Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը Կ՛անդրադառնայ Հայկական Զիլճեան Ընտանիքին Եւ Համանուն Ապրանքանիշին Պատմութեան

$
0
0

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը «Ընտանիքի 400-ամեայ երաժշտական գործիքը կը շարունակէ ճիշդ հնչողութիւնը» խորագիրով լայնածաւալ յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ հանրայայտ Զիլճեան ընտանիքին եւ անոնց կողմէ տարիներէ ի վեր արտադրուող «Զիլճեան» ապրանքանիշի ծնծղաներու պատմութեան:

«Կրնաս ունենալ աշխարհի լաւագոյն ներդաշնակութիւնը, սակայն միայն ծնծղաներն են, որոնք կրնան քեզ դէպի գագաթ բարձրացնել», ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս գործիքին մասին կը խօսի յայտնի թմբկահար Պրայըն Պլէյտը, որ երկար տարիներ կ՛օգտուի «Զիլճեան» ծնծղաներէն:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի յօդուածը կը պատմէ, որ «Զիլճեան»-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած է արտադրուելու 1929-ին: Սակայն ընկերութեան պատմութիւնը աւելի հին է` շուրջ 400 տարուան պատմութիւն ունի: Անոր պատմութիւնը կը սկսի 1618-էն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

Ծնծղաներու պատրաստութեան գործը կը սկսի Աւետիս Զիլճեանը, որ քիմիական փորձեր կատարելով` կը փորձէր ոսկի ստանալ, սակայն ի վերջոյ պղինձի, արծաթի եւ անագի խառնուրդէն ան կը յաջողի ստանալ նիւթ մը, որ բարձր եւ յստակ հնչողութիւն ունէր:

Օսման Բ. սուլթանը հաւնելով երիտասարդ հայ արուեստագէտին աշխատանքը` անոր ոչ միայն կը թոյլատրէ պատրաստել գործիքներ օսմանեան արքունիքին համար, այլ նաեւ Աւետիսին կու տայ Զիլճեան մականունը: Ընտանիքը խանութ կը բանայ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ, կը համագործակցի յունական ու հայկական եկեղեցիներու, սուֆի տերվիշներու եւ սուլթանի հարեմին հետ:

«Զիլճեան» ապրանքանիշի առաջին ծնծղաները 1851-ին յատուկ նաւով մը կը տեղափոխուին Լոնտոն` ցուցադրուելու համաշխարհային տօնավաճառին:

20-րդ դարու սկիզբը ընկերութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը ղեկավարէր Արամ Զիլճեանը, որ կ՛առաջարկէ Միացեալ Նահանգներ բնակող իր զարմիկին` Աւետիսին, ղեկավարել ընկերութիւնը: Աւետիսը, որ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած էր նախքան Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը համաձայնի` տեսնելով երկրին մէջ այդ երաժշտական գործիքին հանդէպ աճող հետաքրքրութիւնը:

Այժմ ընկերութիւնը կը գործէ Մասաչուսեց նահանգին մէջ: «Այսօր իւրաքանչիւր գործիք կը շարունակէ անցնիլ բարձր որակաւորում ունեցող տասնեակ մը աշխատակիցներու ձեռքերէն, որոնք կը ստուգեն, որ «թուղթի բարակութիւն» ունեցող ծնծղաները ունենան անհրաժեշտ երաժշտական ձայնածաւալը (diapason)», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` աւելցնելով, որ գործիքներէն իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ եւ անկրկնելի ձայն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>