Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-Ամեակ. Ականատեսի Թռուցիկ Տպաւորութիւններ. Սարդարապատ Կայարանը Ազատագրելու Առիթով

$
0
0

ՀՅԴ Հայաստանի կեդրոնական եւ քաղաքային կոմիտէներու առաջին պաշտօնաթերթ «Զանգ» թերթը նախ շաբաթը երկու, ապա երեք անգամ լոյս կը տեսնէ, 9 նոյեմբեր 1917-էն 27 փետրուար 1919: Տարբեր ժամանակներ իբրեւ խմբագիր ունեցած է` Փ. Յակոբեանը, Ս. Թորոսեանը, Սիմոն Վրացեանը, Արշակ Ղազարեանը եւ վերջինը` Նիկոլ Աղբալեանը: «Զանգ»-ին կը յաջորդէ «Յառաջ» օրաթերթը:

«Զանգ» թերթին առաջին թիւը

Անհրաժեշտ է իմանալ անկախութիւն կերտելու օրերուն, տակաւին պատերազմի մէջ գտնուող հայրենիքին հերոսամարտերուն եւ իրողութիւններուն մասին տեղական մամուլին հարազատ արձագանգը: Իրենք եղելութեան մէջ կը գտնուէին եւ պատմութիւն կը կերտէին, նո՛յնիսկ` անտեղեակ անկախութեան հռչակումէն եւ ո՛չ թէ մեզի նման 100 տարի ետք մեկնաբանութիւններ կը կատարէին: «Զանգ»-ի 28 մայիս 1918-ի (երեքշաբթիի) թիւը կարելի չեղաւ գտնել, սակայն յաջորդող «Զանգ»-ին թիւը լոյս կը տեսնէ ուրբաթ, 31 մայիսին, ուր կը կարդանք Զեմլեակի (Յարութիւն Նանումեան) մահուան գոյժը եւ զինուոր Գ. Գէորգեանի հետեւեալ թղթակցութիւնը Սարդարապատի ճակատէն, որ հաւանաբար գրած էր մայիս 28-ին եւ ուղարկած` թերթին. «Ականատեսի թռուցիկ տպաւորութիւններ Սարդարապատ կայարանը ազատագրելու առիթով» (արեւմտահայերէնի վերածուած) (1).

1. «Սարդարապատ կայարանը (այժմ` Արմաւիրի կայարան, ՅՉ) թշնամիէն ազատագրելը էական նշանակութիւն ունեցաւ թէ՛ հայ խաղաղ ազգաբնակչութեան եւ թէ՛ զինուորներուն համար: Մինչեւ յաղթանակը` բոլորը բնազդօրէն կը զգային պահուն լրջութիւնը եւ յուսահատ տրամադրութեամբ Աստուծոյ կ՛աղերսէին` ելք մը փնտռելու այս ճգնաժամային դրութենէն դուրս գալու համար: Ոչ միայն լքուած, անառագաստ ու անղեկ կը գաղթէր խաղաղ հայ ազգաբնակչութիւնը, այլ նաեւ զինուորն ալ իր գլուխը կորսնցուցած` հանգրուան մը կը փնտռէր եւ չէր գտներ:

«Դրութիւնը փոխուեցաւ:

Գ. Գէորգեանին թղթակցութիւնը, «Զանգ» 31 մայիս 1918 եւ Զեմլեակի մահուան գոյժը

«Զինուորները այնպիսի վեհ ոգեւորութեամբ կը յառաջանային դէպի ճակատ, որ ոչ մէկ համեմատութեամբ կարելի է բաղդատել 2 օր առաջուան տրամադրութեան հետ. բոլորն ալ ուրախ էին պատուով մեռնելու, որովհետեւ անոնք կը զգային բովանդակ հայ ազգին գոյութեան սպառնացող բնաջնջումի անխուսափելի վախճանը: Չափազանց հետաքրքրական էր այդ պահուն գտնուիլ զինուորներուն միջեւ: Նո՛յնիսկ ամէնէն վախկոտ ու փոքրոգի մարդուն ոգին կը բարձրացնէր եւ իւրաքանչիւրին առիւծ կը դարձնէր: Մէկ խօսքով, լաւ էր տպաւորութիւնը (տրամադրութիւնը բարձր էր, ՅՉ): Սարդարապատը ազատագրեցինք, սակայն հրաման տրուեցաւ չյառաջանալ ու հանգստանալ:

«Առաւօտեան այցելեցինք մօտակայ Սարդարապատ գիւղը եւ սոսկալի տեսարաններու հանդիպեցանք: Միայն տունի մը մէջ կախած եւ այրած էին 8 կիներ` իրենց երեխաներով եւ այր մարդիկը: Պահ մը կը մտածես, որ (եղեռնագործները) գազաննե՞ր էին, թէ՞ վայրենիներ: Չէ՞ որ հաշտարար պատգամաւորութեան մէջ անոնք (թուրքերը) կը յայտարարէին, որ ազգաբնակչութիւնը թող չգաղթէ, մենք անոնց պիտի չդպնանք, չէ՞ որ գերմանացիները կ՛երաշխաւորէին մեր ֆիզիքական գոյութիւնը, հապա ինչպէ՞ս բացատրել այս: Այդ բոլորը տեսնելով` ակամայ կու գաս այն եզրակացութեան, որ անպայման պէտք է մեռնիլ (մինչեւ մահ պայքարիլ, ՅՉ), միայն թէ թուրքը ոտք չկոխէ մեր աղեկտուր հայրենիքի բեկորը:

Արմաւիր-Սարդարապատի կայարանը այժմ

«Քիչ մը թափառելէ ետք, երբ կայարան եկանք, տեսանք Երեւանէն եկած կամաւորներ, որոնց ներկայութիւնը չափազանց ուրախացուց եւ մեր ոգեւորութիւնը բարձրացուց: Առաւել եւս, զինուորներուն դիմադրութեան ոգին բարձրացաւ` տեսնելով մեզի համար (Երեւանէն) ուղարկուած նուէրները (օճառ, ծխախոտ, գուլպայ, ներքնազգեստ եւ այլն, ՅՉ): Մենք զգացինք, որ թիկունքը մտահոգ է մեզմով եւ մինչեւ վերջ պիտի հոգայ մեր կարիքները:

«Լիայոյս ենք, որ Երեւանէն եւ այլ շրջաններէն նորէն կամաւորներ կու գան` մեր ոգեւորութիւնը բարձրացնելու: Բոլորս անհամբեր կը սպասենք` յառաջանալու դէպի առաջ: Գ. Գէորգեան»:

2.  «Շտապի հեռագիր` 28 մայիս, երեկոյեան ժամը 10 (22:00):

«Այսօր երեկոյեան ժամը 8:40-ին անհաւասար մարտերու մէջ հերոսաբար ինկաւ մեր հին հայդուկներէն Զեմլեակը (ձիաւոր խումբի հրամանատար` Յարութիւն Նանումեան, ՅՉ):

Ձախէն աջ` Յովհաննէս Քուրանեան, Օնէ (Յովհաննէս Մելքոնեան), Զեմլեակ (Յարութիւն Նանումեան), Եապոն (Յովհաննէս Պարոնեան), Տալի Ղազար (Միքայէլ Պատալքէօխեան), Բաշգառնեցի Մարտիրոս (Մարտիրոս Աբրահամեան), Ռիժա Տիգրան:

«Թուրքերը երեքօրեայ կռիւներէ ետք ջարդուած են եւ հապճեպով կը նահանջեն: Անոնց զօրամասերը երեք խումբերու բաժնուած են: Առաջինը Ալագեազի կայարանէն կը նահանջէ դէպի Անի կայարան, երկրորդը` Կրմզլու (Կարմրաշէն,  Թալին) եւ երրորդը` Ախջա-կալա: Մեր զօրամասերը քայլ առ քայլ կը հետապնդեն զանոնք: Ոգեւորութիւնը աներեւակայելի է:

«Կէս գիշերին կը յայտնեն, որ մերինները ազատագրած են Ալագեազ կայարանը եւ կը յառաջանան դէպի Անի»:

23 Սեպտեմբեր 2018

———–

(1) «Զանգ», թերթ, Երեւան, Բ. Տարի, թիւ 38, 31 Մայիս 1918, էջ 3:
(2)  Նոյնը, էջ 4:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>