ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Փետրուար ամսուան 4-ին եւ 5-ին, Թուրքիոյ պետութեան կողմէ իրերայաջորդ երկու օրերու ընթացքին կատարուեցան բարձրագոյն մակարդակով թերեւս ակամայ, սակայն նշանակալից եւ ուշադրութեան արժանի երկու խոստովանութիւններ:
1.- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու ուրբաթ, 5 փետրուարին Ղազախստան իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Ինծի համար երկրորդ հայրենիքս իմ նախահայրերուս հայրենիքն է` Ղազախստանը: Յոյսով եմ, որ այժմ վարչապետի պաշտօնին վրայ ես կարենամ աւելի յաճախ այցելել իմ երկրորդ հայրենիքս»:
Տաւութօղլու իր այս յայտարարութեամբ կու գայ անգիտակցաբար ջրելու թրքական այն անհեթեթ պնդումները, թէ թուրքերը Արեւմտահայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդ են, եւ խոստովանելու այն պարզ ու յստակ ճշմարտութիւնը, թէ իրենք եկուոր ժողովուրդ են: Յայտնութիւն մը չէ այս, սակայն նշանակալից է, որովհետեւ կը կատարուի Թուրքիոյ վարչապետի մակարդակով:
2.- Հինգշաբթի, 4 փետրուարին, Պոլսոյ մէջ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային համախմբումի գլխաւոր նիստը, որուն ընթացքին առնուած լուսանկարին մէջ կ՛երեւին երկիրները ներկայացնող նախարարները, որոնց թիկունքին կ՛երեւի անոնց երկիրներուն քարտէսն ու դրօշը: Այստեղ նշանակալիցն ու ուշագրաւը այն է, որ Ազրպէյճանի քարտէսին մէջ ներառուած չէ Լեռնային Ղարաբաղը, իրողութիւն մը, որ չէ վրիպած թրքական իշխանամէտ «Սապահ» օրաթերթի ընթերցողներուն ուշադրութենէն, սակայն զարմանալիօրէն կը թուի վրիպած ըլլալ ուշադրութենէն համաշխարհային համախմբումին նիստը հիւրընկալած թրքական իշխանութիւններուն, ազրպէյճանցի նախարարին եւ Թուրքիոյ իշխանութեան բանբեր «Սապահ»-ին, որ ընթերցողներու բողոքներէն ետք միայն այդ լուսանկարը վերցուց իր կայքէն:
Դժուար է պատկերացնել, թէ այդ աչք ծակող իրողութիւնը ինչպէ՛ս վրիպած է կազմակերպիչներէն եւ ինքնին Ազրպէյճանի նախարարէն, որ ընդունած է հլու-հնազանդ բազմիլ այդ աթոռին` այդ քարտէսն ալ իր թիկունքին: Ըստ երեւոյթին, թուրք-ազրպէյճանական կողմը սկսած է ընդունիլ այն անհերքելի փաստը, թէ Լեռնային Ղարաբաղը ազրպէյճանական հողամաս չէ, այլ` հայկական: 4 փետրուարին անոնք ակամայ խոստովանած են, թէ Արցախը հայկական եղած է, է եւ պիտի մնայ առյաւէտ: