ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ
1982 ապրի՞լ. ժամը երեքին կը սկսի պատերազմը, եթէ… Իսրայէլ վերջնագիր տուած է Սուրիոյ… Այսքան բան կը յիշեմ: Գիւղի պահակ տղաքը ինքնաշարժներով կը շրջին Այնճարի փողոցները եւ բարձրախօսներով կը յիշեցնեն մեզի, որ պէտք է տուներուն մէջ փակուիլ: Փողոցները ամայացած են, ամէն մարդ կը սպասէ ժամը երեքին…
Ժամը երեք. ահաւոր հռնդիւնով իսրայէլեան օդանաւերը կը յարձակին` ոչնչացնելով սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան մեծ դիրք մը, գիւղի եկեղեցիին ետեւը գտնուող լերան վրայ: Ռումբերու հանած մինչեւ ոսկորներ թափանցող աղմուկը ապշեցուցած է բոլորս… Այդքան բարձր աղմուկ առաջին անգամն էր, որ կը լսէինք:
Եւ սուրիական պատասխանը… Պատրուակելով, որ կ՛ուզեմ ջուր խմել, գացած եմ խոհանոց, ուր լայն պատուհան կայ, այն յոյսով, որ կարելի է բաներ մը տեսնել պատերազմէն. ընտանիքին միւս անդամները հաւաքուած են աւելի ապահով համարուող ներսի սենեակը: Ահաւո՛ր հռնդիւն օդանաւերու, խոհանոցի պատուհանէն կը յաջողիմ տեսնել լերան ետեւէն երկինք բարձրացող սուրիական օդանաւերը, չորս օդանաւ, ի՜նչ սուրիական, չորս հատ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻԿ օդանա՜ւ…
Աստուա՜ծ իմ, հայ Արտեմ Միկոյեանի շինած օդանաւե՛րն են… Չո՛րս հատ ՄԻ՜Կ… Իսրայէ՛լ, վո՜ւյ ամա՛ն, Իսրայէլ, հիմա գործդ դժուարացաւ… Սարսափահար` օդանաւերու հանած ահաւոր հռնդիւնէն, կը վազեմ ներս, հայկական ՄԻԿ-երը տեսած ըլլալու իրողութեան պատճառած անհո՜ւն հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը պի՛նդ պահած փորիս մէջ… Եւ շատ չանցած` ձայնասփիւռը կը գուժէր սուրիական չորս օդանաւերու կորուստը:
Արցունքները առատօրէն կը հոսին այտերէս, անկիւն մը քաշուած` գաղտնի կու լամ, դաշնակցական պատանին չի լար, վայել չէ ՛… Հայկական հզօ՜ր օդանաւերը պարտուած էին, բայց, չէ՛, անկարելի էր հաշտուիլ այդ իրողութեան հետ … Դեռ այն ժամանակ մեր սրտերը ագահօրէն, բայց արդարօրէն կարօտը ունէին հայկական մերօրեա՛յ յաղթանակներու, դեռ այն ժամանակ մենք միայն շա՜տ հեռաւոր անցեալի ներշնչած յաղթանակներու հպարտութեամբ կը խնդայինք եւ աւելի կը յուզուէինք, կու լայինք: Դեռ այն ատեն մենք արցախեան յաղթական ազատամարտ չունէինք… Հայ Միկոյեանին ՄԻԿ-երը իրաւունք չունէին պարտուելու:
… 1990-ականներու սկիզբն է, Լիբանան հասած է անմահական ջուրն հայոց` «Ջերմո՜ւկ»-ը… Ամէն մարդ «Ջերմուկ» կը գնէ եւ անպայման կը խմէ, նոյնիսկ եթէ չսիրէ. նախ` ո՞վ կը համարձակի հայրենիքի օրհնուած ջուրը չսիրել: Ամէն հայ մարդու պէս ես ալ կ՛երթամ Վարդանէն քանի մը շիշ եւս կը գնեմ. պէտք է քաջալերել, հայկական է, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` համե՜ղ, բնակա՜ն եւ շա՜տ շա՛տ օգտակար:
Փը՜ստ… կը բանամ շիշ մը ջերմուկ` հպարտօրէն ժպտելով` շիշը փըստըըցուցած ատեն, մե՜ծ ումպ մը կը քաշեմ… Եթէ չեմ սխալիր, 1980-ականներու կիսուն է, Փոլ հօրեղբօրս աղջիկը` Վիքի քոյրիկը, վերադարձած է Հայաստանէն. իբրեւ դասարանին լաւագոյն աշակերտուհին` ղրկուած էր Հայաստան ճամբարի: Հաւաքուած ենք Վիքի քոյրիկին չորս կողմը, ագահօրէն կը լափենք Հայաստանի մասին պատմածները… Յանկարծ Վիքի քոյրիկը կը դադրեցնէ պատմութիւնները եւ կը ՊԱՅԹԵՑՆԷ՜… Սեւանայ լիճէն ջո՜ւր բերած եմ հետս, բանամ պայուսակս… Քիչ-քիչ խմեցէք, ամէնուն պիտի տամ… Ասիկա արդէն չըլլալիք ու անհաւատալի բան էր. ամէնքս ալ խմեցինք, քիչ-քիչ… Տեսա՞ք` որքա՜ն պաղ է, ասիկա դեռ օդանաւին մէջ տաքցած է բաւական…
Օխա՜յ, Սեւանի պա՜ղ ջուր, աշխարհի ԱՄԵՆԱՊԱ՛Ղ ջո՜ւրը:
Վահագն-Կարօ՛, բան մը կ՛ուզե՞ս Վարդանէն:
Կարօ-Շիշ մը «Ջերմուկ» բեր, Վահա՛գն, կամ` երկո՛ւ շիշ, մե՛ծ…
Մերն ուրիշ է, ընկերնե՛ր, փուշ լինի կամ նուշ, մերն ուրիշ է… Ափսո՜ս, մենք նուշ շատ չունինք, կարմի՜ր, փշո՜տ, համով հոտով ընկերնե՛ր…
Փը՜ստ «Ջերմո՛ւկ», ԱՆՄԱՀԱԿԱ՛Ն ՋՈ՜ՒՐՆ ՀԱՅՈՑ:
20 սեպտեմբեր, 2018
Արագած, Պէյրութ