Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17323

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՄԸՄ-Ի 100-Ամեակին Առիթով Յուշաքարի Բացում

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը զուգադիպեցաւ միութեան Քեսապի բանակավայրի վերանորոգումին եւ վերաբացումին:

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներու, 12 օգոստոսին ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարեկան բանակումի խարուկահանդէսի նախօրեակին, Քեսապի բանակավայրին մէջ բացումը կատարուեցաւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշաքարին:

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անունով Մանուկ Քէօշկէրեանը ըսաւ, որ Շրջանային վարչութիւնը ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով յուշաքար մը զետեղելու գաղափարը յղացաւ Էքիզոլուխ շրջանի վերանորոգուած բանակավայրին մէջ` աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ-ը 100 տարիներու ընթացքին դարձաւ ողջ հայութեան համար երիտասարդական մեծագոյն կազմակերպութիւնը` իր աւելի քան 110 մասնաճիւղերով ու 30 հազար անդամներով, տարածուած` աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ: Միութիւն մը, որ իր յարատեւութեամբ եւ հաւաքական աշխատանքով սատարեց եւ կը շարունակէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ սատարել նոր սերունդներու կերտման եւ մեր ազատ ու անկախ հայրենիքի հզօրացման:

Այնուհետեւ ան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը` կատարելու համար ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յուշաքարին բացումը: Սրբազան հայրը Տէրունական աղօթքով օրհնեց զետեղուած յուշաքարը, ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց` ըսելով, որ յուզումնախառն զգացումներով կը վերադառնան Քեսապի բանակավայրը, որ Սուրիոյ տագնապին ընթացքին վերածուեցաւ վաւերական բանակավայրի, իսկ այսօր, վերադարձուելէ ետք ՀՄԸՄ-ին, իբրեւ դաստիարակչական, կրթական, մշակութային, մարզական, ազգային եւ գաղափարական դաստիարակութեան վայր` կը վերաբանայ իր դռները մեր նոր սերունդին դիմաց: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական միութիւն մը չէ, այլ` դպրոց մը, որ ինքզինք գերազանցած է, երբ հարիւրէ աւելի մասնաճիւղեր բացած է աշխարհի բոլոր անկիւնները: Դպրոց մը, որ կը պատրաստէ հայ արի եւ կարգապահ սերունդ, նաեւ` ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին, մշակոյթին եւ լեզուին նուիրուող անձնուրաց երիտասարդներ:

Հալէպի Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի Վերամուտին Առիթով Վարժարանին Մէջ Կատարուեցաւ Համակարգիչի Սենեակին Բացումը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

3 սեպտեմբերին հնչեց Հալէպի Ազգային Միացեալ նախակրթարանի վերամուտի զանգը:

Նախակրթարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Է. Րէիսեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ ուսուցչուհիներուն 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկին առիթով, ապա հրաւիրեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, Ազգային վարչութեան եւ վարժարանի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները` սրբազան հօր ձեռամբ բացումը կատարելու վարժարանի համակարգիչի սենեակին:

Համակարգիչները նուիրուած էին Ազգային Զաւարեան վարժարանի Քալիֆորնիոյ Սանուց միութեան կողմէ:

Սրբազան հայրը օրհնեց սենեակը եւ բեղուն տարի մաղթեց նախակրթարանի աշակերտութեան:

Եգիպտոս

Եգիպտոսի Ներգաղթի Եւ Արտագաղթածներու Նախարարը Հանդիպեցաւ Թեմի Առաջնորդին Հետ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Գահիրէի մէջ եգիպտահայերուն նուիրուած ձեռնարկին ընդառաջ, Եգիպտոսի ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարար Նապիլա Մաքրամը հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանին հետ:

Ն. Մաքրամը իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին` սեպտեմբերի վերջաւորութեան Եգիպտոս կատարելիք այցին առիթով, աւելցնելով, որ այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի քննարկել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման առնչուող հարցեր:

Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց կազմակերպուելիք ձեռնարկին առիթով` նշելով, որ եգիպտահայերը միշտ ապրած են ու կ՛ապրին Եգիպտոսի մէջ փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան պայմաններու մէջ:

Մաքրամի այցի շարժառիթը «Կիպրացիներու համաշխարհային համաժողով»-ի ծիրին մէջ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին հետ հանդիպումն էր, որ տեղի ունեցած էր յուլիսին, Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անաստասիատիսի նստավայրին մէջ: Հանդիպման ընթացքին նախարար Մխիթար Հայրապետեանը  ողջունած էր արմատները վերականգնելու նախաձեռնութեան նուիրուած ձեռնարկները` պատրաստակամութիւն յայտնելով Հայաստանի մասնակցութիւնը այդ հարցին ու կարեւոր նկատելով նաեւ Եգիպտոսի դերը հայ ժողովուրդը հիւրընկալելու իրողութիւնը:

Կիպրոս

Խորէն Արք. Տողրամաճեան Կը Պարգեւատրուի «Զօրավար Անդրանիկ»-ի Շքանշանով

Image may be NSFW.
Clik here to view.

21 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով զօր. Էդուարդ Մանեւ «Զօրավար Անդրանիկ»-ի շքանշանով պարգեւատրած է Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան համար մատուցած իր հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեանց համար:

Պրազիլի Անկախութեան Օրուան Առիթով Հանդիսութիւն-Հիւրասիրութիւն

Image may be NSFW.
Clik here to view.

14 սեպտեմբերին թեմի  կաթողիկոսական  փոխանորդ Խորէն  արք. Տողրամաճեանը, ընկերակցութեամբ Լառնաքայի, Լիմասոլի եւ Նիկոսիոյ հովիւներուն` Մաշտոց քհնյ. Աշգարեանի եւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանի,  ընդառաջելով Կիպրոսի մէջ Պրազիլի դեսպան Խուան Ինաչիոյ Փատիլհայի պաշտօնական հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Պրազիլի անկախութեան օրուան առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւն-հիւրասիրութեան` դեսպանի բնակարանին մէջ:

Ընդունելութիւն-հիւրասիրութեան ընթացքին խօսք առին դեսպան Խուան Ինաչիոյ Փատիլհապան եւ պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անկելիտիսը:

Սրբազան հայրը իր կարգին կիպրահայ գաղութին անունով շնորհաւորեց ու բարեմաղթութիւններ յայտնեց դեսպանին եւ հիւրասիրութեան ընթացքին պատեհութիւնը ունեցաւ զրուցելու խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսի հետ, ինչպէս նաեւ մտերմիկ զրոյցներ ունեցաւ Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Քուէյթի, Փորթուգալի, Իրանի, Իտալիոյ, Ուքրանիոյ, Շուէտի, Դանիոյ, Պուլկարիոյ դեսպաններուն, Սուրիոյ ներկայացուցիչին, հիւպատոսներու,  զինուորականներու, պաշտօնական անձերու եւ զանազան հրաւիրեալներու հետ:

Միացեալ Նահանգներ

Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի Տօներու Նշում

Image may be NSFW.
Clik here to view.

8 սեպտեմբերին Քեմպրիճի մէջ նշուեցաւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ Մուսա Լերան հերոսամարտը: Թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, ընկերակցութեամբ առաջնորդական փոխանորդ Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեանի եւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Փանոսեանի, կատարեց աղուհացի եւ մատաղի օրհնութիւնը:

9 սեպտեմբերին առաջնորդ սրբազան հայրը պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Նշան Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն:

8-9 սեպտեմբերին Քեմպրիճի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ տարեկան աւանդական փառատօնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ քանատացի քաղաքական պաշտօնատարներ:

Ֆրանսա

«Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր» Փառատօնը

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ սկսաւ «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 17 սեպտեմբեր:

Բացման արարողութեան ընթացքին Ֆրանսայի մէջ ԱՀ ներկայացուցիչը ՀՅԴ Ալֆորվիլի տեղական մարմինի ղեկավար Կարօ Խաչիկեանին յանձնեց ԱՀ «Երախտագիտութիւն» մետալը` Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած անոր աւանդին համար:

Փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցան Արցախի նուիրուած լուսանկարներու եւ գծանկարներու ցուցահանդէսներ, վաւերագրական ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ` Արցախի ներկայ իրավիճակին շուրջ:

Յայտնենք, որ 20 նոյեմբեր 2017-ին Արցախի Հանրապետութեան Բերձոր եւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած էր բարեկամութեան հռչակագիր:

Լիոնի Քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանը Կը Ստանայ Պատուոյ Լեգէոնի Շքանշան

Image may be NSFW.
Clik here to view.

8 սեպտեմբերին Լիոնի քաղաքապետարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, որուն ընթացքին Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերար Քոլոնի ներկայութեամբ, Լիոնի հայազգի քաղաքապետ տոքթ. Ժորժ Քեփենեկեանին շնորհուեցաւ Պատուոյ լեգէոնի շքանշան: Ան ստացաւ «Ասպետ»-ի կոչում: Շքանշանը Քեփենեկեանին յանձնեց բնադեղագիտութեան զանազան ճիւղերու մէջ մասնագիտացած հռչակաւոր «Մերիէօ» հաստատութիւնները համախմբող նոյնանուն հիմնարկի նախագահ Ալեն Մերիէոն:

Մեծարանքի խօսք արտասանեց նաեւ նախարար Ժերար Քոլոնը:

Նշենք, որ Ֆրանսայի զօրակցութեան եւ առողջութեան նախարարն էր, որ առաջարկած էր Քեփենեկեանին շնորհել Պատուոյ լեգէոնի շքանշան` «Ասպետ»-ի աստիճանով, իբրեւ երախտագիտութիւն մեծարեալին 43-ամեայ բժշկական վաստակին, յատկապէս` իբրեւ Լիոնի «Սեն Ժոզեֆ-Սեն Լիւք» հիւանդանոցի միզաբանական բաժինի պատասխանատու:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ տոքթ. Քեփենեկեանը:

Քանատա

«Հայք» Քառեակը Ելոյթ Ունեցաւ Մոնրէալի Սիմֆոնիք Նուագախումբի Ծրագիրով

Image may be NSFW.
Clik here to view.

2 սեպտեմբերին Մոնրէալի «Փլաս տէ զ՛ար» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Քենթ Նականոյին նախաձեռնած ձայնային «աքափելլա» համոյթներու համերգը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Հայք» քառեակը` ղեկավարութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արթիւր Մարկոսեանի:

Համերգին մասնակից հինգ համոյթներէն առաջինը ելոյթ ունեցաւ «Հայք»-ը եւ իր երգացանկի առաջին երգով ներկայացուց Կոմիտասի «Տէ՛ր, կեցո՛ դու զհայս»:

Համերգի աւարտին, Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Քենթ Նականոյի ղեկավարութեամբ, հինգ համոյթները միասնաբար երգեցին Պեթհովենի «Օտ թու ճոյ»-ը:

Արժանթին

Արժանթինի Քորտոպա Քաղաքի Փողոցներու Անուններու Վահանակները Հայերէնի Թարգմանուած Են

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Արժանթինի երկրորդ քաղաք Քորտոպայի քաղաքապետարանը որոշած է, որ հայկական անուններով փողոցներու վահանակները երկլեզու ըլլան` սպաներէն եւ հայերէն: Քորտոպայի հրապարակներէն մէկը կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն, կան նաեւ Արմէնիա, Զօրավար Անդրանիկ փողոցները:

Քորտոպայի հայ համայնքի «Ֆէյսպուք»-ի էջը կը յայտնէ, որ նախաձեռնութեան հեղինակը Քորտոպայի քաղաքային խորհուրդի հայազգի անդամ Լուքաս Պալեանն է:

Նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին:

Յայտնենք նաեւ, որ Քորտոպա քաղաքի հայ համայնքի անդամները երկլեզու վահանակներու տեղադրումին վերաբերեալ շնորհակալական նամակ յղած են Քորտոպայի քաղաքապետ Ռամոն Խաւիէր Մեսթրէին:

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Ցուցահանդէս

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Քանպերայի մէջ գործող Աւստրալիոյ ազգային համալսարանին մէջ կատարուեցաւ բացումը «Ժամանելու իրաւունք» խորագիրով ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է ամբողջ աշխարհի գաղթականներուն` սկսած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով գաղթածներէն, կը յայտնէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:

Ցուցահանդէսը պատրաստուած է դոկտոր Վանեսա Ակնիւի, դոկտոր Էքկեմեն Օզպեքի եւ Անեթ Ան-Ճեն Լիուի կողմէ: Անիկա կը ներառէ ցեղասպանութեան, փախուստի եւ ապաստանի այժմեան եւ վաղ շրջանի տեղեկագիրներ. երկրորդ տեսակի տեղեկագիրները կը վերաբերին նաեւ հայոց պատմութեան ամենամռայլ  հատուածին, որ ներկայացուած է «Գաղթականութեան գաղափարը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» խորագիրով հատուածին մէջ:

Անեթ Ան-Ճեն Լիու ցուցահանդէսին մասին Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին պատրաստած «Ֆէյսպուք»-ի տեսանիւթին մէջ պատմած է, որ յաջորդ ցուցադրութիւնը պիտի բացուի Գերմանիոյ մէջ, ապա` Պոլսոյ եւ պիտի վերադառնայ Աւստրալիա:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17323

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>