Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17580

«Վրիպակ 53»-ի Դէմ Զայրոյթը Կ՛աճի, Երբ Apple-ի Ծրագիրի Թարմացումը Կը Սպառնայ Սպաննել Iphone 6-ը»

$
0
0

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Կարտիըն» թերթի յօդուածագիր Մայլզ Պրիկնալ անդրադարձած է  բջիջային նորագոյն սարքի թերութեան:

«Վրիպակ 53»-ի զայրոյթը կ՛աճի, երբ Apple-ի համակարգչային ծրագիրի(software) թարմացումը կը սպառնայ սպաննել քու iPhone 6-դ: Ձեր բջիջային հեռաձայնը անարժէք կը դառնայ, եթէ ատիկա երրորդ կողմ մը նորոգէ: Բայց ո՛չ զգուշացում կայ, ո՛չ ալ նորոգութիւն:

Apple-ի առաջին iPhone 6-ը գնող յաճախորդը երջանիկ էր…

Happy_021916

բայց ատկէ ի վեր գործածողները դժգոհեցան խնդիրներէ` խորհրդաւոր «վրիպակ 53» հաղորդագիրով: Հազարաւոր անձեր, որոնք  iPhone 6 կը գործածեն, կը նշեն, որ իրենց հեռաձայնները գրեթէ անարժէք դարձած են, որովհետեւ  Apple- ի վերջին գործողութիւններու համակարգը մնայուն կ՛անջատէ հեռաձայնը, եթէ յայտնաբերէ, որ սարքը նորոգած է Apple-ին չառնչուող մասնագէտ մը: Արհեստագիտութեան աշխարհէն դուրս համեմատաբար քիչ մարդիկ տեղեակ են, այսպէս կոչուած,«վրիպակ 53»-ի խնդրին, բայց եթէ ձեզի պատահի, դուք կը տեղեկանաք ատոր: Ըստ այս հարցի մասնագէտ լրագրողի մը, ատիկա «կը սպաննէ ձեր iPhone»-ը:

Բայց խնդիրը միայն ի յայտ կու գայ, երբ Apple  iPhone-ի ծրագրի վերջին տարբերակը` iOS 9 կը տեղադրուի: Նորոգութենէ մը ետք հեռաձայնը կրնայ կատարելապէս աշխատիլ շաբաթներ կամ ամիսներ:

Տեղադրումէն ետք, մեծ թիւով մարդիկ սարսափով կը հետեւին, թէ ինչպէս հազար տոլար արժող իրենց հեռաձայնը, անգործածելի կը դառնայ: Սարքին մէջ տեղադրուած նկարները  կամ այլ տուեալներ ընդմիշտ կ՛անհետանան:Մասնագէտներ կը պնդեն, որ  Apple քաջատեղեակ է խնդրին, բայց ոչինչ ըրած է  զգուշացնելու օգտագործողները, որ իրենց հեռաձայնը կրնայ անգործածելի դառնալ, եթէ տեղադրեն iOS թարմացումը:

iphone-error-53_021916

Լրագրող-լուսանկարիչ Անթոնիօ Օլմոս ըսաւ, որ այս խնդիրը իր հեռաձայնին պատահեցաւ, երբ թարմացուց իր համակարգչային ծրագիրը: Օլմոս իր սարքը նախապէս նորոգութեան տուած էր, երբ Մակեդոնիա կը գտնուէր: «Պալքանեան երկիրներուն մէջ կը հետեւէի ներգաղթեալներու տագնապին, երբ հեռաձայնս ձեռքէս ինկաւ: Որովհետեւ աշխատանքիս համար կենսական էր ատիկա, նորոգել տուի տեղական խանութի մը մէջ, քանի Apple վաճառատուներ չկան այդ երկրին մէջ: Անոնք նորոգեցին պաստառը եւ հիմնական կոճակը (home button), եւ սարքը կատարեալ աշխատեցաւ: Ան կ՛ըսէ, թէ այլեւս ատոր մասին չէ մտածած, մինչեւ որ Apple-էն ստացած է ընթացիկ յիշեցում մը` նորագոյն ծրագիրը տեղադրելու: Ան ընդունած է թարմացումը, սակայն քանի մը երկվայրկեան ետք հեռաձայնին պաստառին վրայ յայտնուած է «վրիպակ 53»-ը եւ … հեռաձայնը` մահացած: Օլմոս, որ տարիներու ընթացքին խոշոր գումարներ ծախսած է Apple արտադրութիւններ գնելով, երբ հեռաձայնը տարած է ընկերութեան Լոնտոնի մէկ վաճառատունը, անձնակազմը ըսած է, որ իրենք ոչինչ կրնան ընել, այս հեռաձայնը այժմ թափուելիք է, եւ թէ` պէտք է 550 տոլար վճարէ փոխարինումի համար:

Օլմոսի նման կան հազարաւորներ, որոնք իրենց  Apple մակնիշի բջիջայիններու նորոգութիւնը,անտեղեակ այս բարդութիւններէն, յանձնած են երրորդ կողմի մը: Կրնա՞յ Apple-ի այս քայլը, որ կարծես թէ նախագծուած է անկախ նորոգողները դուրս մղելու մրցակցութենէն, հակասել մրցակցութեան օրէնքներուն: Օրինակ, ինքնաշարժ արտադրողները արտօնուած չեն պնդելու, թէ գնողները միայն ընկերութիւններուն մօտ պէտք է նորոգեն իրենց ինքնաշարժները:

Բրիտանիոյ մէջ Apple շուրջ 500 տոլար կը գանձէ նորոգելու համար iPhone 6-ի հիմնական կոճակը, մինչ անկախ նորոգողներ  այդ գումարին չնչին մէկ մասը կը պահանջեն: Քալիֆորնիայէն մասնագէտ Քայլ Իենս, որ կը ղեկավարէ iFixit կայքը, կ՛ըսէ .« Ասիկա մեծ խնդիր է: Մեր կայքին մէջ «վրիպակ 53»-ի աւելի քան 183 հազար հարուածներ կան, եւ ասիկա լուրջ խնդիր է  Apple օգտագործողներուն համար»: Ըստ անոր, պարզ չէ, թէ արդեօք ասիկա միտումնաւո՞ր քայլ մըն է` ստիպելու մարդոց, որպէսզի Apple-ի յանձնեն իրենց հեռաձայններու նորոգութիւնը: «Ամէն պարագայի, Apple- ի տեսակէտը այն է, որ չ՛ուզեր երրորդ կողմեր նորոգեն իր արտադրութիւնները»:

Apple ընկերութեան բանբեր մը լրատու միջոցներու ըսաւ.« Մենք կը պաշտպանենք մատնահետքի տուեալները` օգտագործելով անվտանգ սարք մը, որ յատուկ կերպով զուգորդուած է ինքնութեան ցուցիչին (ID sensor): Երբ iPhone-ի նորոգութիւնը կը կատարուի Apple-ի վաճառատուներու մէջ կամ լիազօրուած մասնագէտներու կողմէ, այս խնդիրները չեն ծագիր: Եթէ յաճախորդի մը iPhone-ի պաստառին վրայ յայտնուի «վրիպակ 53»-ը, մենք խորհուրդ կու տանք դիմելու միայն Apple-ի»:

Օգտագործուած աղբիւներ` «Կարտիըն» եւ «Պի.Պի.Սի»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17580

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>