Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնին նախաձեռնութեամբ վերահրատարակած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի «Խարխափումներ» հատորը (190 էջ) եւ հրատարակուած է Արշակ Ջամալեանի «Յովհաննէս Քաջազնունին եւ ՀՅ դաշնակցութիւնը» հատորը, որ առաջին անգամն ըլլալով լոյս կը տեսնէ:
«Խարխափումներ» հատորը լոյս տեսած էր 1924-ին Պոսթընի մէջ, արեւելահայերէնով եւ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: «Անի» կեդրոնը հատորը վերահրատարակած է արեւելահայերէնով, բայց` աբեղեանական ուղղագրութեամբ:
Վրացեանի հատորը պատասխան է առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի «ՀՅ դաշնակցութիւնն անելիք չունի այլեւս» գիրքին:
Արշակ Ջամալեանի «Յովհաննէս Քաջազնունին եւ ՀՅ դաշնակցութիւնը» հատորը որպէս յօդուածաշարք տպագրուած է Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագիրի 1924 թուականի թիւերուն մէջ: Ջամալեանի հատորը պատասխան է առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի «ՀՅ դաշնակցութիւնն անելիք չունի այլեւս» գիրքին:
Գրքոյկներուն խմբագիրն է լրագրող Թաթուլ Յակոբեանը:
Հատորները լոյս կը տեսնեն «Լուսակն» տպարանէն: