Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Ազրպէյճանի Յաղթանակին Գինը Եւ Հայկական Զօրաշարժին Դասերը

$
0
0

Քաղաքական պայքարի մէջ, ինչպէս կեանքի որեւէ փորձադաշտի պարագային, կռուողը ե՛ւ կը յաղթէ, ե՛ւ կը պարտուի, թէ՛ ոստում եւ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ, թէ՛ ընկրկում ու տեղատուութիւն կ՛ունենայ:

Պայքարը շարունակողին համար երկու պատճառով շատ կարեւոր է ընդունիլ կռուին արդիւնքը` յաղթանակ ըլլայ անիկա թէ պարտութիւն:

Նախ` որովհետեւ պայքարի տրամաբանութեան մէջ չկան այսպէս ըսուած վերջնական յաղթանակներ կամ պարտութիւններ: Կեանքի ու բնութեան յարատեւ պայքարի օրինաչափութեամբ, կան պատերազմներ ու ճակատամարտեր, ուր յաղթական ճակատամարտ մը անպայման չ՛ենթադրեր պատերազմին յաղթանակով պսակումը, ոչ ալ պատերազմի մը յաղթական աւարտը անպայման կը նշանակէ, որ պարտուած կողմին համար պայքարը այլեւս վերջ գտած է:

Ապա եւ աւելի կարեւորը` կռուին կամ ճակատումին արդիւնքը ընդունելով, պարտութիւն կրած կողմը ի վիճակի կ՛ըլլայ իր տկարութիւններն ու սահմանափակումները լիովին գնահատելու, ինչպէս եւ իր առաւելութեանց ու յաղթաթուղթերուն վերարժեւորումը կատարելով` աւելի լաւ պատրաստուած եւ զօրաւոր դիրքերէ ներկայանալու պայքարի յաջորդ հանգրուանին, նոյնիսկ` նախապատրաստելու առճակատման յաջորդ փուլն ու կռուի իր նախընտրած դաշտը…

Պայքարի տրամաբանութեան ա՛յս մօտեցումով հայ քաղաքական միտքը պէտք է արժեւորէ այն խայտառակ դիւանագիտական առեւտուրը, որ տեղի ունեցաւ յունուար 26-ին` Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի տխրահռչակ նիստին: Ազրպէյճանի եւ միջազգային բեմի վրայ անոր քայլերը առաջնորդող Թուրքիոյ պատուիրած ԵԽԽՎ-ի զեկուցաբերներուն հակահայ բանաձեւերը, հակառակ հայկական կողմի բարձրացուցած համազգային բուռն բողոքին ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յորդորին, փաստօրէն քուէարկութեան դրուեցան եւ ստացան 1=1 կոլի արդիւնք: Այսինքն մերժուեցաւ առաջին բանաձեւը, որ կը կոչուէր «Բռնութեան աճը` Արցախի եւ Ազրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներէն ներս», եւ որոշ «բարեփոխումներով» ընդունուեցաւ երկրորդը, որ կը կոչուէր` «Կանխամտածուած կերպով ջուրէ կը զրկուին Ազրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները»:

Անշուշտ զուտ մեքենական` մակերեսային գնահատում է, որ Ազրպէյճան եւ հայկական կողմը մէկ հաւասար արդիւնքով դուրս եկան ԵԽԽՎ-ի դիւանագիտական կռուի դաշտէն:

Կասկածէ վեր է, որ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա յաղթանակ տարին: Ոչ միայն այն առումով, որ Սարսանգի ջրամբարին ջուրերը Ազրպէյճանին մատչելի դարձնելու եւրոպական պահանջը նուիրագործեցին, այլեւ ընդհանրապէս Եւրոպայի խորհուրդի մակարդակով միջազգային շրջանառութեան մէջ դրին Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան մաշած ու սնամէջ այն յանկերգները, ըստ որոնց`

– Իբր թէ ԵԱՀԿ-ի միջնորդական առաքելութիւնը ձախողած է եւ պէտք է գտնել աւելի ազդու միջազգային բեմեր:

– Իբր թէ հայերը գրաւած են Ազրպէյճանի պատկանող տարածքներ եւ հոն բռնութիւն կը գործադրեն, ինչը ներկայիս աճ կ՛արձանագրէ:

– Իբր թէ մարդասիրական իմաստով հայերը կը ճնշեն ազրպէյճանցիներուն վրայ (օրինակ` Սարսանգի ջրամբարին միջոցով ջուրէ կը զրկենք եղեր Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջանները): Անշուշտ հայկական կողմը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Եւրոպայի տարածքին գործող ՀՀ դեսպանութեանց եւ Հայ դատի յանձնախումբերու համագործակցութեամբ, արժանի հակահարուած տուաւ Ազրպէյճան-Թուրքիա դիւանագիտական գրոհին: Հայկական զօրաշարժին շնորհիւ հնարաւոր եղաւ վիժեցնել ուղղակի քաղաքական բնոյթ կրող հակահայ առաջին բանաձեւը, իսկ մարդասիրական քողի տակ թաքնուած երկրորդ բանաձեւը, որ ի վերջոյ որդեգրուեցաւ, ենթարկուեցաւ տարրական բարեփոխման եւ անկէ դուրս հանուեցան քաղաքական խորքով յղումները` ի նպաստ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, կամ` ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախ պետութեան իրաւավիճակին:

Փաստը սակայն կը մնայ այն, որ Ազրպէյճան յաջողեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի օրակարգին վրայ բերել եւ«օրինականութիւն» ապահովել հակահայ իր քաղաքականութեան դիւանագիտական խաղաթուղթերուն:

Ազրպէյճանի գրոհը սկսած էր տարիներ առաջ եւ անոր յաղթանակը ոչ թէ յունուար 26-ին արձանագրուեցաւ, այլ արդէն քայլ առ քայլ նուաճուած էր մինչ այդ` հայկական կողմին թոյլատրած անտարբերութենէն կամ թուլութենէն օգտուելով:

Ինչպէս որ հայկական կողմէն այս օրերուն հնչող մեկնաբանութիւնները կ՛ընդգծեն, ԵԽԽՎ-ի յունուար 26-ի նիստին մասնակից եւ քուէարկող պատգամաւորներէն շատեր նոյնիսկ տեղեակ չէին, թէ ճիշդ ի՞նչ կը քուէարկէին…

Մեր մեղքով էր բնականաբար, որ անցեալ դեկտեմբերէն առաջ անհրաժեշտ ահազանգով շարժման մէջ դրած չէինք մեր ուժերը, որպէսզի կանխենք զեկուցաբերներուն եւ համապատասխան յանձնաժողովներու անդամներուն մօտ  Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տարած… հակահայ քարոզչութիւնը:

Նոյնպէս գաղտնիք չէ այլեւս, որ Ազրպէյճան իր հարուստ քսակը լայն բացած էր, որպէսզի ուղղակի կաշառէ ոչ միայն ԵԽԽՎ-ի զոյգ զեկուցաբերները, ոչ միայն Եւրոպական խորհուրդի պատասխանատու շրջանակները, այլեւ նոյնինքն` յունուար 26-ի նիստին մասնակիցները:

Աւելի՛ն. յունուար 26-ի ազրպէյճանական յաղթանակին գինը վճարեց նոյնինքն Եւրոպան, որուն խորհրդարանական պատգամաւորներէն շատեր ծախու հանեցին իրենց երկրին թէ ամբողջ Եւրոպայի քաղաքական վարկն ու արժէքը` իբրեւ իրաւունքի եւ արդարութեան, իբրեւ ազատութեանց եւ օրէնքի տարածաշրջանի:

Յատկապէս Յունաստանի մեր օրինակով կրնանք վկայել, թէ ազրպէյճանական կազի «հմայք»-ին չկրցան դիմադրել Տորա Պաքոյանիի պէս քաղաքական դէմքեր, որոնք մինչեւ իսկ իրենց հայ ընտրողներէն ծածուկ պահեցին ազրպէյճանական խայծը կուլ տալու իրենց… ախորժակը:

Յամենայն դէպս, յունուար 26-ին հայկական կողմը քաղեց արդիւնքը միամսեայ իր բուռն զօրաշարժին` ի խնդիր հակահայ զոյգ բանաձեւերու ձախողեցման:

Թէեւ ի վիճակի չեղանք արգելակելու հակահայ զոյգ բանաձեւերուն ԵԽԽՎ-ի օրակարգին վրայ գալը, բայց փաստօրէն յաջողեցանք հայկական տեսակէտին ունկնդիր ու կողմնակից գտնել` ե՛ւ Հայաստանի պետական դիւանագիտական կապերով, ե՛ւ մանաւանդ Հայ դատի յանձնախումբերուն ձեռնարկած քաղաքական-յարաբերական լայն շփումներով, ինչպէս եւ` կազմակերպած ծաւալուն ստորագրահաւաքով:

Հայկական զօրաշարժին ընկրկումի թէ յաջողութեան այս դասերը ուղեցոյց պէտք է ծառայեն մեր պայքարի հետագայ յաղթարշաւին համար:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>