Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հմայեակ Խաչատրեան

Հմայեակ Խաչատրեանը ծնած է 1900-ին, Մակու: Փոքր հասակին մահացած է հայրը, ապրած է հօրեղբօր հետ: Ունեցած է մէկ եղբայր: Ապրած է Էջմիածնի շրջանի Սամաղար գիւղը: 1917-ին եղած է զինուորական ծառայութեան մէջ: Մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, կռուած է կովկասեան ճակատին վրայ:

1917-ին 4-րդ գունդի կազմին մէջ կռուած է Էրզրումի եւ Սարիղամիշի մէջ: Եղած է կապաւոր: 1918-ին զօրքին հետ նահանջելով Էրզրումէն, Սարիղամիշէն, Կարսէն` հասած է Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի): Այստեղ ան առաջադրանք ստացած է կապ հաստատել Ալեքսանդրապոլի եւ Համամլուի միջեւ: Առաջադրանքը կատարելէ ետք վերադարձած է, բայց գունդին չէ հանդիպած, հաւանաբար գունդը արդէն նահանջած էր: Ան կարճ ժամանակով մեկնած է տուն` Սամաղար:

Հմայեակ համագիւղացիներուն հետ մասնակցած է Սարդարապատի ճակատամարտին: Մասնակցած է նաեւ Քէօրփալուի (ներկայիս` Էջմիածնի մարզ, Արշալոյս գիւղ) ճակատամարտին:

1943-ին տեղափոխուած է Էջմիածին: Եղած է ճանապարհաշինարար, ղեկավարած է Էջմիածնէն Աշտարակ տանող բոլոր ճանապարհներու շինարարութիւնները:

Հմայեակ Խաչատրեանը մահացած է 1987-ին:

Ալեքսանդր Խատիսեան

Ալեքսանդր Խատիսեան. հայ քաղաքական գործիչ եւ լրագրող, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար եւ երկրորդ վարչապետ, շուրջ 7 տարի եղած է Թիֆլիսի քաղաքապետ:

Ծնած է 17 փետրուար 1874-ին, Թիֆլիս, ազնուական մեծ ընտանիքի մը մէջ:

1891-ին աւարտած է Թիֆլիսի պետական ուսումնարանը: Ուսանած է Մոսկուայի եւ Խարկովի համալսարաններուն մէջ եւ ստացած` բժշկական կրթութիւն: 1897-ին գերազանցութեամբ կ՛աւարտէ համալսարանը ու կը ստանայ բժիշկի մասնագիտութիւն: Այցելած է Իտալիա, Ֆրանսա ու Գերմանիա: Փարիզի ու Պերլինի մէջ հրապարակած է քանի մը պռոշիւր ու գիրք` նուիրուած ջրամատակարարման, քարասալարկներուն, ժողովրդային տուներուն եւ այլն:

Խատիսեանը գերազանց տիրապետած է` հայերէնին, ռուսերէնին, անգլերէնին, ֆրանսերէնին, գերմաներէնին ու վրացերէնին:

Ինքնակառավարման, բժշկութեան, տնտեսութեան ու մշակոյթի մասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ թարգմանութիւններու հեղինակ է:

Պատուիրակ` Պաթումի (մայիս 1918) համաժողովին: Կը վարէ Պաթումի դաշնագրի բանակցութիւնները եւ դաշնագիրը կը ստորագրէ 4 յունիս 1918-ին: 1918-ին կ՛ըլլայ արտաքին գործոց նախարար, ապա` խնամատարութեան եւ ներքին գործոց նախարար:

Օգոստոս 1919-էն մինչեւ մայիս 1920 կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը:

1920-ի ամառը կառավարութեան պիւրոյի կազմով կը մեկնի արտասահման` հայկական սփիւռքէն Հայաստանի օգտին ներքին փոխառութիւն կազմակերպելու եւ «Ոսկէ հիմնադրամ» ստեղծելու նպատակով:

2 դեկտեմբեր 1920-ին կառավարութեան անունով կը ստորագրէ Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը:

Խատիսեանը կը տեղափոխուի Փարիզ, ուր Հայկական ազգային պատուիրակութեան կազմին մէջ կը շարունակէ քաղաքական գործունէութիւնը, սկիզբը իբրեւ նախագահի տեղակալ, ապա` նախագահ: 1922-1923 թուականներուն կը մասնակցի Լոզանի համագումարին` ներկայացնելով եւ պաշտպանելով հայ ժողովուրդին շահերը Ազգերու լիկայի մէջ: Անդամակցած է հայկական ու ռուսական հասարակական կազմակերպութիւններու:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Փարիզէն կը տեղափոխուի Փորթուգալ: 1944 թուականին Խատիսեանը կը ձերբակալեն գաղտնի ամբաստանութեան մը հիման վրայ` մեղադրելով անոր գերմանացիներու հետ կապերու մէջ, սակայն շուտով ազատ կ՛արձակեն զինք փաստերու բացակայութեան պատճառով:

Ալեքսանդր Խատիսեանը մահացած է 10 մարտ 1945-ին, Փարիզ:

Գէորգ Խատիսեան

Գէորգ Խատիսեան (Գիգա). իրաւաբան, փաստաբան, քաղաքական եւ պետական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի 2-րդ գումարման պատգամաւոր: Ալեքսանդր Խատիսեանի եւ Կոստանդին Խատիսեանի կրտսեր եղբայրը:

Ծնած է 1876-ին (որոշ տուեալներով` 1879 թ.), Թիֆլիս:

Աւարտած է Մոսկուայի համալսարանը: Թիֆլիսի մէջ աշխատած է իբրեւ փաստաբան, զբաղած է հասարակական-քաղաքական գործունէութեամբ: Իբրեւ հմուտ փաստաբան` մասնակցած է դաշնակցական դատերու պաշտպանութեան:

1912-ին եղած է Թիֆլիսի Քաղաքային խորհուրդի պատգամաւոր: 1916-1918 թուականներուն մասնակցած է Անդրկովկասի վարչական վերաբաժանման յանձնաժողովի աշխատանքներուն, հեղինակ է առաջարկուող նախագիծի մը ու քարտէսի, Ա. Համաշխարհային պատերազմի (1914-1918 ) օրերուն կամաւորական շարժումի գործուն կազմակերպիչներէն մէկն է:

1917-ին` իբրեւ ՀՅԴ կուսակցութեան ներկայացուցիչ կը մասնակցի կովկասեան պետական-յեղափոխական մարմիններու: Իսկ նոյն թուականի սեպտեմբեր-հոկտեմբերին մասնակցած է Արեւելահայերու ազգային համախորհրդակցութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնեայ` կառավարութեան գործերու կառավարիչ (1919-1920), Կարսի մարզի Պետական գոյքերու վարչութեան լիազօր (1920), խորհրդարանի պատգամաւոր (1919):

1919-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920) նախարարաց խորհուրդի գործերու կառավարիչ, ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի 2-րդ գումարման պատգամաւոր: Խորհրդարանին հաստատած օրէնքներու մեծ մասին նախագիծերը կը պատկանին Գէորգ Խատիսեանին:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք` Թիֆլիսի համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս եւ առեւտրական իրաւունքի ամպիոնի վարիչ:

Ամուսնացած է Յովհաննէս Թումանեանի Աշխէն դստեր հետ: Թումանեանը Գէորգ Խատիսեանին ընտանեվարի անուանած է Գիգա:

Գէորգ Խատիսեանը մահացած  է երկաթուղիի արկածի պատճառով, 1932-ին:

Արշամ Խոնդկարեան

Հայ քաղաքական-պետական գործիչ, գրող, Էս. Էռ. (սոցիալ-յեղափոխական) կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1881 յուլիսին, Իգտիրի Հախվերէս գիւղը, աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը եւ վկայուած` Օտեսայի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքէն:

Ճեմարանի մէջ իր ուսանողութեան շրջանին Արշամ Խոնդկարեանը ուշադրութիւն գրաւած է գաղափարական իր աշխուժութեամբ ու մտաւորական իր գիտելիքներով: Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է ցարական կարգերու դէմ ծաւալած ուսանողական եւ յեղափոխական պայքարներուն մէջ` դառնալով Անդրկովկասի մէջ սոցիալիստ-յեղափոխական կուսակցութեան (Էս. Էռ. կամ` Էսէռներ) ամէնէն հռչակաւոր եւ աչքի զարնող առաջնակարգ դէմքերէն մէկը:

1917-ին, ռուսական մեծ յեղափոխութեան ժամանակ Արշամ Խոնդկարեանը Անդրկովկասը ներկայացնող քաղաքական կարեւոր գործիչներէն մէկը եղաւ: Քերենսկիի ժամանակաւոր իշխանութեան շրջանին, երբ ռուս սոցիալիստ-յեղափոխականները (Էսէռներ) տիրական ներկայութիւն հաստատած էին քաղաքական բեմի վրայ, Արշամ Խոնդկարեանը արժանաւորապէս ներկայացուց միեւնոյն այդ հոսանքը Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդին մէջ` պատմական մեծակշիռ վերիվայրումներու այդ փուլին ցուցաբերելով հայ ազգային-քաղաքական եւ հասարակական-պետական գործիչի ուշագրաւ ընդունակութիւններ:

1918-ին Հայաստան անկախացումով Արշամ Խոնդկարեան «սոցիալիստ-յեղափոխականներ»-ը ներկայացուց նորաստեղծ հանրապետութեան առաջին օրէնսդիր ժողովին` Հայաստանի Խորհուրդին մէջ: Այնուհետեւ ընտրուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, սերտ գործակցութեան մէջ եղաւ Դաշնակցութեան հետ եւ նշանակուեցաւ արդարադատութեան նախարարի պատասխանատուութեան:

Արշամ Խոնդկարեանը, դէմ էր պոլշեւիկեան մտայնութեան` յանուն «սոցիալ-դեմոկրատիայի» պոլշեւիկներու որդեգրած քաղաքական-ռազմավարական թէ գաղափարական-կազմակերպական ուղղութիւնները մերժելով եւ զանոնք հիմնաւոր քննադատութեան ենթարկելով:

Այդ ճամբով ալ, երբ Լենին-Քեմալ սադրանքով կործանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արշամ Խոնդկարեանը իր կարգին 1921-ին անցաւ արտասահման: 1924-ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր մինչեւ իր մահը հրապարակագրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց` առաւելաբար խորհրդային կարգերու քննադատութեան նուիրելով իր ուժերը: Ան եղաւ խմբագիրը «Տնի» (օրեր) թերթին:

Արշամ Խոնդկարեանը, օժտուած էր կարող հրապարակագիրի ընդունակութեամբ, իր գրութիւններուն մէջ լուսարձակի տակ առած է խորհրդահայ իրականութիւնը: Ան աշխատակցած է «Հայրենք» ամսագիրին, ուր ամէն ամիս Ա.Ա. ստորագրութեամբ խորհրդահայ կեանքը ներկայացուցած է «Խորհրդահայ կեանք» բաժինով: Աշխատակցած է նաեւ «Վէմ» հանդէսին եւ «Յառաջ»-ին:

Արշամ Խոնդկարեանը կը մահանայ 1 դեկտեմբեր 1965 թ., Փարիզ:

Վահան Խորէնի

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան). հայ հասարակական-քաղաքական եւ պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1884-ին, Սիւնիքի Բռնակոթ գիւղը:

Աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ուսանած է Հալլէի (Գերմանիա) համալսարանի բժշկական բաժնին մէջ, 1913-ին աւարտած է Լայփցիկի համալսարանի պատմափիլիսոփայական բաժինը` ստանալով դոկտորի գիտական աստիճան: Դասաւանդած է Թիֆլիսի Գայեանեան եւ Ներսիսեան դպրոցներուն մէջ:

Խմբագրած է «Աշխատաւոր» (Թիֆլիս), «Հայաստանի աշխատաւոր» (Երեւան) թերթերը, ուր տպագրուած է անոր «Հայրենի նամակներ» յօդուածաշարքը: Վահան Խորէնին բարձր գնահատած է հայ բանուորը` զայն համարելով «արեւելեան միջազգայնականի» յառաջապահը, մեծ դեր յատկացուցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան Արեւելքի յեղափոխութեան մէջ: Ազատագրութեան գործին մէջ կողմնակից էր սեփական ուժերուն ապաւինելուն, դէմ էր պոլշեւիկեան արեւելեան քաղաքականութեան:

1919-ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր: Ըլլալով հայ եւ պետականութեան ջատագով` նախաձեռնած է Հայաստանի մէջ պետական եւ հասարակական կեանքի ազգայնացման ծրագիրն ու գործը:

1920 օգոստոսին, կառավարութեան յանձնարարութեամբ, մեկնած է Զանգեզուր` հնարաւոր քաղաքացիական կռիւները կանխելու համար: Խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ դաւադրաբար ձերբակալուած է եւ Գորիսի բանտին մէջ 13 այլ դաշնակցականներու հետ սպաննուած է:

(Շար. 10)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles