Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս Եւ Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցադրութիւն Այնճարի Մէջ

$
0
0

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր  Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեանց  27-րդ տարեդարձներուն առիթով  ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած  «Հայոց պետականութեան վերածնունդի  100  էջերը» ալպոմի  շնորհահանդէս եւ վաւերագրական  լուսանկարներու  ցուցադրութիւն:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ պէտք է ընկալել այս շնորհահանդէսը: «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմը գեղատիպ վաւերագրական լուսանկարներով, համապատասխան մասնագիտական ծանօթագրութիւններով կը ներկայացնէ առաջին հանրապետութիւնը, անոր կերտիչները, հիմնական իրագործումները: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Բացառիկ հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք եւ նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում,  նման ալպոմ-հատորներու  շնորհահանդէսներու կազմակերպում` մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով»:

Յասմիկ Այնթապլեանը սրինգով  նուագեց «Երազ իմ երկիր հայրենի», ապա Լիլիթ Աբրահամեանը ներկայացուց «Պինկէօլ» եւ «Թռչէի մտքով տուն» երգերը` կիթառի ընկերակցութեամբ Դանիէլ Գըժտրեանի:

Խօսք առաւ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, որ ալպոմը լուսանկարներով, արխիւային նիւթերով լեցուն գիրք մըն է, որ կը բովանդակէ մասնագիտականօրէն ձեւաւորուած յստակ տեղեկութիւններ եւ կարելի է զայն նկատել համայնագիտարան մը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարիներուն մասին: Հատորը 8 ամսուան ժրաջան աշխատանքի արդիւնք է: Հատորը կազմած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նորագոյն պատմութեան բաժինի վարիչ եւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեան: Ան նշեց, որ Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին շնորհիւ լոյս տեսաւ գիրքին արեւելահայերէն տարբերակը, իսկ Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններու նուիրատուութեամբ լոյս տեսաւ արեւմտահայերէն տարբերակը: Ալպոմի իրագործումին մէջ իրենց դերը ունեցած են` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, ՀՅԴ թանգարանն ու հիմնադրամը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը, Հայաստանի Ազգային արխիւը, Սարդարապատի Ազգագրական թանգարանը եւ Դրոյի եւ Համօ Օհանջանեանի թոռնուհիները: Ապա ան ներկայացուց ալպոմէն նկարներ, որոնք ցուցադրուած  էին սրահին մէջ  եռոտանիներու եւ պատերու վրայ: Ան ըսաւ, որ ալպոմը կ՛աւարտի լուսաւոր ձեւով` ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովով  եւ «Նեմեսիս»-ի հերոսներով:

Իր խօսքի աւարտին Հաւաթեան ըսաւ. «Հրաշալի հրատարակութիւն մըն է, կ՛արժէ, որ երկրորդական կարգի աշակերտութեան իբրեւ դասագիրք օգտագործուի: Կան յստակ ու ամփոփ տեղեկութիւններ, որոնք շատ օգտակար են ընթերցողներուն համար»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանը, որ սկիզբը յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առած եւ զարգացած է ալպոմին պատրաստութեան գաղափարը: Ան սկսած է մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին իր համեստ մասնակցութիւնը բերել: Ան սկսած է նկարներ հաւաքել, ապա խնդրած է Սեդա Գալստեանէն, որ նկարներուն համապատասխան նիւթեր պատրաստէ, եւ արդէն ամիսներու աշխատանքով պատրաստուած է ալպոմը: Ան ըսաւ, որ միշտ աշխատած է մարդոց օգտակար դառնալ: Ուրախացած է մարդոց օգտակար դառնալով: Իսկ ներկայիս շատ լաւ հասկցած է, թէ ի՛նչ կը զգայ մարդ, երբ ուրիշներ իրեն օգնեն: Ան ըսաւ, որ ալպոմը իր երկրորդ նախաձեռնութիւնն է, որ իր անձին համար կատարած է:

Իր խօսքի աւարտին Փանոսեան ըսաւ. «Հաճելի բան է, երբ քեզ կը գովեն: Երբ ալպոմը կը պատրաստէի, բախտաւորութիւն ունեցայ շօշափելու Արամ Մանուկեանի հագուստը: Չէք կրնար երեւակայել, թէ ի՛նչ զգացում ունեցայ, երբ Գարեգին Նժդեհի բաճկոնին կամ Սեւրի դաշնագիրի գրիչին դպայ: Այդ զգացումները կը փոխանցեմ բոլորիդ: Գիրքը կը նուիրեմ մեր բոլոր այն հերոսներուն, անձերուն, որոնք Հայաստանէն դուրս ապրեցան եւ Հայաստանը չտեսան, բայց սերունդները հայ մեծցուցին»: Ապա ան ներկաներուն հետ միասնաբար երգեց «Երազ իմ երկիր» երգը:

Ապա տեղի ունեցաւ ալպոմին գինեձօնը` հանդիսապետութեամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ գիւղի հոգեւոր հայրերուն, ալպոմի հեղինակ Գաբրիէլ Փանոսեանի եւ իր կնոջ, ինչպէս նաեւ ալպոմը ներկայացնող Եսայի Հաւաթեանին:

Ձեռնարկի աւարտին Գաբրիէլ Փանոսեանը ալպոմները մակագրեց ներկաներուն համար, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>