Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Մուսա Լերան Ծուռ Հերոս. Լեւոն Թաշճեան

$
0
0

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Պէյրութ, Ուաթ Ուաթ թաղին մէջ ապրող Հայ աւետարանական քոլեճի պատմութեան ուսուցիչ Ասպետ Տօնապետեանը զանազան անուններու շուրջ պիտակներ կը կպցնէր. լեւոններուն համար ալ կ՛ըսէր, որ անոնք «ծուռ» կ՛ըլլան, Կիլիկիոյ Լեւոն թագաւորներէն մինչեւ մերօրեայ Լեւոն Վարդանը, որ նոյնպէս պատմութեան ուսուցիչ եւ պատմութեան գիրքի հեղինակ էր: Այնճարի Լեւոնն ալ կարծես անոնց շարքէն էր:

Շուրջ 45 տարիէ ի վեր Այնճար օդափոխութեան ելած անձ մը ըլլալով` մօտիկութիւն ունիմ կարգ մը անձերու հետ, մանաւանդ` անոնց, որոնք որոշ չափով մօտ են արուեստի եւ գրականութեան: Լեւոն Թաշճեանին մասին լսած էի, որ մինչեւ Մուսա Լեռ քալելով ուխտի գացած է, նոյն ատեն լաւ վազող մը ըլլալուն` ստացած է «Մարաթոն» մակդիրը: Ան Այնճարի մուտքի խանութի մը մէջ ինքնաշարժի անիւներուն նորոգութեամբ կը զբաղի, բայց յարաբերութիւն չունէի հետը. միայն գիտէի, որ ամուսնացած է եւ հայր է եռեակ զաւակներու:

Լեւոնը օր մը հրաւիրեց զիս իրենց տունը` ծանօթանալու իր աշխատանքներուն. ինքզինքիս կը հարցնէի ի՞նչ աշխատանք: Երբ բնակարան մտայ եւ ուղղուեցայ ներքին սենեակ մը, զարմանքս մեծ եղաւ. կը գտնուէի սենեակ – թանգարանի մը մէջ, պահարաններու մէջ շքանշաններ, բաժակներ, վկայագիրներ, պատմական Հայաստանի նկարներ, որոնք ամբողջ կեանք մը կը ներկայացնէին: Ուստի որոշեցի գրի առնել այս ծանօթ անծանօթ հայորդիին մասին:

Ա.- Լեւոն Թաշճեանը՛ Մարզիկ

Լ. Թաշճեան կը վազէ 10.000 մ.

Լեւոն Թաշճեանը ծնած է Այնճար, 1953-ին.  իր ծնողքը` Յովհաննէս եւ Իսկուհի, երկուքն ալ Մուսա Լերան Խտըրպէկ գիւղէն էին: Ունեցած է մէկ եղբայր եւ հինգ քոյր, բոլորն ալ` ամուսնացած. եղբայրը` Այնճար, իսկ քոյրերը` Պէյրութ: Մեծ հայրն ու մեծ մայրը մասնակցած են 1915-ի Մուսա Լերան քառասուն օրերու կռիւներուն:

Լեւոնը մանկութեան կը յաճախէ Այնճարի Ազգային «Յառաջ» երկրորդական վարժարան, մինչեւ 5-րդ դասարան: Ան ուսման մէջ յաջող աշակերտ մը չէ եղած, բայց ունեցած է ուրիշ յատկութիւն մը. մարզանքը կը սիրէր եւ դպրոցին լաւագոյն մարզիկն էր: Դպրոցէն կանուխէն կը հեռանայ, տարի մը պարտիզպանութիւն կ՛ընէ, ապա կ՛երթայ Պէյրութ, ուր տասը տարի կ՛աշխատի ատաղձագործ վարպետի մը քով: Հետագային ձգելով Պէյրութը` կը վերադառնայ Այնճար ու երեք տարի պարտիզպանութեամբ զբաղուելէ ետք, 1978-ին Այնճարի մուտքին խանութի մը մէջ կը զբաղի ինքնաշարժի անիւներուն նորոգութեամբ: Պէյրութ եղած միջոցին Պուրճ Համուտի մէջ կը կազմէ «Վրէժ» անունով ֆութպոլի խումբ մը` նպատակ ունենալով որակաւոր ֆութպոլիստներ պատրաստել ՀՄԸՄ-ի առաջին խումբին համար: Ան կ՛անդամակցի ՀՅ Դաշնակցութեան, սկիզբը պատանեաց եւ ԼԵՄ-ական, ապա կուսակցական: Լիբանանի ներքին պատերազմին, 1975-1990 տարիներուն, Այնճար ապաստանած շուրջ 8000  հայերուն մեծապէս օգտակար կ՛ըլլայ:

Շրջան մը ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի աթլեթի խումբին մաս կը կազմէ: Մարզանքի ուսուցիչ էր Այնճարի դպրոցներուն եւ տարի մըն ալ Ժիւնիի մարոնիներու երկրորդական վարժարանին մէջ:

Մասնակցած է 5000 եւ 10.000 մեթր վազքի մրցումներուն: 1974 թուականին Լիբանանի 10.000 մեթր վազքի մրցումին ախոյեան հանդիսացած է ու մրցանիշ հաստատած` 33 վայրկեան եւ 25 երկվայրկեան, որ պահուած է իր անունով միայն երկու տարի: Լիբանանի մէջ մարաթոն վազքի երկարութիւնը  21 քմ էր, ասիկա կը փոխուի 2002-ին եւ կը ստանայ միջազգային չափանիշը` 42 քմ: Լեւոնը 2002-էն ի վեր ամէն տարի Լիբանանի 42 քմ մարաթոնի վազքերուն տարիքային դասաւորումով մասնակցած է  ու միշտ ալ 8-րդ կարգէն վեր դասաւորուած:

Մասնակցած է 5.000 եւ 10,000 մեթր վազքի մրցումներու զանազան երկիրներու մէջ` Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Կիպրոս, Յունաստան, Պուլկարիա: Սուրիոյ մէջ 10.000 մեթր վազքի առաջնութիւն ձեռք բերած է 1980 թուականին` ներկայացնելով Լիբանանը:

Լիբանանի զանազան մարզական միութիւններէն խումբ մը մարզիկներ 1980-ին Հազմիէ – Շեւրոլէ, Նահատակաց հրապարակ վազքի արշաւ մը կը կազմակերպեն ցոյց տալու համար, որ նոյնիսկ ներքին կռիւները արգելք չեն կրնար ըլլալ իրենց մարզական շարժումներուն, ըսելու համար` «Մենք ոտքի ենք եւ կը ձգտինք խաղաղութեան»:

1974 նոյեմբեր 22-ին` Լիբանանի անկախութեան օրը, դրօշարշաւ մը կը կազմակերպուի ութական հոգինոց խումբերով` Դամասկոս – Պէյրութ նախագահական պալատներու միջեւ Հաֆեզ Ասատի (Սուրիա) եւ Սուլէյման Ֆրենժիէի (Լիբանան) նախագահներու օրերուն. շահողը կ՛ըլլայ սուրիական խումբը: Այս մրցումին մաս կը կազմէր Լիբանանի խումբէն Լեւոն Թաշճեանը, որ ամէնէն երկար հեռաւորութիւնը կը կտրէ ու նախագահ Սուլէյման Ֆրենժիէէն կը ստանայ շքանշան:

2003-ին Երեւանի մէջ աշխարհի ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական մարմինի կազմակերպած միջմասնաճիւղային խաղերուն բացման ջահը կը վառէ Լեւոնը:

2013-ին, Բարգաւաճ Հայաստանի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանի կազմակերպած խաղերուն, 5000 մեթր վազքի մրցումին Լեւոն առաջին կը հանդիսանայ:

2007-ին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած Նաւասարդեան խաղերուն ջահը վառողը կրկին Լեւոնը կ՛ըլլայ:

Մինչեւ օրս վազքի մրցումներուն Լեւոն Թաշճեան 150-է աւելի մետալներու արժանացած է, որոնցմէ 10-ն պրոնզ , 40-ը արծաթ եւ մնացածը` ոսկի, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ բաժակներու:

1983-ին Ժեզուիթներու Ժամհուր երկրորդական վարժարանի մէջ ՖԻՖԱ-ն ֆութպոլի խումբերու մարզիչներու համար վեցամսեայ մարզումի դասընթացք կազմակերպած էր, այդ դասընթացքին ՀՄԸՄ-էն մասնակցած է Լեւոնը ու ստացած`  ՖԻՖԱ-ի վկայական:

Եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերու մէջ 35 տարիներ շարունակ ու պատրաստած` յաջորդական սերունդներ: Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնէն ստացած է Լորտ Պէյտըն Փաուըլի բաժակ` 35 տարուան ծառայութեան համար:

2008 թուականին Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ յուշանուէր եւ վկայագիր կը ստանայ որպէս տիպար մարզիկ:

2004-ին Լեւոնը անհատապէս կ՛որոշէ քալելով Մուսա Լեռ բարձրանալ` որպէս ուխտաւոր: Քայլարշաւը կը տեւէ 10 օր,  իսկ ճամբուն երկայնքը` 750 քմ: Ան կ՛անցնի Այնճարէն` Ռայաք, Հոմս, Համա, Թարթուս, Պանիաս, Լաթաքիա, Քեսապ, Անտիոք  ու ապա` Մուսա Լեռ: Մեծ ուրախութեամբ կը դիմաւորուի Մուսա Լերան վերջին հայաբնակ Վագըֆ գիւղի բնակիչներուն կողմէ: Քանի մը օր ետք Մուսա Լերան քառասուն օրերու պայքարի (1915) նահատակներուն գերեզմանը կ՛այցելէ ու որոշ քանակութեամբ նահատակներու աճիւններէն կը հաւաքէ տոպրակի մը մէջ ու Այնճար կը բերէ: Անոնցմէ մաս մը կը թաղուի Այնճարի Մուսա Լերան յուշարձանին առջեւ, մաս մըն ալ` Ս. Էջմիածինի շրջանին մօտ գտնուող Մուսա Լերան յուշարձանին մուտքին, իսկ երրորդ մաս մըն ալ` Քանատայի Քեմպրիճ քաղաքին մէջ գտնուող Մուսա Լերան յուշարձանին կողքին:

Լեւոն Թաշճեանը նախապէս յիշուած վեց երկիրներուն մարզական խաղերու ընթացքին կը ներկայացնէ Լիբանանի հաւաքականը (ֆետերասիոնը):

2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով, Լեւոնը նորէն անհատական քայլարշաւի կը դիմէ`  ապրիլ 22-ին ճամբայ ելլելով Այնճարէն Թարշիշ, Պիքֆայա, ուր յուշարձանին առջեւ խունկ կը ծխէ ու մոմ կը վառէ: Շարունակելով ճամբան, երբ կը հասնի Ռապիէ, թրքական դեսպանատուն բողոքի նամակ կը յանձնէ: Անթիլիաս մայրավանքին մէջ Լեւոնը Արամ Ա. վեհափառին հետ ապրիլեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած մատուռին մէջ կ՛աղօթէ նահատակներու հոգիներուն համար: Լեւոնը մայրավանքին մէջ գիշերելէ ետք, յաջորդ օրը կ՛այցելէ Պուրճի Նահատակաց յուշարձանը ու մոմ կը վառէ, ապա Պուրճ Համուտի հայկական թաղերէն կ՛ուղղուի Ժիւնի, Այնթուրայի երկրորդական վարժարան, ուր յայտնաբերուած էին 1915-ի հայ որբերու աճիւններ, հոն աղօթելով, կ՛ուղղուի Ժիպէյլ` մոմ վառելու հայ որբերու գերեզմաններուն վրայ: Ընդհանուր քայլարշաւը կը տեւէ 2 ցերեկ, 118 քմ: Լեւոն Թաշճեանը իր պարտականութիւնը լիովին կատարած գոհունակութեամբ, 1.500.000 նահատակներու յիշատակին, կը վերադառնայ իր գիւղաւանը՛ Այնճար: Ան քայլարշաւին 100 քիլոմեթրը կը նուիրէ 1.500.000 զոհերու յիշատակին, իսկ 18 քիլոմեթրը Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն:

Բ. Լեւոն Թաշճեան` Որպէս Արեւմտահայաստանի
Պատմական Յուշարձաններու Նկարիչ

Լեւոնին երբ հարցուցի, թէ ի՛նչ բան քեզ մղեց Արեւմտեան Հայաստանի մեր քաղաքները երթալու ու աւերակ եկեղեցիներ ու կոթողներ նկարելու, ան պատասխանեց. «Դպրոց եղած ատենս պատմութեան ուսուցիչ մը ունէի Թովմաս Հապէշեան անունով. ան այնքան խանդավառութեամբ հայոց պատմութիւնը մեզի կը ներկայացնէր, որ մէջս կը ծնէր փափաք` օր մը երթալ եւ տեսնել մեր հայրենիքի գերեվարուած քաղաքներն ու գիւղերը:

1998 թուականին, տարիքս 45, ուսիս նետած մախաղ մը, մէջը` քանի մը փոխնորդ հագուստներ, քիչ մը ուտելիք, ձեռքիս` գործնական համեստ քամերա մը, ճամբայ ելայ դէպի Կիլիկիա` պտտելով Կիլիկիոյ մեր պատմական քաղաքները` Մարաշ, Այնթապ, Զէյթուն, Հաճըն, Ատանա, Ուրֆա, Տիգրանակերտ: Կը նկարէի մեր պատմական յուշարձանները, բերդերն ու եկեղեցիները: Շաբաթ մը ետք ուղղուեցայ Պոլիս, ուր ունէի մուսալեռցի ծանօթ ազգական մը` Յակոբ Հերկելեանը: Պոլսոյ մէջ կային բաւական թիւով մուսալեռցիներ, մանաւանդ` Վագըֆ գիւղէն, որ մինչեւ օրս միակ հայկական գիւղն է Մուսա Լերան վրայ: Գիշեր մը տասնեակ մը մուսալեռցիներու հետ հաւաքուած էինք Պոլսոյ մէկ ճաշարանին անկիւնը, բարեկամիս` Յակոբ Հերկելեանին կարգադրութեամբ: Հոն ներկայ էր նահատակ Հրանդ Տինքը: Խանդավառ մթնոլորտ, հարցումներ` Մուսա Լերան մասին, Լիբանանի հայութեան մասին: Ստիպեցին, որ երգ մը երգեմ. ես ալ երգեցի «Իսթանպուլը պիտի լինի արեան ծով»: Ներկայ եղող թուրքերը, երբ կը լսեն Իսթամպուլ բառը` բոլորը մեծ խանդավառութեամբ կը ծափահարեն` առանց գիտնալու երգին մնացած բառերուն իմաստը: Հրանդ Տինքը, որ նստած էր կողքիս, հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչո՛ւ անպատճառ կ՛ուզեմ Արեւմտեան Հայաստան երթալ, ըսելով, որ երթալիք տեղերս շատ վտանգաւոր են հայու մը համար, կրնայ ըլլալ, որ վայրենի թուրքի մը հանդիպիմ ու վերջ: Երբ լսեց, որ որոշումս անդառնալի է, ըսաւ, որ զգուշ ըլլամ եւ տուաւ իր հեռաձայնին թիւը` խնդրելով, որ կապ պահեմ իրեն հետ:

Քանի մը օր վերջ արդէն Արեւմտեան Հայաստան էի` Վան, Պիթլիս, Խարբերդ, Սասուն, Մուշ, Կարին, Կարս, Անի:

Դժբախտաբար թրքերէն չէի գիտեր, հազիւ` քանի մը բառ միայն. ուր որ ըլլայի, կ՛ըսէի` ես հայ եմ եւ մեծ հօրս ու մեծ մօրս քաղաքը եկած եմ ու կ՛ուզեմ անոնց ապրած վայրը տեսնել: Անշուշտ կը նկարէի բոլոր պատմական յուշարձանները, շուրջ 40 ժապաւէն կար հետս, մօտ` 1000 նկար: Հետաքրքրական էր Մուշ քաղաքէն 80 քմ հեռաւորութեամբ, բլուրի մը վրայ գտնուող Առաքելոց վանքը, ուր զօրավար Անդրանիկ տասնեակ մը ֆետայիներով դիմադրած էր  հազարաւոր օսմանցի թուրք զինուորներուն եւ գիշերուան ցուրտ ձմեռին ձիւնոտ բլուրէն վար սահելով, անվնաս դուրս եկած էին պաշարման գօտիէն` ափ ի բերան ձգելով շրջապատող թուրք բանակը: Մուշ քաղաքէն 60 քմ հեռաւորութեան վրայ Մշոյ սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքը կար: Յիշեալ երկու վանքերն ալ կը գտնուին ամբողջութեամբ քանդուած վիճակի մէջ: Տեղւոյն բնակիչները խաշնարած քիւրտեր էին:

Քանի մը օր վերջ անցայ Կարս, ուր կար հայոց պատմական եկեղեցին` Առաքելոց վանքը, որ հիմա մզկիթի վերածուած է: Դրան առջեւ կեցած էր մոլլա մը. ուզեցի եկեղեցի մտնել, ըսաւ` «Նախ կօշիկդ պէտք է հանես»: Իրեն ըսի, որ ես եկած եմ իմ մեծ հօրս ու մեծ մօրս եկեղեցին այցելելու. ըսաւ` «Չես կրնար մտնել ու հիմա ոստիկանութեան լուր կու տամ»: Կարեւորութիւն չտուի ու կօշիկովս մտայ մինչեւ խորանը, աղօթքս ըրի եւ դուրս եկայ:

Կարսէն մասնաւոր արտօնագիրով մը հասայ Անի քաղաք: Մուտքին թրքերէն եւ անգլերէն լեզուով գրուած էր` նկարելը արգիլուած է: Ես ճամբան փոխեցի ու պարիսպներուն ուղղութեամբ քալելով` բացուածք մը գտայ ու ներս սպրդեցայ: Նկարեցի ամբողջ ժապաւէնը, 36 նկար. Հովիւի եկեղեցին, Անիի մայր եկեղեցին եւ ուրիշ շատ մը կոթողներ: Այդ պահուն յանկարծ դէմս ցցուեցաւ թուրք զինուոր մը եւ ըսաւ` «Ի՞նչ է ձեռքինդ, ըսի` «քամերա է», ըսաւ` «Չե՞ս գիտեր, որ նկարելը արգիլուած է». կամացուկ մը գրպանէս հանեցի  20 ԱՏ ու իրեն երկարեցի` ըսելով` «Աֆ էտարսն» (ներողամիտ կ՛ըլլաս): Ան  վերցուց  20 տոլարը` ըսելով, որ ուրիշ անգամ չփորձուիմ: Ես քիչ մը հեռանալէ ետք, քամերային մէջէն հանեցի ժապաւէնը եւ քամերան Ախուրեան գետը նետեցի ու երբ Կարս վերադարձայ, գնեցի նոր քամերա մը: Անիէն ետք Իգդիր եւ Պայազիտ քաղաքները այցելեցի ու ապա բարձրացայ Արարատ լեռ` մինչեւ 2000 մեթր, ուր կար զինուորական պահակագունդ մը: Երբ տեսան, որ լեռ բարձրանալու արտօնագիր չունիմ, ըսին` արգիլուած է ու թոյլ չտուին, որ աւելի բարձրանամ:

Հոս կը վերջանայ իմ ոդիսականս, Լիբանան վերադարձայ պատմական Հայաստանի շուրջ 1000 նկարներով, որոնք հետագային զանազան քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ ցուցադրուեցան` Այնճար, Պէյրութ, Սուրիա, Կիպրոս, Թորոնթօ, Մոնրէալ, Լոս Անճելըս, Հայաստան, Արցախ: Հազարաւոր մարդիկ, հայ եւ օտար այցելուներ կը դիտէին, կը վայելէին ու կը գնէին: Ես  առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան` զանոնք կը ձգէի կազմակերպող միութիւններու տրամադրութեան տակ:

Մէկ տարի ետք, 1999 թուականին, Քարմեն Լապաքիին հետ նոյն շրջապտոյտը կատարեցի «Էլ. Պի. Սի.» ընկերութեան չորս երիտասարդներու ընկերակցութեամբ: Քարմեն Լապաքին այդ շրջապտոյտէն ետք ժապաւէն մը պատրաստեց «Էրմեն ֆի Լիւպնան» անունով»:

Գ.- Լեւոնը Կամաւոր` Արցախի Կռիւներուն

Լ. Թաշճեան Ֆիզուլի, Ղարաբաղի կռիւներուն

Լեւոն Թաշճեանը խանդավառուած իր մարզական եւ նկարչական յաջողութիւններու պատմութիւններով, բոլորովին մոռցած էր 1992-1994 ժամանակաշրջանին իր ունեցած արկածախնդրութիւնները Արցախի մէջ: «1992 թուականի աշնան տասնեակ մը կամաւորներու հետ, ՀՅԴ կուսակցութեան կարգադրութեամբ կը մեկնիմ Հայաստան որպէս կամաւոր Արցախի կռիւներուն մասնակցելու համար», կը պատմէ Լեւոն: «Կը հասնինք Երեւան. քանի մը օր ետք Ղարաբաղի մէջ կը միանանք 800 հոգիէ աւելի ՀՅԴ կուսակցութեան կամաւորներուն: Առաջին երկու օրերուն սարսափի մէջ էի, բայց անկէ ետք վախը ամբողջութեամբ հեռացած էր ինձմէ: Մեզի տրամադրած էին զինուորական հագուստ, կօշիկ, զէնք: Շաբաթ մը մարզումներէ ետք բաժնուած էինք պզտիկ խումբերու ու կը կռուէինք զանազան ճակատներու վրայ: Մեր պատասխանատուն ղարաբաղցի էր, ձիւն-ձմեռ` մեզի համար նշանակութիւն չունէր, կը կռուէինք Ֆիզուլիի, Զանգելանի, Ճիպրայէլի, Աղտամի եւ այլ ճակատներու վրայ»: Լեւոնին համար կռուի այս առաջին փուլը կը տեւէ 9 ամիս, որմէ ետք Լեւոն կը վերադառնայ Լիբանան մէկ ամսուան արձակուրդով, ապա կրկին ճակատ կը մեկնի երեք ամիսով: 1994-ին զինադադար կ՛ըլլայ, ու Արցախի բանակին հիմը կը դրուի: Կամաւորներէն ոմանք կը միանան բանակին, իսկ կռիւը շարունակել չուզողները կը վերադառնան իրենց տուները: Լեւոնը կը զինուորագրուի բանակին ու կը ծառայէ երեք ամիս: Երբ հրաման կ՛ելլէ, որ արտասահմանցիները իրաւունք չունին բանակին մէջ ծառայելու, ան վերջնականապէս կը վերադառնայ Լիբանան` վերջ տալով Արցախի բանակին մէջ ծառայելու իր տենչերուն:

Լեւոնը մուսալեռցի պապուկին ու մամիկին ճամբայէն քալած էր ու սրտի գոհունակութեամբ կը վերադառնայ իր գիւղաւանը` Այնճար:

Լեւոն Թաշճեանը 2008-ին կ՛ամուսնանայ Այնճարէն Թամար Ինճէեանին հետ: 2013 թուականին անոնք կը բախտաւորուին եռեակ զաւակներով` Անի, Արին եւ Պետօ, որոնք այսօր 5 տարեկան են, աշխուժ ու խելացի ձագուկներ:

Լեւոն Թաշճեանը հպարտ է իր հայ ոգիով ապրած կեանքով` ըլլայ որպէս մարզիկ, նկարիչ, մարտիկ, ազգին նուիրուած անձ, բարի ու համեստ հայորդի:

16 սեպտեմբեր 2018

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>