Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Մեր Ազգային Կեանքի Որակական Բարեփոխման Ի Խնդիր

$
0
0

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան պարզած վիճակը եւ յատկապէս վերջին տարիներու Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիահայութեան պարզած պատկերը բոլորիս ծանօթ է:

Այս կացութիւնը եւ անոր հետեւանքները աւելի քան մտահոգիչ են, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ երկար տարիներ Հայ դատի հետապնդման պայքարին մէջ առանցքային ի՛նչ կարեւորութիւն տուած ենք Միջին Արեւելքի հայկական համախումբ կեանքին: Մանաւանդ` Հայաստանի Հանրապետութեան ու բռնագրաւեալ հայկական տարածքներուն մերձ ըլլալու ազգային նշանակութեան:

Լիբանանահայութեան երբեմնի կենսունակ ու համախումբ վիճակը` տարբեր բնագաւառներու մէջ, ցաւցնող հարուածներ ստացած է եւ կը շարունակէ ստանալ:

Փորձենք քննական աչք նետել մեր կառոյցներու անցեալի եւ ներկայի վիճակներուն վրայ. համախումբ ապրելու աշխարհագրական ապրելակերպը ի՞նչ վիճակի մատնուած է այսօր: Բոլոր յարանուանութիւններու պատկանող  մեծ թիւով վարժարաններն ու ընդհանրապէս կրթական համակարգը ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն ներկայիս:

Մեր ազգային հասարակական կեանքի բաղկացուցիչ միութիւնները, մեր մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւնները կը գտնուի՞ն արդեօք հոն, ուր պէտք է գտնուին:

Այո՛, ճիշդ է, որ մեր ապրած երկրին, այս պարագային` Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական պայմանները վատ ու յուսահատական վիճակի մէջ են. ճիշդ է, որ մենք կը դիմագրաւենք այնպիսի ընկերային ու քաղաքական ու տնտեսական պայմաններ, որոնց դէմ պայքարիլը մեր ուժերէն վեր կը նկատենք: Հետեւաբար այս տուեալներով ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը կը մատնուի յուսահատութեան, ու շատեր իրենց ապահով ապագան կը տեսնեն այս երկրէն դուրս:

Բարեբախտաբար ոմանք Հայաստան կը ներգաղթեն` վերջին ամիսներուն հոն ստեղծուած դրական մթնոլորտին ի տես:

Այս կացութեան դիմաց արդեօք մենք ինչպէ՞ս կը դիմագրաւենք այս իրավիճակը, կրցա՞ծ ենք ուժերու գերագոյն լարումով, աշխատանքային ահազանգային ծրագրաւորումով, պայքարի համապարփակ ծրագիր մը մշակել` բազմերես ու մանաւանդ` իրագործելի: Ծրագիր մը, որ  առնչութիւն ունենայ մեր հասարակութիւնը մտահոգող կարեւոր դժուարութիւններուն հետ:

Այս տագնապներու դիմագրաւման համապարփակ ծրագիր մը, որ իր բնոյթով պէտք է ոչ միայն հակազդեցութիւններու օրէնքով ըլլայ, այլ ըլլայ նոր` ծրագրաւորումով ու նախաձեռնութիւններով:

Այս դժուարութիւններուն դէմ պայքարիլն ու համապատասխան լուծումներու հասնիլը կ՛ենթադրեն ուժական գօտեպնդում, հաւատքի ու յոյսի ամրապնդում, ապա նաեւ` ամբողջական վերանայում ու վերագնահատում մեր ազգային կեանքի չափի ու տարողութեան:

Առաջին. բոլորիս ծանօթ է, որ այս գաղութի չափը հիմնականօրէն եղած է իր կազմաւորման տարիներուն ու անոր յաջորդող տասնամեակներուն ունեցած թիւին, որակին ու կարողականութեան հիման վրայ: Հետեւաբար փաստ է, որ այսօրուան մեր իրականութիւնը այն չէ, ինչ որ էր նախորդ տասնամեակներուն. ուստի մեր առջեւ դրուած հրամայական խնդիր է մեր ուժերու, կառոյցներու, կեդրոններու, կրթական կառոյցներու տրամաբանական եւ այժմու մեր չափի համապատասխան վերադասաւորումն ու համակարգումը:

Երկրորդ. այս համակարգումը պէտք է որ ընդգրկէ  գաղութի բոլոր կողմերն ու շերտերը` յարանուանական, կուսակցական, մշակութային եւ կրթական մարզերը: Մեր ազգային կեանքի բոլոր հարցերուն նկատմամբ պէտք է որդեգրուի գործակցութեան ու ծրագրաւորումի ամբողջական ծրագիր:

Այս գաղութի գոյատեւման առումով, պերճանք ու անտեղի են ներհայկական մրցակցութիւնները:

Աւելի պարզ. յաճախ կը տագնապինք ու կ՛ափսոսանք օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու հոսքին ի տես` առանց կարենալու կրթական բոլոր կողմերու մինչեւ այս իմաստով ամբողջական ծրագիր մը որդեգրել` թիրախ ունենալով հայ աշակերտը ներգրաւել հայ վարժարաններուն մէջ: Հակառակը, տարուէ տարի աւելի գահավէժ ընթացքով կը շարունակուի այս հոսքը այն աստիճան, որ օտար վարժարաններ հայ աշակերտները ներգրաւելու եւ թիրախ ընտրելու փոխարէն` կը փորձենք ներգրաւել հայկական այլ վարժարաններ յաճախողները` անհեթեթ ներքին  մրցակցութեամբ:

Երրորդ. մեր հանրային կեանքի կազմակերպման կամ աւելի ճիշդ վերակազմակերպման մէջ անհրաժեշտ ու անխուսափելիօրէն պէտք է մտնէ նոր ոճ, նաեւ` նոր ըմբռնումներ ու արդիւնաւէտութիւն: Այս գլխաւոր առաջարկներու հիմնական մղիչ ուժն ու հիմնական զսպանակը պէտք է ըլլայ որակաւոր ու առողջ երիտասարդութիւնը:

Մեր երիտասարդութեան մէջ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք խոր հաւատք ունին եւ բաւարար ինքնավստահութիւն` ստեղծելու նոր վիճակ, տալու նոր որակ` մեր ազգային կեանքին առողջ վերակազմակերպման ի խնդիր: Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կը հաւատան մեր ժողովուրդին ներկային ու ապագային:

Մեր ժողովուրդին ու երիտասարդութեան մէջ գոյութիւն ունին բարեբախտաբար այն տղաքը, որոնք կրնան առանցքային դերակատարութիւն ունենալ մեր ազգային կեանքին մէջ, ուր տիրապետող կ՛ըլլան ազգային ու մարդկային արժէքներու հանդէպ հաւատքը, կորովը, որակը ու մեր կեանքի հանրային կեանքը այժմէական հարթակի բերելու կամքը, ուր տիրապետող կ՛ըլլան թափանցիկութիւնը, լրջութիւնը ու մշակութային բարձր մակարդակի միջավայր մը, ուր հնարաւոր կ՛ըլլայ կայացումը այն հայ անհատին, որ զերծ է զինք կաշկանդող ու ամլացնող կապանքներէն:

Պէտք չէ ուշանանք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>