Լիբանանեան տպագիր մամուլին ապրած ճգնաժամը պետութեան եւ հասարակութեան ուշադրութիւնը հերթական անգամ իր վրայ կեդրոնացուց, երբ աւանդութիւն ունեցող եւ լիբանանեան թերթերու առաջին հորիզոնականներուն կանգնած «Անուար»-ը եւս որոշեց միանալ «Սաֆիր»-ի, «Իթթիհատ»-ի եւ «Հայաթ»-ի պէյրութեան բաժինի առած որոշումներուն: Թերթ մը եւս յանձնուեցաւ գոյութեան կռիւին մէջ եւ որոշեց լոյս չտեսնել` իրեն հետ խաւարին տանելով նաեւ «Սայեատ» հրատարակչատան բոլոր տպագիր հրատարակութիւններու լոյս տեսնելիք հետագայ թիւերը:
Մինչ, լիբանանեան ամէնէն հեղինակաւոր թերթերու աշխատակազմերու կրճատումներ, ձգձգուող աշխատավարձեր, լոյս տեսնելու համար քաղաքական դրամագլուխի յատկացումները ուռճացենլու պահանջներ` բոլոր նախադրեալները կը յուշեն իրավիճակի անհեռանկարայնութիւնը:
Տեղեկատուութեան նախարարը բազմիցս հրաւիրեց խորհրդակցութիւններու եւ քննարկումներու` տպագիր մամուլին ուղղութեամբ հակաճգնաժամային ծրագիր մշակելու համար: Յետ քննարկումներու, պատրաստուած են նաեւ ծրագիրի 6 նախագիծեր, որոնք կ՛արծարծեն թուղթի ներածման համար նուազագոյն տուրքի դրութիւն, մամուլի հետ կապուած հաստատութիւններու հաղորդակցութեան միջոցներու յատուկ սակացոյցի որդեգրում, ընկերային սնտուկէն օգտուելու բացառիկ դիւրութիւններու ընծայում եւ տպուող իւրաքանչիւր թիւի համար նիւթական օժանդակութիւն:
Այս նախագիծերը մինչ այժմ կառավարութեան նիստերու օրակարգին մաս չեն կազմած: Իբրեւ օրինագիծ եւս չեն հասած խորհրդարան: Ճգնաժամը փաստօրէն չէ յաջողած թակել գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու դռները, հակառակ անոր որ փակուող թերթերը կը յուշեն, որ տագնապը հատած է արդէն ահազանգի կարմիր գիծը: Բայց ահազանգը կը հնչեցուի ամէն անգամ, երբ անուանի թերթ մը թուղթին յանձնէ իր կարապի երգին երաժշտութիւնն ու բառերը:
Հեղինակաւոր թերթերու փակումը կրնայ վարակիչ հանգամանք ստանալ: Տատամսողները, ի տես նման շղթայական իրադրութիւններու, թերթը շարունակել-չշարունակելու իրենց երկուութեան մէջ կրնան հակիլ իրենցմէ աւելի նշանաւորին առած որոշումին եւ քայլ առնել միեւնոյն ուղղութեամբ:
Կենցաղային տարրական խնդիրներու (ելեկտրականութիւն, ջուր, ընկերային եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական ծառայութիւններ) լուծման հետամուտ ըլլալու խոստումներով յայտարարութիւններ կատարող, սակայն ըստ էութեան հարցերու յաղթահարման համար ոչ արդիւնաւէտ կացութիւններու առջեւ գտնուող կառավարութիւնը դժուար թէ յաջողի համաշխարհային մակարդակի վրայ լայն տեղ գրաւած այս տագնապին լուծում բերել:
Թերթ փակելու որոշումը կը կանգնեցնէ թերթի տպագրական մեքենաները, կ՛արձակէ տպագրողները, նկարահանողները, ցրուիչները, կը գործազրկէ էջադրողները, գրաշարները, վերստուգող սրբագրիչները եւ կը տարածուի մինչեւ վարչական, քարտուղարական, գովազդային բաժանմունք, մինչեւ խմբագիրներ, տնօրէնութիւն: Արդէն իսկ փակուած թերթերու այս առումով հանրագումարը կրնայ հասնիլ մամուլի աշխատակիցներու մեծաթիւ բանակի մը, որ զօրացրուած է այսօր` զօրացրելով նաեւ իր ընթերցողներուն բանակը:
Անոնք, որոնք կը մնան պատնէշին վրայ, մէկ կողմէ կը նային զօրացրուածներուն, միւս կողմէ կը նային գոյութեան կռիւը շարունակողներուն, հաւանաբար իմանալով, որ զօրացրուողները պիտի համալրուին եւ դիրքերը պահողները պիտի նօսրանան:
Զօրացրուողներուն եւ դիրքապահներուն միջեւ կայ երրորդ տարբերակը: Դիրքերը պահող եւ նոր դիրքեր գրաւելու ծրագիրներով հրապարակ եկող լիբանանահայ մամուլը, որ հակառակ նշուած դժուարութիւններուն հետեւանքները կրկնակիօրէն կրելուն, ո՛չ միայն որոշած է պահել դիրքերը, այլ նաեւ յայտարարած է նոր զօրակոչ: Նոր ուժերով զօրակոչուող լիբանանահայ տպագիր մամուլը, սակայն, գիտէ, որ այստեղ պետութեան չկատարածը կը կատարեն հայ քաղաքական կուսակցութիւններն ու միութիւնները:
Առանց գոյները խտացնելու եւ առանց իրավիճակին վարդագոյն երանգներ հաղորդելու` ընդունինք, որ սփիւռքահայ մամուլի քարտէսը այսօր վերագծուած է: Շատ տեղեր լոյս ու արեւ չեն տեսներ մամուլի ներկայացուցիչներ, որոնք յանձնուած են տպագիր դասական մամուլին դէմ հարթիչ գլանային ալիքին տակ եւ հրապարակած իրենց վերջին խմբագրականները:
Լիբանանահայ տպագիր մամուլը կը մերժէ գրել վերջին խմբագրականը:
«Ա.»