«Պիպլոս» դրամատունը «Պէյրութ արթ ֆեր»-ին մէջ 19-23 սեպտեմբեր կազմակերպած էր լուսանկարչական ցուցահանդէս-մրցանք մը, որուն մասնակցած են 150-էն աւելի նկարիչներ եւ` իրենց նկարները ներկայացուցած: Ընտրուած լաւագոյն 10-ին մէջէն առաջին մրցանակը ստացաւ Պեթի Քեչեճեանը: Մրցանքը տեղի ունեցաւ 25 սեպտեմբեր 2018-ին:
Պեթի Քեչեճեանին «Համանուն» խորագիրով նկարները իր մեծ մօր շրջապատն են եւ իրերը. Պեթի զուգահեռ կատարելով իր կեանքի եւ մեծ մօր միջեւ` փորձած է հասկնալ իմաստը իր անուան:
Այս մասին Պեթի Քեչեճեանը ըսած է. «Պանք Պիպլոս»-ի նկարչական ցուցահանդէսը մեծ փորձառութիւն է ինծի համար, մանաւանդ երբ լաւագոյն տասնեակին մէջ յայտնուեցայ եւ դատական կազմէն գնահատանքներ ստացայ: Գործերս «Պէյրութ արթ ֆեր»-ին մէջ ներկայացնելը ինքնին մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար: Մանաւանդ որ յառաջիկայ տարի կը պատրաստուիմ անհատական առաջին ցուցահանդէսս կազմակերպել` «Պիպլոս» դրամատան հովանաւորութեամբ, իբրեւ նուէր այս մրցանքին տիրանալուս», եզրափակեց ան:
Պէթի Քեչեճեան շրջանաւարտ է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, համալսարանական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Լիբանանեան համալսարանին մէջ, իսկ մագիստրոսի վկայականին տիրացած է Լոնտոնէն` լուսանկարչութեան մասնագիտութիւն: