Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Զօրավար Անդրանիկի Նուիրուած 65 Գործերու
Ցուցահանդէս Ազգային Պատկերասրահին Մէջ
12 փետրուարին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը: Երեւանի քաղաքապետարանին, Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան Հայրապետական թեմին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին, ինչպէս նաեւ Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսին ներկայացուած 130 ստեղծագործութիւններէն ընտրուած եւ այցելուներուն ներկայացուած են շուրջ 65 գործեր:
Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան համանախագահ Ղազար Միրզոյեանի ընկերակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան շրջած է ցուցասրահին մէջ, ծանօթացած ցուցադրութեան:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ծիրին մէջ «Անդրանիկ Օզանեան» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Իլյիչ Բեգլարեանը Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ, «Սասուն- Տարօն» հայրենակցական միութեան նախագահ Կամօ Արէյեանը պարգեւատրած է հիմնադրամի «Անդրանիկ Օզանեան» ոսկի մետալով:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Փանոս Թերլեմեզեանի, Արամ Իսաբեկեանի, Էդուարդ Իսաբեկեանի, Հրանտ Թադեւոսեանի, Փարաւոն Միրզոյեանի, Արա Շիրազի, Մկրտիչ Պապոյեանի, Վիլիկ Զաքարեանի, Էդիկ Վարդանեանի, Յարութիւն Յարութիւնեանի, Միսակ Մելքոնեանի, Յ. Ռուխկեանի, Վարոս Շահմուրադեանի, Սերժ Մալցեւի, Ռոբերտ Այվազեանի, Անահիտ Զարդարեանի, Գէորգ Մնացականեանի, Ռոբերտ Էլիբեկեանի, Էդուարդ Սարգսեանի, Գէորգ Մշեցու, Արտօ Քոչարեանի, Աշոտ Յարութիւնեանի եւ Ներսէս Մելիքեանի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ Մեծ զօրավարին անձնական որոշ իրեր:
Մշակոյթի Նշանաւոր Գործիչներ Կոչ Կ՛ուղղեն`
Պահպանելու Պատմամշակութային
Շինութիւններն Ու Յուշարձանները
Հայաստանի մշակոյթի յայտնի գործիչները դէմ են պատմամշակութային յուշարձաններու եւ շինութիւններու քանդման: Անոնք կ՛առաջարկեն, որ քանդման ենթակայ շէնքերը վերանորոգուին եւ պահպանուին: Այս նպատակով անոնք միացած եւ կոչ ուղղած են համապատասխան կողմերուն` հետամուտ ըլլալ Երեւանի դիմագիծի պահպանման:
«Ստեղծագործողի ամենամեծ առաքելութիւնն այն է, որ կարողանում է սէր խոստովանել, որը ընդունելի, հասանելի է շատերին: Եկել ենք սէր խոստովանելու մեր քաղաքին: Իմ ստեղծագործական ուղին կապուած է մեր քաղաքի հետ: Այսօր մեր սիրոյ արտայայտութիւնը պէտք է արարքների վերածուի: Քաղաքի դիմանկարը մենք ենք: Մեր քաղաքը, Ֆորշի ասած, տուն ու շէնք չէ, այլ մենք ենք: Քաղաքը թիկունքի կարիք ունի, պէտք է կարողանանք պահել մեր քաղաքի արժանապատուութիւնը , պէտք է միաբանուենք, այլ կերպ հարց չի լուծւում», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, դերասան Միքայէլ Պօղոսեանը: Ան համաձայն է, որ Երեւան փոխուի, նոր կառոյցներ աւելնան, բայց ոչ հիներու ոչնչացման հաշուոյն: «Մեր շարժումը յաղթելու է, համոզուած եմ, որ յաղթանակին կը նպաստեն բոլոր պաշտօնեաները», շեշտած է Միքայէլ Պօղոսեան:
Ճարտարապետ Մարկ Գրիգորեան վստահ է` շէնքերը պատմութեան նիւթական վկաներն են: «Մենք, հպարտանալով հայ ժողովրդի պատմութեամբ, միեւնոյն ժամանակ քանդում եւ ոչնչացնում ենք պատմութեան վկաներին: Մենք մեզ զրկում ենք ե՛ւ անցեալից, ե՛ւ ապագայից: Ինձ շատ անգամ են ասում` այս շէնքը սիրուն չէ, պէտք է քանդուի, նորը կառուցուի: Սիրունը չափանիշ չէ, չափանիշը գուցէ գեղեցիկն է», ըսած է ան:
Դերասան Հրանտ Թոխատեան իր կարգին դիտել տուած է, որ քաղաքը միշտ ալ փոխած է իր դէմքը, սակայն ժամանակին, երբ բան մը քանդելիք ըլլային այս մասին տեղեակ կը պահէին: «Ամէն ինչ պէտք է անել մեր քաղաքի դէմքին վայել, այնպէս, ինչպէս արեց Թամանեանը: Եկէք քաղաքի դէմքն անիմաստ չշպարենք. մենք ունենք Երեւանի վարդագոյնը, որը պակասել է: Ի՛նչ գոյն ասես կայ», նշած է ան:
Բեմադրիչ Հրանտ Վարդանեան յանցաւոր կը զգայ քանդուած եւ չպահպանուած յուշարձաններուն համար: «Մենք ենք մեղաւոր նրա համար, ինչ ունենք այսօր: Ես ինձ մեղաւոր եմ զգում քանդուածի համար: Վատն այն է, որ գիշերով են քանդում կառոյցները. մտավախութիւն կայ, որ մի օր քայլելիս շէնքերը քանդուած կը տեսնեմ: Մենք ամէն ինչ անելու ենք, համոզելու ենք, որ շէնքերը չքանդեն, ընդհակառակը` վերանորոգեն, վերակառուցեն», շեշտած է ան:
Պատմամշակութային յուշարձաններու եւ շինութիւններու ոչնչացման դէմ Կոչ- Քաղաքացիական պահանջագիրին` «Դադարեցնել պատմամշակութային յուշարձանների շարունակական ոչնչացումը» խորագիրով, միացած են նաեւ երգիչ Արամօն, Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեանը, երգչուհի, երաժիշտ Լիլիթ Պիպոյեանը, խմբավար Տիգրան Հեքեքեանը, երգիչ Արթուր Իսպիրեանը, «Հրանտ Մաթեւոսեան» մշակութային¬ բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Դաւիթ Մաթեւոսեանը եւ այլ գործիչներ:
Արցախի Ազգային Վիճակախաղի
Նուէրներու Յանձնում
Հայաստանի երիտասարդական հիմնարկի կեդրոնին մէջ 8 փետրուարին տեղի ունեցած է Արցախի ազգային վիճակախաղին շահած մարդոց նուէրներու յանձնման արարողութիւնը: Նշենք, որ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը հրապարակած է վիճակախաղի 5000 տոմս եւ բաժնած` ուսումնական բարձրագոյն հիմնարկներու ուսանողներուն, մարզերու երիտասարդներուն: Տոմսերէն 22-ը շահած են, անոնցմէ մէկը` 1 միլիոն դրամ:
Արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, որ նշած է, թէ Արցախի ազգային վիճակախաղ ծրագիրը արդէն երեք տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի: Ծրագիրին նպատակն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աշխատատեղերու ստեղծումը, յատկապէս` կիներու համար: «Կ’ուզեմ հպարտութեամբ յայտարարել, որ այս ծրագիրով միայն գորգագործութեան բնագաւառին մէջ 205 կին կ’աշխատի: Այդ 205 կիներուն մեծ մասը սպաներու կամ զոհուած ազատամարտիկներու կիներ ու մայրեր են: 2015-ին ծախուած է վիճակախաղի մօտ 100 հազար տոմս, որուն շնորիիւ` ունինք աւելի քան 430 շահող Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Իրանէն եւ բազմաթիւ այլ երկիրներէ: Վիճակախաղի տոմսերը սպառած են շուրջ 25 երկիրներու մէջ, հիմնականօրէն` բարեկամներու խողովակով: Ասիկա ոչ աւանդական սպառման եղանակ է: Յոյս ունինք, որ ժամանակի ընթացքին կ՛ունենանք նաեւ վիճակախաղի տոմսերու ուղղակի վաճառք: Եւ նման միջոցառումները պիտի նպաստեն հասարակութիւնը այս ծրագիրի նպատակներուն մասին տեղեակ պահելու«, ըսած է Արթուր Աղաբեկեան:
Ան դիտել տուած է, որ եթէ 2013-2014 թուականներուն վիճակախաղին շահողներուն նուէրներու ցանկին մէջ կային միայն ձեռագործ գորգեր, ապա 2015-ին ընդգրկուած է նաեւ տակառով թութի օղի. վիճակախաղին շնորհիւ` 2,5 թոնէն աւելի թութի օղի պիտի հասնի մեր հայրենակիցներուն: Միւս նորամուծութիւնը Արցախի մեղուաբոյծներու մեղրի ներկայացումն է: Անուանական փաթեթաւորմամբ 16 մեղուաբոյծի մեղրերու հաւաքածոն եւս ներառուած է վիճակախաղին շահողներուն նուէրներուն մէջ:
Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեան խօսելով Արցախի ազգային վիճակախաղին մասին` նշած է, որ Երիտասարդական հիմնադրամին միջոցներով 5000 երիտասարդ ներառելով ծրագիրին մէջ` ուզած են իրենց ներդրումը ունենալ Արցախի զարգացման, աշխատատեղերու ստեղծման ջանքերուն մէջ` միշտ արցախցիին կողքին կանգնելով:
Միացեալ Նահանգներ, Հայաստանի Զուգահեռ,
Ծրագիրներ Պիտի Իրականացնեն Նաեւ
Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ 11 փետրուարին առցանց զրոյցի մը ընթացքին պատասխանած է իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն, Հայաստանի մէջ գործադրուող ամերիկեան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ ամերիկեան դիրքորոշումին:
Դեսպանը ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ ճշդուած 2017-ի ելեւմուտքի ծիրին մէջ Հայաստանին տրամադրուելիք պիւտճէական օգնութիւնը կ՛արտացոլացնէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնները` գիւղատնտեսական զարգացումները, բարեփոխումները ուժանիւթի ոլորտին մէջ, ժողովրդավարական կառավարման եւ օրէնքի գերակայութեան ուժեղացումը եւ տնտեսական բարեփոխումներու իրականացումը:
Դեսպանը նաեւ անդրադարձած է Ուաշինկթընի յանձնառութեան` սուրիացի գաղթականներուն օգնութիւն տրամադրելու առումով: «Վերջին տարիներուն մենք աւելցուցած ենք ֆինանսաւորումը` օգնելու Հայաստան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն: Թէեւ նախորդ յատկացումներուն մէջ յատուկ օգնութիւն չէ տրամադրուած Լեռնային Ղարաբաղին, սակայն վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը մարդասիրական օգնութեան ծիրին մէջ գումարներ յատկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղին», դիտել տուած է Միլզ:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` դեսպանը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են սահմանագիծին վրայ տիրող կացութեամբ: «Շփման գիծին վրայ բռնութեան աճը եւ ռազմական հռետորաբանութիւնը մտահոգիչ են ամերիկեան կառավարութեան համար: Ես իրատեսական կը նկատեմ մէկ սխալի պատճառով իրավիճակի լարուածութեան սաստկացումը: Այդ պատճառով է, որ Մինսքի խումբի համանախագահները կոչ կ՛ուղղեն երկու կողմերուն` ձեռնարկելու քայլերու, որոնք պիտի նպաստեն շփման գիծին վրայ բռնութեան մակարդակի նուազեցման, ինչպէս նաեւ` գործի դնելու իրադրութիւնը դիտարկման ենթարկող մեքանիզմներ: Այս էր քննարկման հիմնական թեման, երբ նախագահները Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցան Պեռնի մէջ: Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք կապի մէջ է միւս համանախագահներուն հետ` երկխօսութիւնը յառաջ տանելու նպատակով», յայտնած է ամերիկացի դեսպանը:
Խօսելով Հայաստանի տնտեսութեան եւ հայաստանեան շուկային կարելիութիւններուն մասին` դեսպան Միլզ նշած է, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը հասած է կայացման ու բարեփոխումներու այնպիսի մակարդակի մը, որով գրաւիչ կը դառնայ ամերիկեան ներդրումներուն համար: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ աւելցած են ամերիկեան ներդրումները, իսկ նախորդ տարի եղած են կարեւոր զարգացումներ, որոնց կարգին, Որոտանի ջրելեկտրակայանի գործարքը` մեծագոյն ամերիկեան միամեայ ներդրումը Հայաստանի մէջ: Նաեւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուեցաւ Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրը: Անով նախատեսուած է օգնել երկու երկիրներու կառավարութիւններուն` առեւտուրի խոչընդոտներու երկուստեք վերացման իմաստով:
Դեսպանը դիտել տուած է, որ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու վերացումը կրնայ Հայաստանը դարձնել կարեւոր ուղի` Իրանի հետ ամերիկեան գործառնութեան համար: Ռիչըրտ Միլզ նշած է, որ աւելի շատ ներդրումներ ներգրաւելու դեսպանատան նպատակը կ՛ընթանայ փտածութեան նուազեցման ուղղուած Հայաստանի գործընկերներուն հետ աշխատանքին զուգահեռ: «Բոլոր գործառնութիւններուն համար հաւասար խաղի պայմաններու ապահովումը` ըլլան հայկական, օտար, թէ ռուսական, խիստ կարեւոր է: Մենք կրնանք ներդրումներ ներգրաւել` օգնելով նուազեցնել փտածութիւնը` ի շահ բոլոր անոնց, որոնք Հայաստանի մէջ կը զբաղին առեւտուրով», յայտնած է դեսպանը:
Հայաստանի Մէջ Ներկայիս Կը Բնակի
Շուրջ 16 Հազար Սուրիահայ
Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ կը բնակի շուրջ 16 հազար սուրիահայ, տեղեկացուցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին: «2000-է աւելի աշակերտներ ունենք, 500-է աւելի ուսանողներ: Կան 300 եւ աւելի կայացած պիզնըսներ, որոնց կէսէն աւելին պետութենէն վարկ առած են նուազագոյն` 4 տոկոս տոկոսով եւ 5 տարի ժամկէտով: Գումարը 15¬20 հազար տոլար է, որ գործառնութիւն սկսելու համար բաւականին բարենպաստ է», յայտնած է Հրանուշ Յակոբեան:
Արձագանգելով այն դիտարկման` թէ սուրիահայերը ունի՞ն հարկային արտօնութիւններ, թէ՞ ոչ, նախարարը ըսած է. «Ո՛չ, հարկային արտօնութիւններ չունին, բայց վարկ վերցնելու արտօնութիւն կայ: Միւս կողմէ, մենք անոնց կը սորվեցնենք մեր օրէնսդրութիւնը, մէկ ամիս շարունակ կը վերապատրաստենք զիրենք, ինչպէս նաեւ կ՛ուսուցանենք ռուսաց լեզու, արեւելահայերէն: Համարկման գործընթացը շատ արագ եւ դիւրին կ’ըլլայ»:
Հայաստան 2016-ին Սփիւռքի Դպրոցներուն
Պիտի Յատկացնէ 100 Միլիոն Դրամ
Հայաստան այս տարի սփիւռքի դպրոցներուն 100 միլիոն դրամ պիտի յատկացնէ: Այս մասին համապատասխան որոշում տրուած է 11 փետրուարին կայացած կառավարութեան նիստին: Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ 73,5 միլիոն դրամը պիտի յատկացուի դասագիրքերուն, իսկ 6 միլիոնը` նոր ուսումնական նիւթերու պատրաստութեան:
Ղարաբաղ-Ֆրանսա Բարեկամութեան
Շրջանակի Հերթական Նիստ
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ 9 փետրուարին տեղի ունեցած է Ղարաբաղ¬Ֆրանսա բարեկամութեան շրջանակի հերթական նիստը, որուն կը մասնակցէր Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ, Ղարաբաղ-Ֆրանսա բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Աշոտ Ղուլեան կարեւոր նկատելով նման ձեւաչափով հանդիպումները` նշած է, որ Ղարաբաղ-Ֆրանսա կապերը մեծապէս աշխուժացած են նախորդ տարի: Արդարեւ, նախ ստեղծուած է բարեկամութեան շրջանակը եւ կազմակերպուած են Արցախի մէջ ֆրանսական օրերը: Երկկողմանի յարաբերութիւններու պահպանման եւ զարգացման առումով Ղուլեան յատկապէս լուսարձակի տակ առած է Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան դերը:
Ամփոփելով այս տարիներուն Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ համագործակցութեան արդիւնքները` Յովհաննէս Գէորգեան ըսած է, որ հիմնական ձեռքբերումներէն կը նկատուի ուղղակի կապերու եւ բազմակողմանի համագործակցութեան հաստատումը, որուն նպատակն է Արցախը տեսանելի դարձնել միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ:
Պատասխանելով շրջանակի անդամներուն հարցումներուն` ան կարեւոր նկատած է իրականացումը զարգացման հեռանկարային ծրագիրներու, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ մասնագէտներու վերապատրաստութիւնը եւ տնտեսական ու ընկերային հարցերու լուծումը:
Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում, որուն լոյսին տակ ուրուագծուած է այս տարուան ընթացքին Ղարաբաղ-Ֆրանսա բարեկամութեան շրջանակի գործունէութեան ծրագիրը: