ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
29 յունուար 1919-ին Արամի փողոցի թիւ 9 շէնքի իր բնակարանին մէջ մահացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր եւ այն ժամանակ ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանը` բծաւոր տիֆ հիւանդութեան պատճառով (այս շէնքը Արամին նուիրած էր Ֆադէյ Քալանթարեանը ըստ http://aadmag.am/այս-տանն-է-1917-19թթ-ապրել-հհ-հիմնադիր-արամ-մ/): Անոր մարմինը ժողովրդային մեծ շուքով, ազգային յուղարկաւորութեամբ, կը թաղուի ներկայի Կոմիտասի անուան պանթէոնի վայրը գտնուող նախկին գերեզմանատան մէջ: Խորհրդային տարիներուն, գերեզմանատան վերացման պատճառով, իր այրին` Կատարինէն, անոր աճիւնը կը տեղափոխէ «Կոզեռնի» գերեզմանատուն, որ 1930-ին քաղաքապետարանի որոշումով նաեւ կը վերցուի եւ կը վերածուի ներկայի «Սիրահարներու» այգիին: Կատարինէն անոր աճիւնը կրկին կը տեղափոխէ, այս անգամ` Երեւանի «Թոխմախ» կոչուող կեդրոնական գերեզմանատունը, ուր ան կը «հանգչի» ներկայիս: Արամ Մանուկեանի աճիւնը արժանաւորապէս եւ վերջնականապէս պէտք է հանգչի Եռաբլուրի մէջ:
![Արամ Մանուկեանի (1) Տան թիւը 9 եւ (2) Պատմական Յուշարձանի Վահանակը](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/%D4%B1%D6%80%D5%A1%D5%B4-%D5%84%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D5%AB-%D5%8F%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A82_021616.jpg?resize=600%2C372)
Արամ Մանուկեանի (1) Տան թիւը 9 եւ (2) Պատմական Յուշարձանի Վահանակը
![Խորհրդային Օրերու Պատմական Յուշարձանները Յայտնող Վահանակը](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/%D4%B6%D5%B8%D6%82%D5%A1%D6%80%D5%A9%D5%B6%D5%B8%D6%81_021616.jpg?resize=397%2C351)
Խորհրդային Օրերու Պատմական Յուշարձանները Յայտնող Վահանակը
Ա.- Առաջին մտահոգիչ պարագան Արամ Մանուկեանի վերաբերեալ, յատկապէս պատասխանատուներու եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին կողմէ անտարբերութեան, անգիտակցութեան ու անտեղեակ ըլլալու ահաւոր պարագան է: Արամ Մանուկեանի բնակարանին արտաքին պատին վրայ զետեղուած է մետաղեայ քառակուսի վահանակ մը, որուն կեդրոնը տպուած է Զուարթնոց եկեղեցւոյ նմանող եւ խորանարդներով զարդարուած գծագրութիւն, իսկ շուրջը` հայերէն ու ռուսերէն տարտամ եւ անընթեռնլի գրութիւններ: Այս վահանակէն տեսած եմ նաեւ ուրիշ կառոյցներու վրայ: Անցորդներ չգիտցան այս վահանակին իմաստը, եւ քանի մը կարծեցեալ վերահասու հաստատութիւններ նաեւ չգիտցան իմաստը, կամ չպատասխանեցին ե-նամակով ղրկած հարցումիս: Վերջապէս, քանի մը դիմումէ ետք «Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանների պահպանութեան գործակալութեան» կողմէ պարզուեցաւ, որ այս վահանակը խորհրդային ժամանակաշրջանին կը զետեղուէր պատմամշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներու վրայ, եւ թէ` իրենք չեն զետեղած զայն:
Այս ի՞նչ բախտի հեգնանք է, որ համայնավար վարչակարգը, հակառակ անոր որ հալածանքի ենթարկած եւ տունէն դուրս դրած է Արամի այրին եւ դուստրը, սակայն արժեւորած ու պահպանած է այս կառոյցը, իսկ վերանկախացած հայրենիքի վարչակարգը կիսաքանդ վիճակի մատնած եւ աղբանոցի վերածած է հանրապետութեան հիմնադիրին բնակարանը:
Բ.- Երկրորդ մտահոգիչ պարագան` ընդհանրապէս պատմական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող կոթողներու հանդէպ (ան)պատասխանատու մարմիններու կրկին անտարբերութեան եւ իրաւասութիւններու ոտնակոխման հարցը, որուն ահաւոր հետեւանքի ականատես եղանք 18 յունուար 2016-ին, երբ նոյն Արամի փողոցի պատմական արժէք ներկայացնող թիւ 30 շէնքը գիշերուան ուշ ժամերուն գաղտագողի քանդուեցաւ` «որպէսզի մայթը ընդլայնուի»:
![Արամի թիւ 30 շէնքին վայրը եւ քանդող մեքենաները](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/%D4%B1%D6%80%D5%A1%D5%B4%D5%AB-30_021616.jpg?resize=600%2C326)
Արամի թիւ 30 շէնքին վայրը եւ քանդող մեքենաները
Մշակոյթի նախարարութեան իրաւասութեան տակ գտնուող այս կառոյցին մասին նախարարութիւնը լուռ մնաց (տեսնել News.am-ի 19 յունուարի յօդուածը (http://news.am/arm/news/306904.html)): Հոն կը կարդանք. «Պայքարը Արամի 30-ի պահպանման համար սկսած էր աւելի քան հինգ տարի առաջ: Քաղաքի պատմութիւնը յարգող քաղաքացիների ջանքերը զուր չէին, սակայն այս գեղեցիկ շէնքի կեանքը յաջողուեցաւ երկարաձգել միայն մինչեւ քաղաքաշինական այսօրուան համաճարակը: Այսպէս է լինում, երբ բոլորս մեր յոյսը դնում ենք ոչ թէ մեր իսկ ուժերի, համախմբուածութեան ու հետեւողականութեան, այլ ապիկար ղեկավարների մտքի զարթօնքի, օրինապահութեան կամ քաղաքի ճակատագրի վրայ: Իրականում այս շէնքի համար մղուող պայքարը դադարել էր այն բանից յետոյ, երբ տարածքի քաղաքաշինական ծրագրի նախագծող Աշոտ Ալեքսանեանը քաղաքացիներին վստահեցրել էր, որ Արամի 30-ի առնուազն ֆասատային (արտաքին) հատուածը հնարաւոր կը լինէր պահպանել: Եւ այդպէս, փափուկ բարձի խայծն աշխատեց»:
Գ.- Դժբախտաբար մեծ հաւանականութիւն կայ, որ Արամի 30-ի ճակատագիրին ենթարկուի նաեւ Արամի 9-ը` Արամ Մանուկեանի արդէն կիսաքանդ բնակարանը: Ի՞նչ պէտք է ընել` արգելք հանդիսանալու պատմական այսպիսի աղէտ մը կանխարգիլելու համար: Կ՛առաջարկեմ.
1. Անյապաղ կազմել Արամ Մանուկեանի յիշատակի պաշտպան խորհրդարանական յանձնախումբ եւ Ազգային ժողովի օրակարգին մէջ քննարկել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին բնակարանը տուն-թանգարանի վերածելու խնդիրը, ինչպէս նաեւ` 2018-ի մայիս 28-ին արժանաւոր կերպով տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի տարեդարձը, որուն ծիրին մէջ տուն-թանգարանին բացումը կատարել:
2. Անյապաղ կազմել Արամ Մանուկեանի յիշատակի պաշտպան ժողովրդային գործօն մարմին` հետապնդելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին բնակարանը տուն-թանգարանի վերածելու առաջադրանքը, դիմելով պատկան բոլոր մարմիններուն, յատկապէս` մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետութեան, տէր կանգնելով այս կառոյցին:
Վստահ եմ, որ պատմական արժէքի այս իրաւունքը, որ պէտք էր առանց ճիգի ու պայքարի, բնական ընթացքով կատարուէր եւ պահպանուէր, կը հանդիսանայ խորհրդարանական եւ ժողովրդային անյապաղ հետապնդումի առարկան:
30 յունուար 2016