած է: Այս քարտէսը կը ներկայացնէ հայկական 6 վիլայեթները (նահանգ), հիմնաքարը,  ելակէտը` ապագայ անկախ Արեւմտահայաստանի. այսպէս, մօտաւորապէս արեւմուտքէն արեւելք` Սեբաստիոյ (Սվազ), Խարբերդի (Սամուրեթ-ուլ-Ազիզ), Կարնոյ (Էրզրում),  Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր), Բաղէշի (Պիթլիս), եւ Վանի նահանգները (1): Անշուշտ մեծ թիւով հայեր կ՛ապրէին յատկապէս նա՛եւ Կիլիկիոյ, Տրապիզոնի եւ Պոլսոյ նահանգներուն մէջ: Պէտք է նշել, որ 20 յունուար 1914-ի օսմանեան-ռուս-գերման բարենորոգման ծրագիրով Տրապիզոնի նահանգն ալ պիտի աւելնար այս 6-ին վրայ, «Սակայն գերմանացիները, որոնք թաքուն կերպով Թուրքիոյ շահերը կը պաշտպանէին, մերժեցին ստորագրել համաձայնագիրը», կ՛ըսէ Սիմոն Վրացեան(2):

3. 1914-1917 ցարական Ռուսիոյ սահմանի ընդարձակումը դէպի Արեւմտեան Հայաստան` Պերլինի վեհաժողովին ընդունուած հայկական նահանգներէն մաս մը (սահմանագիծերը մատնանշուած են ուղղանկիւնի մէջ 1914 եւ 1917 թուականներով):

Թիւ 3 քարտէսը ցոյց կու տայ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ցարական Ռուսիոյ յառաջխաղացքը դէպի Արեւմտեան Հայաստան` մօտաւորապէս տիրանալով հայկական վիլայեթներէն Վանի ամբողջ եւ Կարին ու Բաղէշ նահանգներու մէկ մասին եւ Տրապիզոնին` 1914-ի (կարմիր ուրուագիծ` սահմանագիծերը մատնանշուած են ուղղանկիւնի մէջ 1914 եւ 1917 թուականներով) Օսմանեան կայսրութեան հետ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանը ընդարձակելով շուրջ 450 քմ-էն շուրջ 800 քմ-ի, պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն առաջ (նարնջագոյն), սեպտեմբեր 1917-ին: Ինչպէս Սիմոն Վրացեան կը բնութագրէ, հետագային մօտաւորապէս Սեւրի դաշնագիրով որոշուած սահմանն էր այս (2):

Պէտք է նշել, որ 1 նոյեմբեր 1914-ին ռուսական կողմը սկսած էր յարձակումը հիւսիսէն դէպի Կարին եւ հարաւէն դէպի Պայազիտ: 22 դեկտեմբեր 1914-ին օսմանեան բանակը կը յարձակի Սարիղամիշի վրայ` պատերազմի նախարար Էնվեր փաշայի հրամանատարութեամբ, որ ջախջախիչ պարտութիւն կը կրէ` տալով առնուազն 90 հազար մեռեալ (ոմանք` 120 հազար), մաս մը` անօթութենէն եւ ցուրտէն: Այս պատճառով Սարիղամիշը հետագային միշտ Թուրքիոյ թիրախը դարձած է եւ կարծես բանալի քաղաքը` հետագայ զարգացումներուն (3), (4), (5), (6): Այլ պատճառ էր նաեւ, արեւմուտքէն դէպի արեւելք, իբրեւ երկաթուղիի առաջին ռազմավարական կայանը դէպի Կարս, ապա Ալեքսանտրապոլ` Կովկասի երկաթուղիներու գլխաւոր հանգոյց-կայանը, տես` քարտէս 5:

4. Անդրկովկասեան Կոմիսարիատի, ապա Անդրկովկասեան Դեմոկրատական Ֆետերաթիւ Հանրապետութեան` (կամ Սէյմ) Հայաստան, Վրաստան, եւ այժմու Ազրպէյճանի քարտէսը` 18 նոյեմբեր 1917-26 մայիս 1918 (դեղին եւ մոխրագոյն տարածքները` կեդրոնի մեծ տարածքը եւ արեւմտեան տարածքը):

Արեւմտահայաստանի եւ Կովկասի մէջ գտնուող 100 հազար հաշուող ռուսական բանակը, ռուսական յեղափոխութեան պատճառով, հոկտեմբեր 1917-էն սկսեալ անկանոն կերպով սկսաւ լքել ճակատը եւ տուն վերադառնալ: Վրացեան կը նշէ, որ դասալիք ռուսերը նոյնիսկ կը պարտադրէին, որ հայ զինուորներն ալ լքեն ճակատը: Կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ Ա. Աշխարհամարտին շուրջ «2 միլիոն հաշուող ռուսահայութիւնը աւելի քան 250 հազար զինուոր տուաւ ռուսական բանակին (բոլոր ճակատներուն վրայ` Պալթիք ծովէն մինչեւ Ճափոն, ՅՉ)» (8), որոնց մէջ նաեւ` պատկառելի թիւով բարձրաստիճան սպաներ եւ ճակատի հրամանատարներ: Ցարը խոստացած էր ինքնավարութիւն շնորհել Արեւմտահայաստանին… որ սակայն փոխարքայ Նիքոլայ Նիքոլայեւիչը 3 յուլիս 1916-ի որոշումով դրժեց այս խոստումը եւ շրջանը վերածեց հայութեան դէմ բռնակալութեան (2):

5. Այժմու «Կուկըլ» քարտէսը, կեդրոնը` Արարատը, ուր մատնանշուած են 1914-1920 ճգնաժամի բանալի հայկական քաղաքները` Վան, Սարիղամիշ, Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ` Գիւմրի եւ անոնց օդային հեռաւորութիւնները:

Պոլշեւիկները 15 դեկտեմբեր 1917-ին դադրեցուցին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը պատերազմին` շուրջ 800 քմ ճակատի գրեթէ անկարելի պաշտպանութիւնը ձգելով բնիկ եւ մնացող սակաւաթիւ հայ զինուորներուն եւ շուրջ 20 հազար հաշուող հայկական կամաւորական գունդերուն, որոնք արդէն կը մասնակցէին պատերազմին: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր կամաւոր մարտիկի կը վիճակուէր պաշտպանել շուրջ 40 քմ սահման` առանց հաշուելու ներքին թշնամի թուրք, թաթար եւ քիւրտ բնակչութեան վտանգը: Ապա 3 մարտ 1918-ին Պրեսթ-Լիթովսքի դաշնագիրով (7) պոլշեւիկները զինադադար յայտարարելով,  պաշտօնականացուցին պատերազմէն քաշուելու իրենց որոշումը` հողային հսկայական զիջումներ կատարելով Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս, որոնց մէջ նաեւ` Կարս, Արտահան եւ Պաթում նահանգները,  որոնք դաշնագիրի ստորագրութեան ժամանակ կը գտնուէին հայկական եւ վրացական հսկողութեան տակ, միաժամանակ` զինուորապէս հեռանալու այդ շրջաններէն եւ անոնց ճակատագիրին միջամուխ չըլլալու խոստումով, անոնց ապագայ կարգավիճակը ձգելով շրջանի ժողովուրդներուն… Ասիկա պատճառ դարձաւ Թուրքիոյ կողմէ մայիս 1918-ին, խախտելով զինադադարը, առանց նախազգուշացման, հայկական շրջաններուն վրայ յարձակումին:

Թիւ 4 քարտէսը կը ներկայացնէ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան պատճառով ցարական Ռուսիոյ անկումէն ետք, Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն իրենց կուսակցութիւններով հռչակած Անդրկովկասեան Կոմիսարիատը, ապա Անդրկովկասեան Դեմոկրատական Ֆետերաթիւ Հանրապետութիւնը` Հայաստանի, Վրաստանի, եւ այժմու Ազրպէյճանի քարտէսը 18 նոյեմբեր 1917-26 մայիս 1918 (դեղին եւ մոխրագոյն տարածքները)` մայրաքաղաք ունենալով Թիֆլիսը:

6. 2 դեկտեմբեր 1920-ի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները (հաստ ու սեւ ուրուագիծ), ուր Արցախը եւ Նախիջեւանը ներառուած էին` արեւմտեան սահմանը մնալով մօտաւորապէս 1914-ի նախապատերազմեան սահմանը:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին Թուրքիոյ պարտութենէն ետք, նոյեմբեր 1918-էն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազատագրեց բռնագրաւուած տարածքներէն Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու նահանգները եւ 6 դեկտեմբեր 1920-ին Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրով ամրագրեց իր սահմանները, ներառեալ Արցախը` Լաչինով միացած եւ Նախիջեւանը: Տես` քարտէս թիւ 6:

7. Ա. Համաշխարհային պատերազմի յաղթական կողմին` «Անթանթին» կողմէ Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած եւ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեան վստահուած ու իր ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանին քարտէսը` գիւղերու եւ քաղաքներու մանրամասն նշումներով, հիմնուելով «Հարպորտ» առաքելութեան տեղւոյն վրայ կատարած աշխարհագրական եւ ազգաբնակչութեան ուսումնասիրութեան տուեալներուն եւ Հայաստանին դէպի ծով ելք ապահովելու առաջադրանքին վրայ:

Վերջապէս, շարունակելով հետապնդել հայկական ազգային-հողային պահանջները, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, մասնակցեցաւ Ա. Աշխարհամարտի հաշուեյարդարը եղող Սեւրի վեհաժողովին եւ 10 օգոստոս 1920-ին ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը: Օրին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժողովրդային մեծ ցնծութեամբ տօնեց այս դաշնագիրը (9)` իբրեւ միացեալ Հայաստանի անկախութեան ճանաչում, որուն արեւմտեան եւ հիւսիս-արեւմտեան սահմանները ճշդուեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի միջազգային իրաւարարութեան վճիռով, որ ցարդ կը մնայ ուժի մէջ եւ իրագործելի (10), (11), (12). տես` քարտէս թիւ 7:

Աւարտին, կը մէջբերեմ «Վէմ»-ի խմբագրականէն հատուած մը. «2018 մայիս 28-ին Հայաստանը իբրեւ պետութիւն` պարտաւոր է ողջ աշխարհին յիշեցնել, որ ինքը 1918 թուականին վերանկախանալով իբրեւ 1878 թուականէն միջազգային դիւանագիտութեան օրակարգ մտած Հայկական հարցի իրաւատէր` կը շարունակէ պահպանել իր բուն առարկայի` Արեւմտեան Հայաստանի հանդէպ իր իրաւունքները: Իսկ անոր համար 2018 թուականի մայիս 28-էն մինչեւ 2019 մայիս 28-ը հարկաւոր է հռչակել Հայաստանի Հանրապետութեան Տարի» (13):

30 օգոստոս 2018          

(1)  https://en.wikipedia.org/wiki/Six_vilayets

(2)  «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Զինադադար եւ «Մութ ձեռքի» աշխատանքը Կովկասում» գլուխ, էջ 63:

(8)  Նոյնը, «Համաշխարհային պատերազմը եւ հայ ժողովուրդը» գլուխ, էջ 11:

(3)  http://www.aztagdaily.com/archives/394875

(4)  http://www.aztagdaily.com/archives/396582

(5)  http://www.aztagdaily.com/archives/397834

(6)  http://www.aztagdaily.com/archives/398773

(7)  https://en.wikipedia.org/wiki/Treaty_of_Brest-Litovsk

(9)  «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 178, 21 օգոստոս 1920, էջ 2:

(10) http://www.aztagdaily.com/archives/315557

(11) http://www.aztagdaily.com/archives/359654

(12) http://www.aztagdaily.com/archives/359818

(13)  «Վէմ» համահայկական հանդէս, յունուար-մարտ թիւ 1 (61), ISSN 1829-1864, «Էդիթ Պրինտ» տպարան, Երեւան, 1918, «Մայիս 28-ն իբրեւ փորձաքար» խմբագրական, էջ 3-8:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>