Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Բացում ՀՄԸՄ-ի Թանգարանային Ցուցահանդէսին` Անցեալի Ու Ներկայի Միացումով

$
0
0

Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Կլենտէյլի Կեդրոնական հանրային գրադարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի թանգարանային իրերու երկշաբաթեայ ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

«Բարձրացի՛ր» ընդհանուր խորագիրը կրող ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Թէ՛ ցուցադրութեան դրուած նիւթերու ընտրութիւնը (լուսանկարներ, մարզական ու սկաուտական պատմական արժէք ներկայացնող իրեր) եւ թէ՛ անոնց ցուցադրման գեղագիտական դասաւորումը կատարած էին հանրածանօթ արուեստագէտներ ու այս բնագաւառի մասնագէտներ` Լեւոն Փարեան, Հերի Որբերեան, Վահագն Թովմասեան, Մհեր Դաւիթեան, Արա եւ Անահիտ Օշականներ:

Գրադարանի անձնակազմէն Նիքի Ուինսլոյի բացման խօսքէն ետք, Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի սկաուտ-խմբապետ Թամար Ղարիպեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա վարեց յայտագիրը:

Միացեալ աղօթքէն ետք խօսք առին զոյգ առաջնորդները: Յովնան արք. Տէրտէրեանը իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ տպաւորուած է օրուան հանդիսավար երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականով, որ իւրայատուկ «ներկայացուցիչ»-ն էր այս միութեան` անցնող 100 տարիներուն ընթացքին: Ան յիշեց իր ծնողները, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք ծնած ըլլալով` վայելած են ՀՄԸՄ-ի դաստիարակութիւնը, որուն նշանաբան «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը ներշնչումի աղբիւր դարձած է բազում սերունդներու: Ապա աւելցուց, որ ՀՄԸՄ-ը մեր աւանդութիւններուն տիրութիւն ըրած է յարգանքո՛վ եւ անոր համար ալ պատիւի արժանի է:

Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, իր կարգին, ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի պատմութեան փառահեղ բնոյթը, շեշտեց սերունդներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբած ըլլալու փաստը, միաժամանակ դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը մանուկներն ու երիտասարդները կրթած է Հայց. եկեղեցւոյ նկատմամբ սիրով ու նուիրումով: Այս իմաստով, շարունակեց ան, մենք կը շարունակենք մեր գործնական ծառայութիւնը ՀՄԸՄ-ին` յանուն ազգին ու եկեղեցւոյ պայծառացման:

Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը իր անգլերէն խօսքին մէջ նշեց կարեւորութիւնը ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին, որ ցուցանիշն է այս կազմակերպութեան կենսունակութեան: Այսօրուան յարափոփոխ եւ արհեստագիտութեան հսկայաքայլ յառաջդիմութեան իրականութեան մէջ բանախօսը ՀՄԸՄ-ը նմանցուց ամերիկեան երիտասարդական-սկաուտական բազմատեսակ առաքելութիւնները մէկ յարկի տակ համախմբող միութեան մը, այս անգամ` հայկակա՛ն միջավայրին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքային առանցքը երիտասարդութի՛ւնն է, որուն վրայ կ՛աւելնայ կամաւոր աշխատանքի սկզբունքը:

Տոքթ. Ենիգոմշեանը նաեւ անդրադարձաւ համայնքին մէջ ՀՄԸՄ-ի դերակատարութեան եւ այս յաջողութիւնը վերագրեց հաւաքական գործակցութեան ոգիին: «Անցած 100 տարիներուն ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ գործած, անդամակցած ու անցած են շուրջ կէս միլիոն անձեր, սակայն մեր ամենամեծ յաջողութիւնը եղած է երիտասարդութիւնը մեր արժէքային համակարգով դաստիարակելը, ինչ որ մեծագոյն բարիքը եղած է համայնքին համար», ըսաւ ան:

Շրջանային վարչութեան խօսքը անգլերէնով ներկայացուց փոխատենապետ Սագօ Կարապետեանը, որ շեշտեց 100-ամեակը պատշաճ շուքով նշելու ՀՄԸՄ-ի յանձնառութիւնը` իբրեւ առանցք ունենալով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը: Ան ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի իւրայատուկ դերը` իբրեւ համայնքի տարբեր օղակները իրարու զօդող կազմակերպութիւն` Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր ծագերուն:

Հակիրճ խօսքեր ունեցան նաեւ ցուցահանդէսը ձեւաւորած արուեստագէտներ Արա Օշականը եւ Հերի Որբերեանը, որոնք բացատրեցին, թէ ինչպէ՛ս մարզական, սկաուտական եւ այլ աշխատանքներու վերաբերող իրեր ու լուսանկարներ կրցած են համադրել, որպէսզի գեղագիտական ձեւաւորման ընդմէջէն ներկայացուի ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը: Ապացոյցը մեր չորս դին էր, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանէն ներս® Հայկ Դեմոյեանի կողմէ տրամադրուած լուսանկարներուն ընդմէջէն մեզի հետ «կը խօսէին» Պոլսոյ մէջ 1900-ականներու սկիզբները հիմնուած մարզական խումբերը` «Տորք», «Արաքս», «Վասպուրական» եւ անոնց մարզիկները` իրենց գնդակներով, մինչեւ իսկ պէյսպոլի բիրերով ու գնդակներով: Մեզի իրենց սխրանքները կը պատմէին նաեւ 1912-ին Հելսինքիի մէջ կայացած Միջազգային Ողիմպիականին մասնակցած հայ մարզիկները, ապա ՀՄԸՄ-ի հրատարակութիւնները` Շաւարշ Քրիսեանի խմբագրած «Մարմնամարզ»-ը, հին բայց ոչ հինցած սկաուտական իրերը` գօտիներ, պաճեր, զարդասեղներ, շահուած բաժակներ® Պատին վրայէն մեզի հետ «կը խօսէին» նաեւ 1929-ին Անգլիոյ մէջ կայացած Համաշխարհային սկաուտական բանակումին մասնակցած Ժիրայր Պէյլերեանի սկաուտական տարազն ու ՀՄԸՄ-ի իր անդամատետրը, անդին` սկաուտներու կողմէ կառուցուած ու կախուած կամուրջը` իբրեւ ձեռային աշխատանք:

Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ մինչեւ 30 սեպտեմբեր:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>